Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պատերազմ Եւ Միջուկային Դիւանագիտութիւն

Սեպտեմբեր 26, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմական  գործողութիւնները նոր շրջափուլի նախադրեալները կը պարզեն: Այդ ազդանշանը տրուեցաւ «Փէյճըր»-ներու եւ հաղորդակցութեան անթել միջոցներու հաւաքական պայթումներով, ուր փաստուեցաւ արհեստագիտութեան լիարժէք օգտագործման, թափանցումի եւ զանգուածային արդիւնք ստանալու մեթոտներու կիրարկումը: Հերթական անգամ համոզում փոխանցելով արդի ռազմագիտութեան նոր կանոններու կամ անոնց արմատական փոփոխութեան իրականութեան վերաբերեալ:

Լիբանանի դէմ տեղի կ՛ունենայ համախառն (հիպրիտային) պատերազմ իր բոլոր ուղղութիւններով եւ միջոցներով` հրթիռակոծում, օդային յարձակում, անօդաչու սարքեր, տեղեկատուական, հոգեբանական, քարոզչական հարթութիւններ եւ ռազմաարհեստագիտութիւն:

Անշուշտ յայտարարուած առաջադրանքները կը շղարշեն գետնի վրայ արձանագրուածը: Թել Աւիւ կը խօսի ինքնապաշտպանութեան, հիւսիսային Իսրայէլի անվտանգութեան վերականգնման, տեղահանուածներու վերադարձի, անվտանգութեան գօտիի ստեղծման, ոչ թէ ժողովուրդը, այլ Հըզպալլան հարուածելու եւ չէզոքացնելու մասին:

Պատերազմական գործողութիւններու աշխարհագրութիւնը ընդլայնուած է: Հարաւային Լիբանանէն դուրս եկած են գործողութիւնները եւ տարածուած ոչ միայն Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, այլ նաեւ Պեքաա, եւ նոյնիսկ Զահլէի եւ Ժիպէյլի յարակից շրջաններ: Այնտեղ, ուր Հըզպալլայի կեդրոնատեղի կայ, կամ իրենց ընկալումով` Հըզպալլայի պատկանող զինամթերք:

Ուշագրաւը այն է, որ երկրորդ ճակատի բռնկումը յաջորդեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութեան, թէ իսրայէլեան ուժերը յաջողած են ոչնչացնել Համասի փապուղիներու կառոյցին 80 առ հարիւրը եւ վերահսկել Ֆիլատելֆիոյ անցքը: Այս կ՛ենթադրէր, որ  գործողութիւնները մօտեցած են աւարտին: Ուրեմն, մէկ ճակատը աւարտելու սեմին կը բռնկէր երկրորդը:

Մինչ այդ սակայն, միջազգային մօտեցում կար Կազան եւ հարաւային Լիբանանը փոխկապակցելու: Այլ խօսքով` Կազայի հրադադարը կրնար տեղի տալ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանագիծի վրայ կայանաիք զինադուլին: Գործընթացները կ՛ընթանային հակառակ ուղղութեամբ: Առաջինը չաւարտած, կը բռնկէր  երկրորդը:

Ի տարբերութիւն Կազայի սակայն, այստեղ հրթիռակոծումները կամ օդային յարձակումները բնակավայրերու կամ քաղաքային ամբողջական քանդումներու արդիւնքներով չեն կատարուիր: Թիրախային-ծաւալային ձեւաչափն է, որ կը կիրարկուի, պատերազմական գործողութիւնները տեղադրելով սահմանափակի եւ համապարփակի արանքին:

Պաշտօնական Պէյրութը  ռազմական յանցագործութիւններով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլը եւ միջազգային ընտանիքէն կ՛ակնկալէ գործադրելու ճնշամիջոցներ` Իսրայէլի յարձակումները դադրեցնելու պահանջներով: Արաբական աշխարհի պետութիւնները որոշ երանգային տարբերութիւններով կը մեղադրեն Իսրայէլը` անմեղ բնակչութենէն զոհեր խլելու յանցանքով: Միջազգային ընտանիքը ՄԱԿ-ի ճամբով կոչեր եւ բանաձեւեր կ՛որդեգրէ Իսրայէլէն պահանջելով կրակի դադրեցում եւ 1967-էն առաջուան կացութեան վերադարձ: Գետնի վրայ սակայն Իսրայէլ անշեղօրէն կը շարունակէ իր վարքագիծը:

Ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչեցին Իրանէն, ինչ որ պատերազմի կարմիր գիծերը պահպանելու մասին կը համոզէ: Թեհրանը յայտարարեց նախ, որ չի ցանկար ամբողջական տարածաշրջանային պատերազմ, սակայն կառչած է ինքնապաշտպանութեան սկզբունքին: Ապա, յայտնեց, որ Հըզպալլան միայնակ չի կրնար դիմակայել Արեւմուտքի աջակցութիւնը վայելող իսրայէլեան յարձակումներուն: Վերջապէս ընդգծեց իր յորդորը Հըզպալլային, թէ յարմար պահը չէ Իսրայէլի դէմ յարձակելու:

Ամերիկեան ռազմանաւերու եւ զինուժի առաքումը շրջան, ուաշինկթընեան մեկնաբանութեամբ զգուշացնել է կողմերը լայնածաւալ պատերազմի չառաջնորդուելու:

Այս առումով դիտարժան կը նկատուի երէկ Պրիւքսելի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը: Խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին մասին` Պորել  նշած է, որ անհրաժեշտ է անյապաղ քայլերու ձեռնարկել հետագայ մագլցողականութենէն խուսափելու համար: Ան շեշտած է միջուկային դիւանագիտութեան վերսկսման անհրաժեշտութիւնը` յայտարարելով, որ պատրաստ են միջուկային գործարքի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու: Պրիւքսելն ու Թեհրանը այս ձեւով կարեւոր նկատած են երկխօսութեամբ աշխարհաքաղաքական խնդիրները լուծելու ընտրանքը:

Միջուկային դիւանագիտութեան վերսկսման հրամայականը կրնայ լոյս սփռել Արեւմուտք-Իրան յարաբերութիւններու նոր փուլի վրայ, ինչ որ իր հերթին` Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցածի հետագայ ընթացքին վրայ:

Պատերազմական այս մթնոլորտին մէջ եւ իսրայէլեան  նոր սանձազերծումներու պայմաններուն մէջ կանխահաս է եզրակացնելը, որ առաջադրուած երկխօսութիւնը կամ հեռանկարային թէական համաձայնութիւնը  ի՛նչ տեսակի հետեւանք կրնայ ունենալ Միջին Արեւելքի վրայ: Ընդ որում` Լիբանանի:

«Ա.»

Նախորդը

Բագրատունի. «Լիբանանը Մեծ Պատերազմի Շեմին Է, Եթէ Իսրայէլի Ձեռքը Չբռնեն` Միջին Արեւելքը Կը Պայթի»

Յաջորդը

«Սասունցի Դաւիթ» Հայկական Հրասայլային Զօրասիւնը Բ. Աշխարհամարտին Սփիւռքահայութեան Դրամահաւաքով Իրականացած Էր Եւ` Յաղթանակներ Ապահոված

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?