Ամերիկեան դիւանագիտութեան կողմէ Լիբանանի մէջ հրադադար հաստատելու, եւ աւելի՛ն` հեռահար կտրուածքով դէպի խաղաղութիւն գործընթաց ապահովելու առումով շրջանառութեան մէջ է 11 կէտերէ բաղկացած համաձայնագիրի նախագիծ մը: Վերջնագիծը` Իսրայէլ-Լիբանան սահմանագծումն է:
Ուշագրաւը այն է, որ միեւնոյն պատուիրակը, որ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ կը վարէր խնդրոյ առարկայ կողմերուն հետ ծովային սահմանագծումը իրականացնելու, այժմ փաթեթային նախագիծ կը ներկայացնէ նոյն երկիրներուն մէջ ցամաքային սահմանագծումը իրականացնելու համար:
Մինչեւ 11-րդ կէտ հասնիլը սակայն կան թնճուկային հանգոյցներ: Հըզպալլայի ուժերու յետքաշում Լիթանիի հիւսիսային հատուած, իսրայէլեան ուժերու նահանջ «Կապոյտ գիծ»-էն անդին, լիբանանեան բանակի 8.000 զինուորներով համալրում եւ տեղակայում հարաւային շրջան, բանակի հզօրացման նպատակով միջազգային համաժողով, ինչ որ կ՛ենթադրէ միջազգային օժանդակութիւններու յանձնառութիւն, ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւններու ընդլայնում եւ լիբանանեան բանակի հետ համակարգումի մեքենականութիւններու ճշդում, Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա միացեալ վերահսկողական յանձնախումբի կազմութիւն, բանակին կողմէ Լիբանան-Սուրիա ցամաքային ճանապարհներու, օդակայանի, նաւահանգիստի վերահսկողութիւն:
Նկատելի է, որ ըստ էութեան 1701-ի կէտերն են այստեղ ներառուած, որոշ յաւելումներով: Իսրայէլ չէր բաւարարուած 1701-ով: Ամերիկացի պատուիրակը Պէյրութի մէջ կը յայտարարէր, որ ոչ թէ 1701-ի բովանդակութեան վրայ բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան, այլ անոր գործադրութեան եղանակներուն` աւելցնելով, որ կողմերուն կառչածութիւնը բաւարար չէ 1701-ը գործադրելու համար: Խօսքը անշուշտ Հըզպալլային մասին էր: Խնամքով անուշադրութեան կը մատնուէր այն, որ կողմերէն Պէյրութը 1701-ին կառչած կը մնար, մինչ Թել Աւիւը կ՛առաջադրէր նորացուած 1701 կամ 1701+:
Հիմա, խորքին մէջ նորացուած տարբերակն է, որ կը կազմէ առանցքը ամերիկեան դիւանագիտութեան նախագիծին: Միացեալ յանձնախումբը կամ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչները, որոնց հիմնական գործառոյթը պիտի ըլլայ ընդհանուր վերահսկողութիւնը, 1701-ի կէտերը համալրելու բաց պատուհաններ կ՛ունենայ անպայման:
Իսրայէլը երաշխիքներ կ՛ուզէ իր սահմանային բնակավայրերու անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Ամերիկեան նախագիծին մէջ կան համալրուած եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ հզօրացուելիք լիբանանեան բանակ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ընդլայնուած լիազօրութիւններ ու գործառոյթներ ունեցող ուժեր եւ արեւմտեան չորս երկիրներու համակարգումով ընդհանուր վերահսկողութեան մեքանիզմ:
Նոյնիսկ այս երաշխիքները բաւարար չեն թուիր Իսրայէլի համար, որ իր համաձայնութիւնը կ՛ուշացնէ, կը ձգձգէ, Կազան Լիբանանի թղթածրարին կը կապէ, կը տարանջատէ, վերստին կ՛աղերսէ եւ փաթեթային համաձայնութեան մասին կը խօսի:
Մինչեւ բանակցութիւններու մեկնարկ կամ զինադուլ, իսրայէլեան ռազմական վարքագիծը յստակ է: Չէզոքացնել Համասի եւ այս պարագային Հըզպալլայի զինուորական համակարգը ամբողջովին: Յայտնաբար միջազգային երաշխիքները սահմանները վերահսկելու առումով եւս չեն բաւարարեր Թել Աւիւը, որ առաջադրանք ունի Լիբանանի թէ՛ ցամաքը, թէ՛ ծովը եւ թէ՛ օդը ամբողջովին վերահսկելու:
Քաղաքական տրամաբանութեամբ Ուաշինկթընը պիտի ուզէ, որ մինչեւ 5 նոյեմբեր ամերիկեան վարչարարութիւնը յաջողի զինադուլ հաստատել երկու ուղղութեամբ: Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա իսրայէլեան մերժումը պիտի նկատենք ամերիկեան պահանջներուն հակադրութիւն: Ինչ որ նուազ հաւանական է: Եթէ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կ՛ընթանայ Իսրայէլ-Իրան փոխադարձ հարուածներու շրջագիծի, թիրախներու եւ տարողութեան ճշդումը, ապա պէտք է մտածել, որ Ուաշինկթընը կը յաջողի ապահովել թէկուզ ժամանակաւոր հրադադարի առարկայացումը:
Շարունակենք տրամաբանութիւնը եւ պահ մը ընդունինք 5 նոյեմբերի նախօրէին բեկումնային պահ ստեղծելու ներամերիկեան նշանակութիւնը: Այդ պարագային ուրեմն նաեւ` բախումներու սաստկացումը, նախքան դիւրաբեկ կամ ժամանակաւոր խիստ թէական հրադադարի մը հաստատումը:
«Ա.»