Ակնարկ. Եւրոպական, Ամերիկեան Եւ Եգիպտական Շեշտադրումներ
Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատար Պորելի Լիբանան այցելութեան հիմնական ուղերձը կ՛ամփոփուի իր հետեւեալ յայտարարութեան մէջ. 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը պէտք է ճամբայ հարթէ դէպի համապարփակ լուծում, ներառեալ ցամաքային սահմանագծումը: 1701-ի արծարծումն ու նախագահական ընտրութեան օրակարգի վերադարձը կ՛ընթանայ զուգահեռ: Հնգեակի վերաշխուժացումը անպայման արդիւնաւորում չ՛ենթադրեր անշուշտ, նկատի ունենալով նախադէպային բոլոր փուլերը: Եգիպտոսի դեսպանը հնգեակին կողմէ բանագնացի դեր կը կատարէ եւ նախագահի ընտրութեան անյետաձգելիութիւնը կը...




















