Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 5 Քիլոմեթրի Իսրայէլեան Առաջադրանքը

October 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական յայտարարութիւնները, առ այն, որ իսրայէլեան յարձակումները արդարացուած են Հըզպալլայի դէմ, բայց Ուաշինկթընը չ՛ուզեր, որ ամբողջ գիւղերու եւ քաղաքներու քանդումներ իրականանան, կը բնորոշէ ընդհանուր շրջածիրը պատերազմական գործողութիւններու:

Ուաշինկթընի յորդորին առաջին մասը Իսրայէլ կ՛իրականացնէ անխնայ: Յորդորին երկրորդ բաժինը սակայն կ՛անտեսուի: Նոյն անխնայնութեամբ կը հարթեցուին գիւղեր, քաղաքներ, թաղեր:

Այս ելակէտով ալ կը հետեւցուի, որ Ուաշինկթընի հրապարակած յորդորը կամ կոչը պարտադրողական չէ: Միացեալ Նահանգները յայտնաբար համաձայնութիւն տուած են, որ հարաւի մէջ համահարթեցուի որոշ տարածք:

Այդ որոշ տարածքը եթէ փորձենք աշխարհագրականօրէն ընկալել, ապա պիտի մտաբերենք 5 քիլոմեթրի առաջադրանքը, որ Թել Աւիւի կողմէ կը թիրախաւորուի: Այդ գօտիին համար ալ Իսրայէլ կը հակադրուի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն:

5 քիլոմեթրին համար է, որ ոչ միայն բնակավայրերու համահարթեցումներ կը կատարուին, այլ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ը կը հարուածուի տարբեր առիթներով:

5 քիլոմեթրին համար ՖԻՆԻՒԼ-էն կը պահանջուի զօրքերու նահանջ: ՖԻՆԻՒԼ-ը կը հակադարձէ` ըսելով, որ մտադիր չեն ուժերը տեղաշարժել: Յարձակումը կը կրկնուի միջազգային ուժերուն դէմ:

Փորձենք հետեւիլ դէպքերու յաջորդականութեան: ՖԻՆԻՒԼ կը յայտարարէ, որ խաղաղապահ առաքելութենէն պէտք է նախապատրաստուիլ անցնելու ինքնապաշտպանութեան գործառոյթի: Այս ինքնին կը նշանակէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը իր դիրքերը պատրաստ չէ զիջելու Իսրայէլին:

Հիմա դարձեալ վերադառնանք Միացեալ Նահանգներու յայտարարութեան: Յայտնապէս Միացեալ Նահանգներ սատար չեն կանգնիր ՄԱԿ-ի ուժերուն: Իրենց յորդորներուն մէջ ՄԱԿ-ը չի յիշուիր եւ չի պահանջուիր Իսրայէլէն չհարուածել կամ ՄԱԿ-ի ուժերու նահանջ չպահանջել: Միջազգային որոշումները, կոչերը, որոնք արդէն օդին մէջ մնացած ըլլալու փաստը կ՛արձանագրեն, այս պարագային նաեւ գետնի վրայ կը հարուածուին եւ համարժէք զօրակցութեան կամ ազդարարութիւններու չեն արժանանար:

Հակամարտութիւնը նոր ուղղութիւն կը ներառէ: Իսրայէլ-Հըզպալլա մարտերուն կ՛աւելնայ Իսրայէլ-ՄԱԿ-ի ուժեր հակադրութիւնը:

Այս բոլորը կը նախապատրաստուէին նաեւ դիւանագիտական մակարդակի վրայ, երբ Իսրայէլ կը պահանջէր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հրաժարականը եւ աւելի ուշ զինք կը նկատէր անցանկալի անձնաւորութիւն: Հիմա դիւանագիտականէն զինուորական հարթութիւն անցում կը կատարուի:

Իսրայէլի պահանջը ուղղուած է թէ՛ Հըզպալլային եւ թէ՛ ՖԻՆԻՒԼ-ին: Երկու միաւորներուն ուժերը նահանջել: Հըզպալլան 10 քիլոմեթր հեռանայ, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ը` 5: Արդիւնքը, ներկայ պայմաններուն մէջ ՄԱԿ-ի եւ Հըզպալլայի միաժամանակեայ թիրախաւորումն է, այլ խօսքով` այդ երկուքին նոյն խրամատաւորումը կամ իսրայէլեան հայեցակէտով 5 քիլոմեթրի առաջադրանքի առարկայացումը:

Իտալիոյ վարչապետին այցելութիւնը Պէյրութ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործադրուող յարձակումներուն եւ անոր նահանջը արգելակելու սկզբունքին հետ կապուած է սերտօրէն: Իտալիան ստանձնած է հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ուժերու հրամանատարութիւնը:

Բնակավայրերու համահարթեցումը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու դիրքերու պահպանման կամ լիբանանեան բանակի տեղակայման հետ կապ չունի: Ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

5 քիլոմեթրի ձեւաւորման համար պէտք է հարթեցնել բնակավայրերը, կանխարգիլել բնակիչներու վերադարձը եւ իսրայէլեան ուժերու ներխուժումով սահմանագծել անվտանգութեան գօտին: Այս ծրագիրով կը բացատրուին հարաւային Լիբանանի ցամաքային յարձակումները: Այնտեղ մարտերը ունին այլ փիլիսոփայութիւն եւ չեն բաւարարուիր թիրախայինով, Հըզպալլայի պատասխանատուներու կամ կեդրոններու չէզոքացումներով:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւնը յաւելեալ քանի մը շաբաթ պիտի տեւէ: Ժամկէտի այս հրապարակումը, վերը նշուած հանգամանքները եթէ ընդունինք, կը նշանակէ, որ առաջադրուած 5 քիլոմեթրի համահարթեցումը տակաւին քանի մը շաբաթ կը պահանջէ: Այդ տրամաբանութեամբ ալ 5 քիլոմեթր խորանալէ ետք է միայն, որ հրադադարի շուրջ խօսակցութիւնները կը սկսին:

«Ա.»

Նախորդը

Հըզպալլա. «Թշնամիին Հետ Ճակատումի Նոր Ու Մագլցողական Փուլի Անցանք»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 176-ի Լուծում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.