Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2023-էն Ետք Բացուող Պատուհաններ

Սեպտեմբեր 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի 44-օրեայ պատերազմի չորրորդ տարելիցի նշումը կը համընկնի Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումին եւ ամբողջական հայաթափումի առաջին տարելիցին: Փաստօրէն 44-օրեայ պատերազմը սկիզբն էր այն գործընթացին, որ պիտի աւարտէր Արցախի մէջ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական արարքներով:

Պատերազմական գործողութիւններ, ռազմական յանցագործութիւններ, շրջափակում, ցեղասպանական արարքներ իրենց նախադէպերը ունեցած էին պատերազմի տարբեր արարներուն ընթացքին: Արցախը, սակայն, իբրեւ հանրապետութիւն եւ ժողովուրդ, ծառացած էր այդ բոլորին դէմ եւ կանգուն մնացած` Ազրպէյճանի կիրարկած ամէն տեսակի բնաջնջման ահաբեկչական քաղաքականութեան դէմ:

Արցախի ամբողջական հայաթափումն էր, որ բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ այս բոլորին մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին եւ տակաւին չեն ուզեր ըմբռնել, որ Արցախի կորուստը հիմնական սպառնալիք է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան եւ նախաբանն է դէպի Սիւնիք վերահսկողութիւն հաստատելու թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի առաջադրանքին:

Պաքուն հիմա կ՛ուզէ ամրագրել այն, ինչ որ ձեռք ձգած է սեպտեմբեր 2023-ին: Այլ խօսքով`

1.- Լուծարուած համարել Արցախի հանրապետութիւնը,

2.- Բացառել հաւաքական վերադարձի իրաւունքը,

3.- Աղուանական համարել Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը,

4.- Միջազգային հանրութեան մօտ արձանագրել Արցախի հակամարտութեան լուծուած ըլլալու փաստը:

Արցախի Հանրապետութեան վերջին նախագահը յայտարարեց, որ իրաւական հիմք չունի Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարուած համարելու իր կողմէ ստորագրուած հրամանագիրը: Ազրպէյճանի այս պահանջին ընդառաջ կ՛երթան պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչները ոչ միայն ընդդիմանալով Արցախի պետական կառոյցներու գործունէութեան Հայաստանի մէջ շարունակութեան, այլ նաեւ` յայտարարելով, որ գոյութիւն չունին Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր ներկայացուցչութիւնը:

Պաքուն ի՛ր կողմէ ճշդուած կանոններով միայն կը պայմանաւորէ Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ: Ան լաւ կը գիտակցի, որ բռնատեղահանուած ժողովուրդին Հայաստան կեցութիւնը ամենանպաստաւոր ենթահողն է հաւաքական վերադարձի գործնականացման: Պաքուն անհանգիստ է, որ այս հարցը հետզհետէ կը վերածուի միջազգային օրէնքի, եւ պետութիւններ կը համալրեն Արցախի ժողովուրդի վերադարձը պահանջող երկիրներու ցանկը: Այս իրաւունքի միջազգայնացումը աշխարահաքաղաքական շարժառիթներ ունի: Վերադարձը ինքնին կը պայմանաւորուի անվտանգութեան երաշխիքներու տեղակայումով, որ իր հերթին կը կապուի տարածաշրջանին մէջ ռուսական գործօնի հակակշռումով եւ միջազգային երաշխաւորութեան ապահովման առաջադրանքներով: Ուրեմն, անկախ հայկական գործօնէն, կայ աշխարհաքաղաքական նախադրեալ` Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ գործընթաց սկսելու: Կը թուի, որ այս մօտեցումէն հեռու են Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք պարտականութիւնը պէտք էր ունենային վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրակարգ բերելու:

Եթէ Հայաստանի վարչակարգի ներկայացուցիչները պիտի չուզեն Արցախի իրաւունքներու վերականգնումը օրակարգաւորել, ապա հոգեւոր, հասարակական եւ մշակութային համահայկական հարթակները Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման նպատակով միջազգային կազմակերութիւններու մօտ  աշխատանքը հետապնդելու հրամայականին առջեւ են: Չկայ զուտ մշակութային օրակարգ: Կայ մշակութային քաղաքականութիւն եւ, այո՛, աշխարհաքաղաքականութիւն: Չի բացառուիր մեր հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու մօտեցումներու միջազգայնացումը` իբրեւ գործիք տարածաշրջան թափանցելու կամ այլ բեւեռային գործօն հակակշռելու:

Վերջապէս, Ազրպէյճանի համար մղձաւանջային խնդիր է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի առկայութիւնը: Ամէն առիթի, նախապայմանային կարգով, Պաքուն կը պահանջէ Երեւանէն համատեղ դիմում ներկայացնել չեղարկելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լիազօրութիւնը: Եթէ կան Մինսքի խումբն ու անոր եռանախագահութիւնը, ուրեմն միջազգային հանրութեան համար չէ լուծուած արցախեան հակամարտութիւնը: Աւելի՛ն. կը շարունակէ սեղանի վրայ մնալ ինքնորոշման իրաւունքը:

Սեպտեմբերի աւարտը` թէ՛ 2020-ով եւ թէ՛ 2023-ով, տխուր էջերը կը կազմէ մեր ժամանակակից պատմութեան: Այդ թուականները, սակայն, դասեր կը փոխանցեն հայկական կողմին. նախ` ելքեր ու պատուհաններ գտնել` դուրս գալու համար փակուղային վիճակէն, բայց մանաւանդ` նպատակաուղղուած աշխատիլ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կտրուածքներով:

 

Նախորդը

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակում

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 173-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?