Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նոր Յենարաններ Եւ Դիւրաբեկման Կէտեր

Դեկտեմբեր 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարայէն հնչող որոշ յայտարարութիւններ սկսած են Սուրիոյ մէջ հետագայ գործընթացներուն մասին ուրուագիծեր փոխանցել:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէ, որ սուրիական տապալած վարչակարգը իշխանութիւնը բաժնեկցած է Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ:

Աւելի քան պարզ էր, որ Սուրիոյ նախորդ վարչակարգը կը գոյատեւէր շնորհիւ իրանեան եւ ռուսական յենարաններուն: Այս հաստատումը անվիճարկելի է: Խնդիրը սակայն հիմա Անգարային կողմէ այս մասին բարձրաձայնումին մէջ կը կայանայ: Այստեղ ըսել կ՛ուզուի, որ Սուրիոյ իշխանութիւնը տապալեցաւ, որովհետեւ անոր բաժնեկից էին Իրանն ու Ռուսիան: Ասատը այս բաժնեկցումին գինը վճարած է, ըստ Անգարային:

Այս բաժնեկցումը սակայն խորքին մէջ ընդունուած էր Ասթանայի ժողովին կողմէ իբրեւ գոյավիճակ. իսկ Ասթանան եռակողմ էր. պատասխանատու նկատուող երկու երկիրներուն կողքին Թուրքիան մասնակից էր Ասթանայի համաձայնութեան:

Թուրքիոյ բարձրագոյն դիւանագէտի այս յայտարարութեամբ Ասատը չէ, որ կը մեղադրուի այնքան, որքան միւս երկու գործընկերները: Մինչ Ռուսիան որեւէ անուղղակի մեղադրանք չի հնչեցներ Անգարայի հասցէին, գէթ պաշտօնապէս, անդին Իրանի հոգեւոր առաջնորդը տարտամ ձեւով կը խօսի Սուրիոյ դրացի երկրի այս իշխանափոխութեան ներգրաւուած ըլլալու մասին, մեղքը ուղղակիօրէն բարդելով Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու վրայ:

Ճեղքեր կ՛երեւին Անգարա-Մոսկուա-Թեհրան եռանկիւնին մէջ: Թուրքիան այս եռանկիւնին մէջ մնալով ըստ էութեան իր շահերը կը համակարգէ Իսրայէլին հետ, եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններէն այս երկուքը դուրս կու գան առաւելագոյնը ապահովելով: Իսրայէլեան ուժերու դէպի Սուրիա ներխուժումը եւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ աւելի տարածուիլը կամ Դամասկոս-Պէյրութ ճանապարհին շատ մօտ ներկայութիւն հաստատելը կ՛ենթադրեն, որ սուրիական տարածքներու վրայ այլեւս կը գործեն թէ՛ թրքական եւ թէ՛ իսրայէլեան ուժերը: Մինչ գրեթէ հեռացած են իրանեանն ու  ռուսականը. այս վերջինի պարագային տակաւին ճշդելի կը մնայ որոշ յենակէտերու պահպանումը: Յամենայն դէպս անոնց դուրս մղումը եւ Իսրայէլի առկայութիւնը:

Անգարան այլ ռազմավարական ուղղութիւն ալ կը ճշդէ: Այս անգամ պաշտպանութեան նախարարը կը հաստատէ, որ ծայրայեղ իսլամականութեան ահաբեկչական տարրերը այլեւս գոյութիւն չունին սուրիական տարածքներուն վրայ, հետեւաբար հարցական կը մնան ամերիկեան ներկայութեան շարժառիթները:

Բաւական հեռու գացող յայտարարութիւն է այս մէկը Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին կողմէ: Բուն թիրախը այս պարագային քիւրտերն են: Անգարայի ուղերձը Ուաշինկթընին է արտօնելու, որ ինք քրտական գործօնի վտանգազերծման ձեռնարկէ եւ հաստատէ իր կողմէ առաջադրուած անվտանգութեան գօտին:

Ուաշինկթընի արձագանգը յապաղած չէր: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներ ամերիկեան մամուլին կը փոխանցէին, որ անհաւանական է, որ յունուարին իր պաշտօնը ստանձնող նախագահը հրաժարի Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական դիրքերէն:

Քիւրտերուն ճակատագիրը յայտնուած է անորոշութեան մէջ: Կախեալ` ամերիկեան վերաբերումէն: Արդիւնքը այն է, որ Անգարայի առաջադրած անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորումը եւ քրտական ինքնավարութեան գոյավիճակի պահպանումը կախեալ են Ուաշինկթընի դիրքորոշումէն:

Հիմա սուրիական համապատկերին մաս կը կազմեն սուրիական նոր ուժերը, թրքական, ամերիկեան, իսրայէլեան եւ քրտական վերահսկողական գօտիներն ու յենակէտերը: Անկախ քիւրտերուն սպասող ճակատագիրէն կը թուի, որ նոր վարչակարգը ունի նոր յենարաններ: Յենարաններու փոխարինում է արձանագրուածը: Այդ յենարաններու համաձայնութիւններէն, բախումներէն կամ տեղաշարժերէն կախեալ կը մնայ նոր վարչակարգը, որուն բաղադրութիւնը միագոյն չէ. ինչ որ որեւէ պահուն դիւրաբեկութեան տանող ենթահող է:

«Ա.»

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններ. Սպառնալի՞ք, Թէ՞ Հնարաւորութիւն» Խորագիրով Միջազգային Խորհրդաժողովը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (16 Դեկտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?