ՔՈՓ29-ի վեհաժողովը ընթացքի մէջ է: Տակաւին Երեւանը չէ յստակացուցած իր մասնակցութիւնը: Պաշտօնական դիրքորոշումը կը բացակայէր` անորոշ ձգելով իշխանութիւններուն Պաքու մեկնելու որոշումը: Խորհրդարանի նախագահին վիճակուած էր յայտնաբար պարտականութիւն` յայտարարելու, որ եթէ ռազմագերիներու վերադարձ պիտի չըլլայ, ուրեմն Հայաստանի ներկայացուցիչին Պաքու մեկնիլը իմաստ չունի:
Այս յայտարարութիւնը քաղաքականօրէն ընկալելի էր: Առաջին փուլի գերիներու ազատ արձակումը Հայաստանի կողմէ ՔՈՓ29-ը Պաքուի մէջ կազմակերպելու համաձայնութիւնն էր: Երկրորդ փուլը այս յայտարարութեամբ կը պայմանաւորուէր` մնացեալ գերիներու ազատ արձակումով: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Ազրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ 8-ն Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է:
Քաղաքականօրէն անընկալելին սակայն, խորհրդարանական մեծամասնութեան մերժումն էր Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն մասին ընդդիմութեան կողմէ առաջադրուած յայտարարութեան նախագիծին: Հոն ընդամէնը կ՛ըսուէր, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ազրպէյճանին վրայ, որպէսզի ազատ արձակէ գերիները:
Այս յայտարարութեան ընտրուած պահը պարզ է: ՔՈՓ29-ը ընթացքի մէջ է, հարուածուած է Պաքուի հեղինակութիւնը, բազմաթիւ տէրութիւններու առաջին դէմքերը այս կամ այն պատճառով կը բացակային առնուազն բացման հանդիսութենէն: Աւելի՛ն. մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, բնապահպանութեան կողմնակիցներ, լրագրողական շրջանակներ եւ կենսոլորտի, քարիւղի արտադրութեան եղանակի մասնագէտներ, երկրագունդի կլիմայով մտահոգ քաղաքացիական շարժումներու գործիչներ ողողած են ՔՈՓ29-ը Պաքուի մէջ կազմակերպելու որոշումին դէմ ընդդիմադիր դաշտը, պարզապէս ընդգծելու, որ Պաքուն եւ բնապահպանութիւնը հակացուցուած ուղղութիւններ են:
Ուրեմն քաղաքական պահու ընտրութիւնը ընդդիմութեան կողմէ աւելի քան իմաստալից է եւ թիրախայնութեամբ յատկանշուած: Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու վերականգնման եւ գերիներու ազատ արձակման պահանջը ներկայ պահուն կրնար միջազգային հնչեղութիւն ստանալ: Քաղաքական իրադրութիւններու մէջ մարտավարական դասագրքային մօտեցում է տարբեր պատճառներով միեւնոյն թիրախին հարուածելու դիրքերու ամրացումը եւ միեւնոյն պահուն` արձակուող նետերու բազմացումը: Պաշտօնական Երեւանի նետը ցաւօք դուրս չեկաւ կապարճէն: Աւելի ճիշդ` հայրենի իշխանութիւնը չուզեց զայն արձակել Պաքուի ուղղութեամբ եւ համալրել դէպի Պաքու ուղղուող նետերը: Դառնալ անոնցմէ գուցէ ամէնէն հատուն:
Ոչ համոզիչ պատճառներ կամ պատրուակներ ներկայացուեցան, թէ` կառավարութիւնը ամէն օր կ՛աշխատի գերիներու ազատ արձակման համար, թէ` ընդդիմութիւնը ոչ թէ գերիներու ազատ արձակումը կ՛առաջադրէ, այլ քաղաքական առաւելներ կ՛ուզէ արձանագրել, թէ` յայտարարութեան ընդունումը կը վնասէ տարուող աշխատանքներուն, եւ նման պատրուակային հիմնաւորումներ:
Պէտք է լուսարձակի տակ բերել քանի մը առարկութիւն առաջ քշուող պատրուակներուն առիթով: Նախ այն, որ յայտարարութեան նախագիծը մշակողները եթէ զուտ քաղաքական առաւելներու համար դիմէին այս քայլին, ապա ինչո՛ւ նախապէս կամ ամէն առիթի այս օրակարգը չէին շահարկեր: Խնդիրը ներկա՛յ պահն է. ՔՈՓ-ն է եւ ՔՈՓ-ի առիթով ստեղծուած հակապաքու մթնոլորտը:
Չկար աւելի յարմար ենթահող ձեւաւորող պահ, քան միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն համախմբումը Պաքուի մէջ եւ անոր դիմաց Պաքուի իսկական դիմագիծը բացայայտող միջազգային շարժումը: Ծաւալուն բողոքի շարժումը ստեղծուած էր միջազգային համախմբումին կամ համաժողովին առիթով: Հայկական գործօնը, Հայ դատի համակարգը այո՛, դժուարութեան կը հանդիպէր, երբ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն մօտ կ՛արծարծէր Պաքու չմեկնելու պահանջը կամ նման որոշումի պարագային` կը պահանջուէր հայ գերիներու ազատ արձակումը: Այդ ներկայացուցիչները պարզապէս կը յիշեցնէին Երեւանի համաձայնութիւնը` այս համաժողովին Պաքուի մէջ կայացման:
Պահ մը ընդունինք, որ կառավարութեան կողմէ կայ լուռ աշխատանք` գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ: Յայտարարութիւնը օրէնսդիր հաստատութեան կողմէ պիտի ըլլար, որ կոչ էր ու պահանջ: Նուազագոյնը միջազգային ընտանիքին մօտ` առեւանգուած գերիներու ազատ արձակման: Գործադիրէն ակնկալութիւն չկար այս ուղղութեամբ:
Ի վերջոյ խորհրդարանական ինքնահակասութիւնը, անոր նախագահին դրած պայմանը եւ յայտարարութեան մերժումը: ՔՈՓ-ի Պաքուի մէջ կայացման առումով համաձայնութիւն տալէ ետք, Երեւանի մասնակցիլ կամ չմասնակցիլը այլեւս իր ազդեցութիւնը պիտի չունենար գերիներու ազատ արձակման առաջադրանքի ապահովման աշխատանքներուն վրայ: Գրաւոր յայտարարութիւնը, սակայն, կրնար յենարան դառնալ տարբեր կազմակերպութիւններու, բնապահպաններու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու, կլիմայականներու եւ քարիւղի արտադրութեան Ազրպէյճանի կիրարկած մեթոտներուն դէմ բողոքողներու` իբրեւ յաւելեալ ճնշամիջոց Պաքուի վրայ:
Իսկ հիմա, յայտարարութեան մերժումը կրնայ խաղաթուղթի գործօն դառնալ հակառակ կողմին` անոնց, որոնք պիտի չուզեն տեսնել Պաքու-բնապահպանութիւն հակասութիւնը կամ անոնց, որոնք կ՛աշխատին Պաքուի միջազգային վարկաւորման նպատակներուն համար: Պարզապէս ըսելով, որ Երեւանը պաշտօնապէս չ՛արծարծեր գերիներու ազատ արձակումը, հետեւաբար այլոց ի՞նչ գործն է միջամտել Ազրպէյճանի ներքին խնդիրներուն…
Պահը բաց ձգուած է: Պաքու չմեկնիլը, եթէ նոյնիսկ որոշուի, իր ազդեցութիւնը կորսնցուցած է արդէն: