Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յայտարարուող Եւ Շրջանցուող Պատրուակներ

December 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժերը հատու հարուածներ տուին Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ռազմապաշարներուն: Ռազմամթերքի չէզոքացումը յատուկ նպատակ կը հետապնդէ անշուշտ: Երբ տապալած է Իսրայէլի համար թշնամի նկատուող Ասատի վարչակարգը, երբ նոր ուժերը Իսրայէլի հետ հասկացողութեան գալու դրսեւորումներ կ՛ունենան, ռազմարշաւի դիմելը եւ ռազմապաշար չէզոքացնելը կ՛ենթադրէ նոր վարչակարգին կողմէ հիմնական վտանգները կանխարգիլել կամ ընդհանրապէս Իսրայէլի համար վնասազերծուած Սուրիա ձեւաւորել:

Ասոր առաջին փուլը Լիբանան-Սուրիա դիմադրութեան ցանցային համակարգի ջլատումն էր, որ իրականացաւ Լիբանան-Սուրիա օդային, ծովային եւ ցամաքային սահմաններու վերահսկումով:

Այս երկու գործողութիւններէն ետք իսրայէլեան ներխուժման քայլերն են սուրիական տարածքներ եւ յատկապէս Հերմոնի բարձունքին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելը, Կոլանի զինուորական նոր կահաւորումները:

Իսրայէլի վարչապետին եւ պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը Կոլան այս առումով ուշագրաւ երեւոյթ է. այնտեղ կատարուեցաւ յայտարարութիւն, թէ Հերմոն լերան գագաթները 51 տարի ետք վերադարձան իսրայէլեան ուժերու վերահսկողութեան տակ, ինչ որ, ըստ պաշտպանութեան նախարարին ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունի: Յանձնարարութիւնը ամբողջ ձմրան ընթացքին գագաթներէն չհեռանալն է: Իրադրութիւնները այնպէս կը յուշեն, որ ձմրան աւարտէն ետք ալ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն իրականացնել իրենց վերահսկողութիւնը այդ բարձունքներուն վրայ:

Համապատասխան արձագանգ չկայ երկրի նոր իշխանութիւններէն Իսրայէլի առած այս քայլերուն դիմաց: Սուրիական նոր ուժերու փաստացի ղեկավար Ժուլանին բաւարարուեցաւ այն յայտարարութեամբ, թէ Իսրայէլ մտադիր էր իրանեան ներկայութեան պատրուակով Սուրիա մուտք գործել, եւ այժմ անոր պատրուակը վերջ գտաւ:

Այս յայտարարութիւնը պարզացուած ձեւով կը նշանակէ, որ նոր իշխանութիւնները համաձայն էին, որ Իսրայէլ կոտրէ Դիմադրութեան առանցքը, որպէսզի իրենք անարգել իրենց վերահսկողութեան տակ առնեն քաղաքները, հեռացնեն վարչակարգը  եւ իրականացնեն իշխանափոխութիւնը, սակայն համաձայն չեն, որ իսրայէլեան ուժեր մուտք գործեն սուրիական տարածքներ: Այս յայտարարութեան մէջ ակնարկ չկայ նաեւ սուրիական ռազմամթերքի ոչնչացման նպատակով Իսրայէլի կատարած գործողութիւններուն:

Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան մասին նախանձախնդրութիւն ցուցաբերող այսօրուան Դամասկոսը սակայն նշում չի կատարեր թրքական ուժերուն: Կը խօսի ռուսական ռազմակայանները չհարուածելու կամ իրանեան ուժերու հեռացման մասին, սակայն խնամքով անուշադրութեան կը մատնէ թրքական ներկայութիւնը սուրիական տարածքներու վրայ:

Սակայն անուղղակի ուղերձ կը նկատուի Անգարային յղուած: Նոյն տրամաբանութեամբ, որ Իսրայէլին կը յղուի. Իրանը հեռացած է երկրէն, ուրեմն պատրուակ չկայ իսրայէլեան ուժեր պահելու երկրին մէջ: Վաղը, եթէ քրտական գործօնի ճակատագիրը յստականայ, այդ պարագային նոյն պատրուակային տեսութիւնը կրնայ օգտագործուիլ այս անգամ Անգարայի նկատմամբ: Քրտական վտանգը չէզոքացուած է, ուրեմն Թուրքիան պատրուակ չունի Սուրիոյ մէջ մնալու:

«Պատրուակ»-ներու գոյութիւնը կամ չէզոքացումը հիմնովին կախեալ է Միացեալ Նահանգներէն: Ուժանիւթային աղբիւրները միակ շարժառիթը կրնան չըլլալ ամերիկեան սահմանափակ թիւով զօրքերու տեղակայման:

Կ՛արծարծուի նոր Սահմանադրութիւն մշակելու անհրաժեշտութիւնը. այնտեղ ներառելու նաեւ Սուրիական քաղաքացիական հասարակարգի բազմաթիւ բաղադրատարրերով յատկանշուող դրոյթը: Քիւրտերը սակայն, ի տարբերութիւն միւս ազգաբնակչութիւններուն, տարբեր կարգավիճակ ունին: Կը թուի, որ նոր իշխանութիւններուն եւ Թուրքիոյ մօտեցումները նոյնն են քիւրտերուն ինքնավարութիւն չտրամադրելու առումով: Այդ պատճառով ընդգծուած պատրուակները այս պահուն չեն վերաբերիր Թուրքիոյ:

«Ա.»

Նախորդը

Ազրպէյճանը Հայաստանին Առաջարկած Է Համագործակցիլ Արցախի Նախկին Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Դէմ Քրէական Գործի Ծիրին Մէջ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Դեկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.