(Լիբանանի Անկախութեան Օրուան Առիթով)
Ներկայ աշխարհակարգին մէջ աւելիով կը շեշտուի անկախութիւն յղացքին յարաբերականութիւնը: Շատ տեղեր անուանական իմաստ կը ստանայ անիկա, ըստ էութեան կախեալութեան բոլոր տուեալները պարզելով:
Բեւեռացած եւ հակաբեւեռացման միտումներ դրսեւորող երկրագունդը խորքին մէջ տարբեր երկիրներ, գօտիներ կախեալ պահելու պայքարի դաշտ է, տեղ-տեղ տնտեսական տեսքով, այլ տեղեր զինուորական, ուրիշ պարագաներու մշակութային եւ քաղաքակրթական:
Լիբանանը իր վերջին ժամանակահատուածի ամէնէն մռայլ պայմաններուն մէջ կը նշէ Անկախութեան օրը: Պետութիւնը, որ իր հաստատութիւններով եւ բանակով անկախութեան եւ գերիշխանութեան երաշխաւորն է, այսօր քայքայուած, կազմաքանդուած իրավիճակ կը պարզէ: Չկայ հանրապետութեան նախագահ, կայ հրաժարական տուած վարչապետ եւ կառավարութիւն, կը գործեն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնակատար, ընթացիկ աշխատանքներ վարող պաշտօնեաներ եւ ոչ լիարժէք գործառոյթներ իրականացնող հաստատութիւններ:
Պետական օրինականութիւն պահպանող հաստատութիւնը օրէնսդիրն է, որ չի յաջողիր գոյացնել անհրաժեշտ համախոհութիւնը, նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ, նախագահի թեկնածուի շուրջ համաձայնելու:
Անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը իրողական առումով խիստ տարակուսելի են: Բանակը չի մասնակցիր իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դիմակայման:
Անկախութեան եւ գերիշխանութեան դիւրաբեկումի ցուցանիշը սահմաններու սասանելիութիւնն է: Տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ իրերայաջորդ եւ անարգել խախտումները, ներխուժումները, լիբանանեան տարածքներու վրայ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելը: Մէկ խօսքով, անկախութեան առեւանգումը, պատանդառումը:
Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու պայմանները Իսրայէլի կողմէ անվերջ կը փոխուին, կը խստացուին, միջազգային օրէնքներու ոտնահարումով կը նորացուին: «Կա՛մ մեր պայմանները, կամ ջրհեղեղ», կը սպառնայ Իսրայէլ:
Իսկ պայմաններու բաւարարումը լիբանանեան կողմէն պարզապէս անձնատուութեան համազօր քայլ կը նկատուի, ընդունելով, որ Իսրայէլ որեւէ պահու օդէն, ծովէն, ցամաքէն լիբանանեան տարածքներ հարուածելու իրաւունք ունենայ: Առանց հեռանալու լիբանանեան տարածքներէն պարտադրէ դիմադրութեան նահանջը, չբաւարարուի միջազգային խաղաղապահութեան, նոյնիսկ յատուկ յանձնախումբերու երաշխաւորումներով եւ միայն ի՛նք, ի՛ր կողմէ ճշդուած եղանակով ստանձնէ Լիբանանի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելու դրութիւնը:
Այս պայմաններուն մէջ համաձայնիլը պարզապէս համաձայնիլ է լիբանանեան անկախութեան իրողական զիջումին, իր գերիշխան իրաւունքներու փոխանցումին եւ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու գործառոյթներու յանձնումին:
Դէպի անկախութիւն ձգտելու կամ անկախ կարգավիճակ պահելու համար ամէնէն առաջ հրամայական է ներքին համերաշխութիւնը: Ազգային գիտակցութեան ձեւաւորումը: Պատերազմի պատասխանատուութիւնը թշնամիէն առաջ համայնքի մը կամ համայնքի իրողական ուժի չվերագրելը, իր համաքաղաքացին նոյն ժողովուրդին հատուածը նկատելը եւ համախոհութեան հիման վրայ պետական կառոյցներու վերականգնումը:
Խորհրդարանի նախագահը փաթեթային դրուածքով կը խօսէր հրադադարին եւ ընդհանուր համաձայնութեան մասին, իրերայաջորդ կարգով նշելով` զինադուլի համաձայնութիւն, խորհրդարանի նիստի գումարում եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն:
Գործողութիւններու փոխկապակցուածութեան տրամաբանութիւնը ինքնին այստեղ կը յուշէ, որ առանց ներքին գիտակցական համախոհութեան չկայ, չի կրնար գոյանալ որեւէ հիմնական համաձայնութիւն: Առանց ներքին համախոհութեան ամրագրումին նոյնիսկ եթէ գոյանայ զինադուլ, ապա անիկա կ՛ըլլայ ժամանակաւոր եւ դիւրաբեկ: Թշնամին յենուելով նաեւ ներքին անհամաձայնութիւններու վրայ մէկ հատուածին կոչ կ՛ընէ ազատագրուելու միւս հատուածէն եւ կը հարուածէ անարգել, անխնայ, կը շարունակէ սասանել երկրին սահմանները եւ այդ բոլորով անհեթեթ դարձնել երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը` անձնատուական պայմաններ պարտադրելով:
Անկախութեան վերականգնումի եւ պահպանումի ելակէտը ներքին համաձայնութիւնն է: Գիտակցումը, որ արտաքին մարտահրաւէրներու եւ անկախութեան սպառնալիքի չէզոքացման աշխատանքները կը սկսին ներքին համախոհութեան ամրագրումով: Այլապէս, կը շարունակուի այս ընթացքը, կ՛ոտնձգուի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ խիստ կասկածելի կը դառնան արդէն իսկ տատանուող անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:


