Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պաշտօնական Ուաշինկթընի Յայտարարութիւնը Եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Հրապարակումը

Նոյեմբեր 29, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ-Լիբանան զինադուլի յայտարարութեան կէտերը պաշտօնապէս չեն հրապարակուած, սակայն լրատուամիջոցներ փաստաթուղթը գաղտնազերծած են եւ անոր հիմամբ վերլուծումներ կը ծաւալեն:

Զինադուլի համաձայնութիւնը Իսրայէլ-Լիբանան ռազմագօտիին կը վերաբերի, սակայն անոր առիթով կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները աւելի հեռու կ՛երթան, ընդգծելու համար Միջին Արեւելքի մէջ ծրագրուող փոփոխութիւնները:

Կեդրոնանանք Միացեալ Նահանգներու նախագահին  կատարած յայտարարութեան հիմնական առանցքներուն վրայ: Ամփոփենք`

– Զինադուլի համաձայնութեան յանգելու մէջ Ուաշինկթընը համագործակցած է Փարիզի հետ:

– Յառաջիկայ օրերուն Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Քաթարի եւ այլ երկիրներու հետ յաւելեալ ջանքեր պիտի թափեն Կազայի զինադադարի հաստատման համար:

– Ուաշինկթըն պատրաստ է Սէուտական Արաբիոյ հետ ձեռք բերելու շարք մը համաձայնութիւններ, որոնք կը ներառեն անվտանգութեան ուխտ մը, պաղեստինեան պետութեան ստեղծման ծրագիր մը եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում:

– Բոլոր  ծրագիրները Իսրայէլէն պիտի պահանջեն որդեգրել յանդուգն քայլեր, Իրանի դէմ իր եւ իր դաշնակիցներուն ռազմավարական առաւելութիւնը վերածելու երկարաժամկէտ անվտանգութեան համար համահունչ ռազմավարութեան:

– Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Քաթարի, Իսրայէլի եւ այլ պետութիւններու հետ պիտի թափեն յաւելեալ ջանքեր` Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու համար: Եւ գերիներու ազատ արձակումով, պատերազմին աւարտով, Համասի` իշխանութենէն դուրս մնալով, ատիկա կարելի կը դառնայ:

– Դէպի զինադուլ եւ աւելի երկարաժամկէտ խաղաղութիւն, Ներգրաւուած պետութիւններու շարքը կը համալրեն Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Թուրքիան, Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը: Այստեղ շրջանցուած է Իրանի անունը: Իրանը կը նշուի միայն այն ատեն, երբ կը խօսուի Իսրայէլի եւ իր դաշնակիցներու նոր ռազմավարութեան մշակման մասին, ընդդէմ Իրանի: Առաջադրուածը, Իսրայէլի կողմէ առաջադրուած նոր դաշինք մըն է, որ պիտի ապահովէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը երկարաժամկէտ դրուածքով:

Ահա այստեղ է, որ Միջին Արեւելքի քաղաքական նոր քարտէսագծումի մասին ակնարկ կայ: 7 հոկտեմբերէն առաջ մեկնարկած էր արաբական երկիրներ-Թել Աւիւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործընթաց: Բեկումնային կը թուէր ըլլալ նաեւ Չինաստանի մէջ Սէուտական Արաբիա-Իրան յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւնը:

Զինադուլի համաձայնութեան գոյառման հիմնական մղիչ գործօններու վերլուծումներուն մէջ ամէնէն ուշագրաւը զինադուլի համաձայնութենէն անմիջապէս ետք «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի հրապարակումն էր: Վկայակոչելով ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրներ, ամերիկեան մամուլի ներկայացուցիչը կը յայտնէր, որ այս համաձայնութիւնը անկարելի կ՛ըլլար, եթէ Իրանը արգելակէր զայն: Պարզ դարձնելով, որ աշխատած է Իրան-Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական կապը:

Ուաշինկթընը պաշտօնապէս երկիրներու շարքէն դուրս կը մղէր Իրանը, մինչ ամերիկեան մամուլի ճամբով կը հաղորդէր Իրանի հետ զինադուլը համաձայնեցնելու փաստը:

Քաղաքական ոսպնեակը բնականաբար աւելի իրատեսական կը նկատէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի հրապարակումը, քան պաշտօնական Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը: Մեծ հաշուով տարածաշրջանին մէջ նման մեծ համաձայնութիւններ կ՛իրականանան Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերակցական գիծին վրայ: Այս երկու երկիրներու յարաբերութեան ելեւէջներուն համընթաց պիտի ընթանան հետագայ իրադարձութիւնները:

Ուաշինկթընը որքան ալ միայն Փարիզը նշէ իբրեւ համագործակից, որքան պետութիւններու անուններ նշէ Կազայի հակամարտութեան վերջ տալու իբրեւ դերակատար, այդուհանդերձ գետնի վրայ սայլը տեղէն շարժելու համար տակաւին պարտաւոր է իր դիւանագիտական աշխատանքներու ուղղութիւնը դէպի Իրան մղել:

Հիմա, հերթը Կազային է: Այնտեղ եւս զինադուլ հաստատուելէն ետք ամերիկեան մամուլը պիտի արձանագրէ, որ ըստ էութեան Իրանի հետ կայացած է համաձայնութիւնը: Անկախ Ուաշինկթընի պաշտօնական յայտարարութիւններէն:

«Ա.»

 

Նախորդը

9 Յունուար 2025-ին` Նախագահի Ընտրութեան Նիստ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?