Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական 9 Առցանց Լսարաններէն Արձանագրելի Կէտերը (Բ.)

Դեկտեմբեր 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7«Ազդակ»-ի առցանց մամլոյ լսարանները շարունակուեցան, որոշ ընդհատումներով: Իւրաքանչիւր ամիսը մէկ լսարանի կշռոյթը խանգարուեցաւ պատերազմի պատճառով: Այդուհանդերձ յաջողեցանք կազմակերպել 9 լսարան, փոխան 12-ի:

Չորս լսարան Արցախի նիւթով, երեք` սփիւռքի նիւթով, մէկը` հարաւային Կովկասի եւ մէկը` մշակութային, քննարկումներու նիւթերու ընտրութեան մասին որոշ պատկերացում կը փոխանցեն: Բնականաբար Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի իրաւական եւ քաղաքական ճանապարհները առաջնային օրակարգ կը շարունակեն մնալ մեր թերթին համար:

Միաժամանակ սակայն թէ՛ լսարանի մասնակիցներու եւ թէ՛ լսարանային հարթակի շուրջ համախմբուած դասախօսներու առաջարկով սփիւռքը դարձաւ նաեւ կարեւոր նիւթ, յատկապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ սփիւռքեան դասական կառոյցներուն նկատմամբ որդեգրած անտարբերութեան դիմաց:

Կար ինքզինք զգալի դարձնող մտածում, որ սփիւռքը պէտք է ինքնակազմակերպուի  բոլոր մարզերուն մէջ:  Այս մտածումի քննարկումը տեղ-տեղ բուռն բնոյթ ստացաւ. նոյնիսկ յայտնուեցան միտքեր, որ սփիւռքի մէջ աշխատանքները պէտք է միայն կեդրոնանան ինքնակազմակերպումի վրայ, որոշ ժամանակի համար բացառապէս այդ օրակարգով զբաղելու: Կազմակերպական աշխատանքներէն մինչեւ մամուլ, հոգեւորէն կրթական եւ մշակութային, սփիւռքի քարտէսին վրայ կ՛երեւին թոյլ կէտեր, նօսրացող շրջաններ եւ քաղաքական գործօնի ուժգնութիւնը հարցականի տակ առնող երեւոյթներ:

Սփիւռքի վերաբերող այս քննարկումներուն ընթացքին ներկայացուեցան հարցախոյզերու արդիւնքներ, վիճակագրութիւններ, համեմատական տուեալներ: Այս քննարկումները յայտնաբար պիտի շարունակուին, որովհետեւ տակաւին բիւրեղացումի չեն հասած միտքերը: Ինչպէ՞ս, ի՞նչ գործիքակազմերով, ի՞նչ ներկայացուածութիւններով պէտք է աշխատիլ արդիւնք ձեռք բերելու համար: Մարդուժի խնդիրէն մինչեւ արեւմտահայերէնի իրավիճակ, մինչեւ հին ու նոր սփիւռքներ, ներսփիւռքեան շերտեր, հակասութիւններ եւ տարտղնուած պատկերներ հանդիսացան տեսակէտներու, ուսումնասիրութիւններու, եւ տուեալներու վրայ հիմնուած վերլուծումներու առանցքային խնդիրներ:

Իրավիճակներու յարափոփոխելիութիւնը եւ այն ալ արագ կերպով, չեն օգներ կայացած համապատկերի ճշգրիտ ուսումնասիրութեան եւ անկէ բխած կատարուելիքի հայեցակարգի մշակումին: Այս խնդիրները սերտօրէն կապուած են աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներուն հետ, որոնց պատճառով կը փոխուին նաեւ սփիւռքի ժողովրդագրական պատկերները:

Աւելի յստակ էին Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման համար գծուող ճանապարհային քարոսները: Հաւաքական վերադարձ, Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու բացայայտում, միջազգային դատարաններուն համապատասխան դիմումներ, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ցանկագրումներ, միջազգային մշակութային կեդրոններու դիմումներ, ի վերջոյ յանգելու համար ինքնորոշման սկզբունքի վերաորդեգրումին, գերակայ ուղղութիւններ էին , որոնք ներկայացուեցան Արցախի հակամարտութեան մասնագէտներու կողմէ:

Լսարանին մասնակցելու համար նոր հետեւորդներ կան: Բոլորը չէ, որ մնայունօրէն կը հետեւին, սակայն մասնակիցներու ցանկը անդադար կը թարմացուի: Այս թարմացումը միայն մասնակիցներուն չի վերաբերիր, այլ մեր կեանքի հետ առնչուած զանազան խնդիրներու մասնագէտ դասախօսներու: Անոնք անվերապահ կ՛ընդառաջեն «Ազդակ»-ի լսարանին զեկուցելու մեր առաջարկներուն:

Յաւակնոտ ըլլալ չի թուիր այն, որ «Ազդակ»-ի այս հարթակը կայացած է թէ՛ իբրեւ մասնակիցներու տեսակ եւ թէ՛ իբրեւ աշխարհագրութիւն, որ կը վերաբերի նաեւ փորձագիտական համայնքի ներկայացուցիչներուն: Փոխներգործօն վիճակ ստեղծած այս երկու խումբերը խոր գոհունակութիւն կը յայտնեն հարթակին մասին`  այժմէական եւ որակեալ բնութագրելով զայն:

Նախորդը

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Բագրատունին

Յաջորդը

Մօտ Օրէն «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկը

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?