Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Որպէսզի Իմաստաւորուի Բանակին Տրուելիք Նոր Առաքելութիւնը

Հոկտեմբեր 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզի միջազգային ժողովէն բխած յայտարարութիւններուն առանցքային բաժինները եթէ լոյսին բերուին, ապա կը ձեւաւորուին քանի մը առաջադրանքներ, որոնք միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումներուն ուղղութեամբ ուղենիշ կարելի է նկատել:

Առաջինը Միացեալ Նահանգներու բացակայութիւնն է ժողովէն: Պարզ է, որ քննադատական բաժին պիտի ըլլար իսրայէլեան յարձակումներուն: Փաստօրէն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը չէ վարանած նոյնիսկ ռազմական ոճիր անուանելու իսրայէլեան յարձակումները: Այլ խնդիր, որ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն պաշտօնը զբաղեցնող անձնաւորութեան նման գնահատական տալը օդին մէջ մնալու համոզում կը փոխանցէ, նախկին որոշումներու, դատապարտանքներու, մեղադրանքներու խստութեան զուտ յայտարարողական էութիւնը նկատի ունենալով: Միացեալ Նահանգներ նախատեսած են, նոյնիսկ կրնան արտօնած ըլլալ, որ նման որակումներ կատարուին Թել Աւիւի հասցէին, իր բացակայութեան: Բացակայութիւնը կարելի է  պարզաբանել Ուաշինկթընի ստանձնած միջնորդի դերով: Բոլոր այն երկիրները, որոնք կը միջնորդեն, կ՛երթեւեկեն միջինարեւելեան երկիրներ, կը խօսին հրադադարի եւ խաղաղութեան մասին, պարզապէս կցորդներ են հիմնական միջնորդին: Գլխաւոր միջնորդը ուրեմն պէտք էր բացակայէր այս հաւաքէն, շարունակէր մնալ անկողմնակալ, արդարացնէր Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, թելադրէր տարածաշրջանային պատերազմի չվերածելու թէ՛ Կազան եւ թէ՛ Լիբանանը եւ ապա խօսէր 1701-ի գործադրութիւնը խոչընդոտող տարրին մասին:

Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կամ միջազգային ընտանիքի ընդհանրապէս բացայայտած դիրքորոշումներուն միջեւ կան յայտարարողական տարբերութիւններ: Առաջադրուած գործնական բաժինն է, որ կը զգացնէ ընդհանուր համաձայնութեան մը մասին:

Այս առումով սկզբունքայնօրէն որեւէ կերպ մերժելի չեն բանակին տրուելիք նոր դերակատարութեան, անոր վերատեղակայման, հզօրացման, բանակի շարքերուն համալրման եւ բանակին տրուելիք օժանդակութիւններուն ուղղութեամբ կայացուած որոշումները: Բանակը ի վերջոյ երկրի գերիշխանութեան գլխաւոր երաշխիքն է, եւ իբրեւ այդպիսին անոր հզօրացումը երկրի անկախութեան, ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան ուժեղացումը կ՛ենթադրէ:

Սակայն գերիշխանութիւնը, նաեւ իսրայէլեան ոտնձգութիւններու արգելակումն է, ներխուժուած եւ գրաւուած տարածքներէն հեռացումն է եւ ցամաքի, ծովու եւ օդի զուտ լիբանանեան վերահսկողութիւնն է: Գործնականին մէջ չեն ճշդուիր նաեւ ա՛յս ուղղութիւնները: Լիբանանեան բանակի դերակատարութեան վերակայացումը քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ կ՛ընկալուի Հըզպալլայի զինեալ գործունէութեան ամբողջական չէզոքացումով եւ Հըզպալլայի ձգելիք բացի լրացումով:

Ըստ խորհրդաժողովին մասնակից պատուիրակութիւններուն ուղարկուած շրջագծային փաստաթուղթին, խորհրդաժողովին նպատակն է շեշտել կարեւորութիւնը դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները` հիմնուելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2006 թուականին որդեգրած թիւ 1701 որոշումին վրայ, որ կոչ կ՛ուղղէ հարաւային Լիբանանը Լիբանանի պետութեան զինեալ ուժերէն բացի այլ ուժերէ կամ զէնքերէ դատարկելու: 1701-ը սակայն միայն այլ ուժերու զինաթափումը չէ: Իսրայէլեան բոլոր ոտնձգութիւններուն անմիջական դադրեցումն է եւ արգելակումը: Ինչ որ կը մղէ Իսրայէլը 1701-ը վերաշարադրելու պահանջին:

Սկզբունքային, օրինական եւ իրաւաչափ պահանջ է բանակին վերակայացումն ու վերատեղակայումը սահմանին: Անիկա  սակայն անարդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ ծառայէ միայն Հըզպալլայի զինուորական լուծարումին: Առանց Իսրայէլի զսպումին եւ հնչող դատապարտանքներուն հետեւելիք պատժական միջոցներու կիրարկման, բանակին տրուելիք դերը կ՛ընկալուի իբրեւ զուտ Հըզպալլայի զինուորական չէզոքացումի քաղաքական նպատակ:

«Այժմ լիբանանեան բանակը աւելի քան երբեւէ մեծ առաքելութիւն մը ունի կատարելիք», հաստատած է Փարիզի ժողովը նախագահող Ֆրանսայի նախագահը:

Ճի՛շդ է, որ բանակը` իբրեւ երկրին պաշտպանական օրինական համակարգ եւ պետական հաստատութիւն ունի՛ այդ առաքելութիւնը կատարելու թէ՛ իրաւունքը եւ թէ՛ պարտականութիւնը: Այդ առաքելութեան կատարումը սակայն  պայմանաւորուած է երկրի անվտանգութեան միակ ու բացարձակ վերահսկողի հանգամանքներով: Իսրայէլը ո՛չ ցամաքին, ո՛չ ծովուն եւ ո՛չ ալ օդին վերահսկելու յաւակնութիւնը եւ իրաւունքը պէտք է ունենայ: Այս զուգահեռ հակակշիռները նոյնքան կարեւոր են բանակի ազդեցիկութեան հզօրացման համար:

«Ա.»

Նախորդը

Իսրայէլ Լրագրողներու Կեցութեան Վայրին Վրայ Յարձակում Գործելով 3 Լրագրողներ Սպաննեց Եւ 3 Ուրիշներ Վիրաւորեց

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (26 Հոկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?