Ժամանակաշրջանի մը աւարտով կը բնութագրուի յետնասրալլայական կացութիւնը, եթէ գործընթացները այնպէս ընթանան, որ ռազմաքաղաքական թէ անվտանգային առումներով քաղաքական նոր քարտէսագծում կատարուի Լիբանանի շուրջ եւ Լիբանանի մէջ:
Տարածաշրջանային ուժի վերածուած Հըզպալլան վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Որքան ալ Իրանի արտատարածքային ստորաբաժանումը նկատուի անիկա, այդուհանդերձ յատկապէս ընդհանուր քարտուղարին ունեցած դերակատարութեամբ Լիբանանը չներքաշուեցաւ տարածաշրջանային պատերազմի եւ յատկապէս քաղաքացիական բախումներու մէջ:
Աւելի ընդհանուր դիտարկում մը կրնայ նկատել, որ Լիբանանի գլխաւոր երկու համայնքներու` սիւննի եւ շիի, ամէնէն հիմնական ուժերու դէմքերը չէզոքացուեցան համայնք-քաղաքական ներկայացուածութիւն միաւորի երեւոյթը ջլատելու նպատակը հետապնդելով: Եթէ աշխարհի տարածքին գաղափարաբանութիւններ կրող դասական կուսակցութիւններու նօսրացման երեւոյթն է, որ կը տարածուի, Լիբանանի պարագային համայնքային-քաղաքական միաւորի վերածուած ուժերու դերակատարութիւնը կը հարուածուի, տեղի տալով քաղաքական պարապութեան մը: Սիւննի եւ շիի համայնքներէն առաջ կարելի է տալ օրինակը այս պարագային քրիստոնեայ ուժերու համախմբումին եւ անկէ դէպի համալիբանանեանի անցում կատարելու փորձ կատարող ղեկավարի սպանութեան: Այլ պայմաններու եւ հանգամանքներու մէջ տիւրզիներու թիւ մէկ ներկայացուցիչին ահաբեկման: Շիիներու պարագային անհետացման ճակատագիրին կ՛ենթարկուէր շիիները համախմբելու կարողութիւն ցոյց տուած կրօնաւորը: Ահա այստեղ է, ի տարբերութիւն միւս համայնքներուն, որ համայնքի համախմբուածութիւնը աւելի կազմակերպ եւ ռազմաքաղաքական միաւորի բոլոր ստորոգելիներով տեղական շրջանային ուժի վերածեց Հըզպալլա կուսակցութիւնը, որուն մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ չորս օր առաջ Իսրայէլի կողմէ սպաննուած սէյիտ Նասրալլան:
Իսրայէլեան եւ արեւմտեան քարոզչութիւնը ահաբեկչութեան դասակարգումին տակ տեղադրեց անոր ղեկավարած կուսակցութիւնը: Խնամքով անուշադրութեան մատնուեցաւ այն, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլան պատերազմեցաւ ՏԱՀԷՇ-ի դէմ, պաշտպանեց հարաւային Լիբանանի մէջ ապրող այլ համայնքապատկան բնակչութիւնները, ներլիբանանեան մակարդակի վրայ առաջադրեց երկխօսութիւն, եւ միշտ յորդորեց հեռու մնալու սադրանքներէ եւ ներքին բախումներէ:
Ուշագրաւ է այս օրերուն այն երեւոյթը, որուն համաձայն, քաղաքականօրէն տարակարծիք գտնուող ուժերու ներկայացուցիչներ կը խօսին Նասրալլայի կայունացման գործօն հանդիսացած ըլլալու մասին: Անոնք յայտարարելով հանդերձ, որ համաձայն չէին ռազմաքաղաքական միաւորի գոյութեան, դէպի Իսրայէլ զինուորական գործողութիւններ նախաձեռնելով պատերազմը դէպի Լիբանան տեղափոխելու ընտրանքին, յայտարարեցին, որ Լիբանան կորսնցուց միջհամայնքային համակեցութեան հաւատացող եւ ներլիբանանեան համերաշխութեան կողմնակից հեղինակութիւն մը: Աւելի՛ն. համալիբանանեան պաշտպանողականութեան առումով` ծածկոյթ մը: Ա՛յս վարքագիծն է, որ պէտք է շարունակէ բնորոշել իր ղեկավարած կուսակցութեան քաղաքականութիւնը: Երկխօսութիւնը շարունակելու, հարցերուն քաղաքական լուծում տալու, միաւորուելու եւ արտաքին թշնամիին դիմակայման որոշումներուն եւ անոնց գործնականացման մէջ միասնական մնալու:
Աւելորդ պիտի չըլլար մէկ դիտարկում եւս նշելը: Հըզպալլան գլխաւոր հակառակորդներէն է Իսրայէլի եւ կը նկատուի անոր զսպիչ ուժերէն մէկը: Իսրայէլի գերակայութիւն հաստատելը մեծ հաշուով չի բխիր հայկական շահերէն: Արցախի պատերազմին հայկական կողմը պատերազմեցաւ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ եռեակին դէմ: Ազրպէյճանի հետ ամէն տեսակի գործակցութիւն խորացնող Իսրայէլի հզօրացումը սպառնալիք է մեր հայրենիքին, յատկապէս Ազրպէյճանը սպառազինելու իր աշխուժ դերով: Նասրալլայի մղած պայքարը Իսրայէլի դէմ այս նկատառումները եւս կրնայ ներառել, հայկական ոսպնեակի գործարկման պարագային:
Պարզ է, որ նոր ծրագիրներ կը մշակուին եւ գործի կը դրուին տարածաշրջանին եւ Լիբանանի մէջ: Փոթորկոտ այս շրջանին եւ ռազմագործողութիւններու այս պայմաններուն մէջ, բոլոր ժամանակներէն աւելի, հրամայական է գերզսպուածութիւնը, կայունութեան պահպանումը եւ մերժումը տարբեր շրջանակներէ առաջ մղուող սադրանքներու ներքաշումին:
Կայունացման գործօնի գլխաւոր մղիչ ուժը չէզոքացուած է: Այդ առաքելութիւնը շարունակելու հրամայականին առջեւ է ոչ միայն իր կուսակցութիւնը, այլ նաեւ Լիբանանի քաղաքական ողջ դաշտը: