Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Եւրոպական Միութեան Դիտորդներու Խաղաթուղթը

December 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը թրքական ուժերու Ազրպէյճանէն հեռացման մասին առաջին հայեացքով տարակուսելի կը թուի: Ըստ իրեն, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին Շուշիի հռչակագիրին մէջ կէտ կայ, որ կը նախատեսէ սպառնալիքի եւ յարձակումի պարագային փոխադարձ զինուորական օգնութիւն: Ատիկա թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է` օգնութեան հասնիլ այն պարագային, եթէ այս կամ այն երկիրը բախի արտաքին սպառնալիքի, արտաքին յարձակումի: Ուստի հռչակագիրի այս կէտը, ըստ էութեան, բացարձակապէս աւելորդ կը դարձնէ այս կամ այն տարածքին մէջ մնայուն զինուորական ենթակառոյցներու ստեղծումը:

Այս յայտարարութեան քաղաքական ընթերցումը որեւէ կերպ խնդրոյ առարկայ չի դարձներ «Մէկ ազգ երկու պետութիւն» բանաձեւը որդեգրած թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի ամրութիւնը: Մանաւանդ որ աւելի քան տեսանելի է ազրպէյճանական բանակին ամբողջովին թրքական համակարգի վերածումը: Ազրպէյճանական բանակը քայլ առ քայլ կը վերածուի թրքական բանակի ստորաբաժանումի:

Ալիեւի կողմէ նման յայտարարութիւն մը գրեթէ բացառուած է, որ ինքնուրոյն է: Թրքական կողմին հետ համաձայնեցուած, եթէ ոչ նոյնիսկ անոր կողմէ պատուիրուած:

Նախ եւ առաջ Մոսկուային ուղղուած բաժին կայ անոր մէջ: Ռուսական զօրքերը հեռացան Արցախէն: Թրքական ստորաբաժանումը շարունակեց մնալ Ազրպէյճանի մէջ: Այսինքն` Կովկասի մէջ: Կովկասը դասական իմաստով ռուսական տիրոյթ է, ուր ռուսը կը նահանջէ, թուրքը կը թափանցէ: Ազրպէյճան  դէպի Ռուսիա ձեւական քայլ կ՛առնէ այս ձեւով իր համագործակցութեան հիմքերը վերաամրացնելու առումով, մանաւանդ որ ռուս-թրքական գիծին վրայ կ՛երեւին ճեղքեր եւ հակասութիւններ, մանաւանդ Սուրիոյ մէջ: Միանշանակ այդպէս չէ:

Գլխաւոր ուղերձը այս չէ սակայն: Հիմնականը այն է, որ միաժամանակ նոյն յայտարարութեան մէջ Ազրպէյճանի նախագահը կը խօսի հայկական կողմին հետ կնքուելիք համաձայնագիրի վիճելի կէտերուն մասին: Այնտեղ կայ պահանջ Պաքուէն, որ կ՛ըսէ, թէ սահմանին  միւս կողմը` սահմանին վրայ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ չտեղակայուին:

Հիմա նախ եւ առաջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան չեղեալ նկատուիլն է, որ կը պահանջուի Պաքուէն: Այս ձեւով Պաքուն պիտի ըսէ, որ ինք երրորդ երկրի ուժի պիտի չարտօնէ իր տարածքներուն վրայ ներկայութիւն ըլլալ. նոյնիսկ` Թուրքիոյ: Հետեւաբար Հայաստանը եւս սկսելու համար Եւրոպական Միութեան դիտորդները պէտք է տուն ճամբէ:

Այս ձեւակերպումը սակայն կրնայ ընկալուիլ այնպէս, որ արտատարածքային որեւէ միջանցք ալ պէտք չէ գործէ երկու երկիրներու պարագային: Հիմա Ռուսիոյ յղուած ուղերձը հակառակ ուղղութեամբ է: Նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտով ռուս խաղաղապահները հաղորդուղիներուն վրայ պիտի ունենային վերահսկողական ծառայութիւն: Միջանցքի պայմանը չ՛արծարծուիր, սակայն այնպիսի կէտ առաջ կը քշուի, որ կը բացառէ այլ ուժի ներկայութիւնը այս պարագային Հայաստան -Իրան սահմանին:

Այս ձեւակերպումով կամ այս պայմանով այս անգամ Իրանին ուղերձ կը յղէ Ազրպէյճանը: Նոյն տրամաբանութեան մէջ մնալով թրքական ուժերը չեն կրնար տեղակայուիլ Ազրպէյճանի մէջ, իսկ ռուսականը` Իրանի սահմանին:

Թրքականին չտեղակայուիլը Ազրպէյճանի մէջ այնքան էական նշանակութիւն չունի, եթէ ընդունինք, որ ազրպէյճանական բանակը ածանցեալ ստորաբաժանումի վերածուած է արդէն թրքականին: Մանաւանդ որ Թուրքիոյ նախագահը կը յոխորտար, որ Թուրքիան միայն միջազգայնօրէն իր ճանչցուած տարածքին ամբողջականութեամբ չի յատկանշուիր: Իսկ ռուսականին արգելակումը լուրջ հարուած է Մոսկուայի առաջադրանքին:

Յայտարարութիւնները անպայման չեն համապատասխաներ տեղի ունենալիք քաղաքական գործընթացներուն: Այս յայտարարութիւնը կրնայ միայն Եւրոապական Միութեան դիտորդներու հեռացման ծառայեցուիլ: Մնացեալ հիմնական բաժինները կրնան շատ արագ վերափոխուիլ:

Օրինակ, Թուրքիան կը վերարծարծէ Եւրոապական Միութեան համարկման եւ անդամակցութեան իր առաջադրանքները: Դերերու բաժանումով Ազրպէյճանի պահանջը Թուրքիոյ միջամտութեամբ կրնայ վերափոխուիլ: Իսկ Անգարան այդ պահանջը փոխելու համար Եւրոապական Միութենէն քայլ կ՛ակնկալէ. ապասառեցում դէպի Եւրոապական Միութեան իր համարկման գործընթացին:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՛ողջունէ Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդի Բանաձեւը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (20 Դեկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.