Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Փոխ-Հակադարձութեան Ենթադրեալ Հետեւանքներ

Հոկտեմբեր 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այթօ գիւղին վրայ Իսրայէլի օդային յարձակումը հարցականներու տարափ յառաջացուցած է: Ռազմական գործողութիւններու աշխարհագրութեան մէջ նոր տարածք է Զղարթայի շրջանը: Հարաւէն, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն, Պէյրութէն, Հերմելէն, Պաալպեքէն, Պեքաայէն, Քեսըրուանէն ետք Զղարթան տակաւին պատասխան չունի թիրախավայրի առումով: Մանաւանդ, որ այնտեղ Հըզպալլայի որեւէ դէմք չէ եղած, եւ Թել Աւիւի պնդումները, թէ սպաննուած է Հըզպալլայի ղեկավարներէն մէկը, կը շարունակեն մնալ խիստ տարակուսելի: Զղարթայով, հարաւէն-հիւսիս ամբողջ Լիբանանը կը վերածուի իսրայէլեան յարձակումներու թիրախագօտիի եւ կ՛իմաստազրկուի այն «ապահովագրումը», որ պատերազմը Հըզպալլայի դէմ ուղղուած է, եւ քաղաքացիները կամ Հըզպալլայի հետ կապ չունեցող կեդրոններն ու ենթակառոյցները թիրախաւորուած չեն: Զղարթան իր շարունակութիւնը կրնայ ունենալ, թէկուզ այլ աշխարհագրութեամբ:

Այս սաստկացումը կրնայ մեկնաբանուիլ Իսրայէլի ստացած ծանր հարուածներով: Եթէ պատասխան է անիկա այդ բոլորին, ուրեմն Զղարթան պարզապէս ստորակէտ է ընդհանուր շարադրանքին մէջ: Արդարեւ, Թել Աւիւ կը խոստանայ խիստ հակադարձել:

Մինչեւ հիմա իրականացուած ռազմական գործողութիւններուն մէջ կարելի է նկատել աշխարհագրութեան առընթեր նաեւ թիրախային փոփոխութիւն:  Հըզպալլայի ռազմակէտերէն զատ թիրախ են նաեւ պաղեստինեան կազմակերպութիւններու ղեկավարները:

Հարաւային արուարձաններու ուղղութեամբ յարձակումներու համեմատական մեղմացումը մտածել կու տար, որ մարտերը  կը կեդրոնանան ցամաքայինին վրայ, մանաւանդ որ Իսրայէլ առաջադրած էր սահմանափակ, տեղայնական, ապա կեդրոնացած եւ որոշակի  ներխուժման գործողութիւններ:

Ահաւասիկ քանի շաբաթէ ի վեր այդ առաջադրանքը չէ կատարուած, եւ Հըզպալլան կը շարունակէ դիմադրել: Իսրայէլ անվերջ կը թարմացնէ իր բանակի տուժածներու ցանկը: Այս առումով նկատելին այն է, որ ցամաքային մարտերը չեն վերապահուած միայն սահմանին: Հըզպալլան կը հարուածէ Հայֆան, Թել Աւիւը: Հըզպալլայի հրթիռները փաստօրէն ճեղքած են իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը եւ հարուածած «Պենիամինա» ռազմակայանը:

Իսրայէլեան հակադարձութեան սպառնալիքը միայն Լիբանանի ուղղութեամբ չէ անշուշտ: Տակաւին Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու Իսրայէլի վարչապետը կ՛արծարծեն Իրանի հրթիռակոծումներուն պատասխանելու չափն ու տարողութիւնը: Երէկ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին վերապահուած էր տեղեկութիւն հրապարակելու գործառոյթը առ այն, որ գոյացած է պայմանաւորուածութիւն Իրանի հիւլէական եւ վառելանիւթի կեդրոնները չհարուածելու: Ըստ նոյն աղբիւրին, թիրախ են զինուորական կեդրոններ:

Պարզ է, որ անտեղիտալի է Իսրայէլը` ներխուժումով անվտանգային գօտի ստեղծելու իր ռազմական առաջադրանքին մէջ: Այդ առաջադրանքի կատարողականութեան երկարատեւութիւնը սակայն կ՛ենթադրէ իսրայէլեան դժգոհութիւններու ալիքի բարձրացում: Այդ դժգոհութիւնները, որոնք Կազայի պատերազմին առիթով բարձրացած էին, այսօր չկան: Վաղը կրնան վերսկսիլ, եթէ Իսրայէլի տարբեր շրջաններ շարունակուին հարուածուիլ: Աշխարհագրութեան ընդլայնումը միակողմանի չէ փաստօրէն:

Իւրաքանչիւր կողմի պարագային ներհասարակական դժգոհութիւններ ստեղծելը պատերազմի կանոն է եւ առաջադրանք: Զղարթայի գործողութիւնը նաեւ ա՛յդ նպատակը կրնայ հետապնդած ըլլալ: Զոհերը հիմնականին մէջ գաղթականներ են: Այս օրինակը գաղթականները վտանգ եւ թիրախ նկատելու կարծրատիպը կ՛ամրացնէ եւ մարդասիրական հանդուրժողականութիւնը կը վերածէ մարդկային պաշտպանութեան մերժումի: Այս պարագային` միջհամայնքային լարուածութեան: Այս տրամաբանութեամբ ալ Զղարթան պարզապէս ստորակէտ է եւ կրնայ շարունակութիւն ենթարկել:

Գործողութիւնները հայելային են եւ հակադարձութեան կարգ ունին: Երկարատեւութիւնը իսրայէլեան դաշտին մէջ բողոքներու նոր դուռ կրնայ բանալ:

«Ա.»

Նախորդը

Հըզպալլա Թել Աւիւի Արուարձանները Թիրախաւորեց Եւ Վար Առաւ Իսրայէլեան «Հերմեզ 450» Մը

Յաջորդը

Այրուող Այգեստան՝ Միջին Արեւելքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?