Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարայի Խոստովանանքը Եւ Ռուսիոյ Կրաւորականութիւնը

Դեկտեմբեր 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հարցով Ասթանայի համաձայնութեան երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կը կայանայ այսօր Տոհայի մէջ:

Երեք երաշխաւոր երկիրներէն Թուրքիոյ նախագահը Տոհայի հանդիպումի նախօրեակին հետեւեալ յայտարարութեամբ հանդէս կու գար:

«Իտլիպ,  Համա, Հոմս, եւ նպատակը, ի հարկէ, Դամասկոսն է: Սուրիոյ մէջ ընդդիմութեան երթը կը շարունակուի: Մենք յոյս ունինք, որ  առանց անցանկալի միջադէպերու եւ խնդիրներու այս ընթացքը կը շարունակուի: Մենք դիմած ենք Ասատին` միասին որոշելու Սուրիոյ ապագան: Ցաւօք, այս կոչին դրական պատասխան չեղաւ»:

Ի՞նչ կարելի է հետեւցնել այս յայտարարութենէն: Զինեալներու առաջադրանքը Դամասկոս հասնիլն է: Փաստօրէն առաջին երեք փուլերը նուաճուած են, եւ երթը կ՛ուղղուի դէպի Դամասկոս: Թուրքիոյ նախագահը կը ցանկայ, որ այս երթը առանց միջադէպերու շարունակուի: Այսինքն` կոչ կ՛ընէ Սուրիոյ նախագահին, որ կառավարական ուժերը չդիմադրեն:

Այս կոչը սակայն միայն Սուրիոյ նախագահին ուղղուած չէ: Ասթանայի միւս երկու երաշխաւորող ուժերուն հասցէագրուած է հիմնականին մէջ: Տէր չկանգնելու կառավարական ուժերուն:

Միւս երկու երաշխաւոր ուժերու արձագանգները միանշանակ չեն: Մինչ Իրանը կը շարունակէ սատար կանգնիլ գործող վարչակարգին, Մոսկուան նախ կը յորդորէ իր քաղաքացիներուն հեռանալ Սուրիայէն եւ պարզ կը դարձնէ, որ ռուսական ուժերը պիտի չկռուին պաշտպանելու համար վարչակարգը, այն հիմնաւորումով, որ սուրիական բանակի զօրամասերը իրենք կամովին կը լքեն իրենց դիրքերը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը առ այն, որ չէին ակնկալեր, որ Թուրքիան ներքաշուի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի թակարդը, ուշագրաւ է այս ընդհանուր պարունակին եւ յատկապէս երեք երաշխաւորներու այսօրուան յարաբերութիւններուն մէջ:

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը կը յիշեցնէ մօտիկ անցեալին կատարուած մէկ այլ յայտարարութիւն` «ինչպէս մտանք  Լիպիա, Ղարաբաղ  եւ Սուրիա, այնպէս ալ կը մտնենք Իսրայէլ»: Ասիկա ինքնախոստովանանք էր, որ Արցախի պատերազմը ղեկավարած էր Անգարան: Օրին Պաքուն բողոքեց` ըսելով, որ իրենք մղած են պատերազմը եւ ոչ թէ Թուրքիան:

Թուրքիան անշուշտ Իսրայէլ չի մտներ, պարզապէս կը խստացնէ սպառնալից հռետորաբանութիւնը Թել Աւիւի դէմ. աւելի՛ն, կը համակարգէ իր գործողութիւնները անոր հետ: Իսրայէլը այդ շարքին ներառելը պարզապէս ծխածածկոյթ է:

Հիմա Սուրիոյ ուղղութեամբ կատարուած առաջին ներխուժումին կը յաջորդէ երկրորդը, որուն համար պաշտօնական բացայայտում կը կատարէ Թուրքիան: Տարակուսելին այստեղ ռուսական կրաւորականութիւնն է. աւելի՛ն` «պարտաւոր չենք կռուելու» յայտարարութիւնն է Մոսկուայի կողմէ, որ Ասթանայի մասնակից երկու երկիրներուն միջեւ այլ տեսակի համաձայնութիւն մը կը յուշէ:

Այս բոլոր գործողութիւններուն պատասխանատուն այս յայտարարութեամբ կը նկատուի Սուրիոյ նախագահը, որ չէ ընդառաջած Թուրքիոյ նախագահի երկխօսութեան կոչերուն: Այս պատճառով ալ Թուրքիան դիմած է պատժիչ գործողութիւններու շարքի մը, որուն վերջնական թիրախը Դամասկոսն է:

Կառավարական ուժերու փոխարինումը այլ բաղադրութեամբ ուժերով միայն դէպի Դամասկոս երթի հարթեցում չէ: Դէպի ծովեզերք դուրս գալու նոր կարելիութիւններ կը ստեղծուին այս  ուժերու տեղակայման նոր պատկերով: Իսկ սուրիական ծովեզերքը զուտ ռուսական տիրոյթ կ՛ընկալուի տարածաշրջանին մէջ: Թուրքիոյ նախագահը այդ ուղղութեան չ՛ակնարկեր իր նշած փուլերուն մէջ: Իտլիպ – Համա – Հոմս – Դամասկոս երթուղիի մասին է խօսքը:

Այսօր Տոհայի հանդիպումը կը սկսի Սուրիոյ տարածքներու բոլորովին նոր քարտէսով: Վերագծուող այս քարտէսի շուրջ երեք երաշխաւորները պիտի բանակցին կարենալ յանգելու համար նոր համաձայնութեան: Ասթանան չեղեալ յայտարարուած է ըստ էութեան: Տոհայի ճակատագիրը տակաւին պարզ չէ:

«Ա.»

Նախորդը

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Դէմ Է Կէս Առաւել Մէկ Քուէներով Նախագահի Ընտրութեան»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 182-ի Լուծում

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?