«Ապագայ լրագրողներ»-ու մեր ծրագիրը կը շարունակէ մնալ «Ազդակ»-ի հեռանկարային կարեւորագոյն ծրագիրներէն մէկը: Այստեղ եւս պատերազմը որոշ առկախումներ պարտադրեց, բայց ծրագիրը շարունակուեցաւ: Շուրջ 20 տեսական եւ գործնական աշխատանքներ, այցելութիւններ, ռըփորթաժներու պատրաստութիւններ, հարցազրոյցներ, ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ եւ ընկերային ցանցերու յատուկ տեսանիւթեր կազմեցին այս տարուան աշխատանքին արգասիքը:
8 ապրիլ 2024-ին լոյս տեսաւ ապագայ լրագրողներուն յաւելուածը: 19 ապագայ լրագրողներ իրենց երեխայրիքը ստորագրեցին «Ազդակ»-ի այս յաւելուածին մէջ: Հրատարակութեան ամբողջ բովանդակութիւնը հետեւողական աշխատանքի արդիւնքն էր, բացառապէս իրենց կողմէ արտադրուած:
Այս յաւելուածը քաջալերական է: Մեր մամուլին արխիւին յանձնելու նպատակը չէր հետապնդեր անշուշտ այս նախաձեռնութիւնը: Այստեղ թէ՛ նիւթերու ընտրութիւնը, թէ՛ ինքնագիրները, եւ թէ՛ նոր մտածում յայտնող գրութիւնները կը պահեն իրենց ինքնուրոյնութիւնն ու ստեղծագործական ոգին: Եւ այդ առումով երիտասարդ խմբագրական հմտութիւններ խոստացող ատաղձի վկայութիւն է այս հրատարակութիւնը:
Մեր աշակերտական, միութենական կեանքին եւ յատկապէս անոնց հրատարակութիւններուն կամ էջերուն հետեւող ընթերցողները պիտի նկատեն ծանօթ անուններ եւ դէմքեր: Դէմքեր, ստորագրութիւններ, որոնք երեւցած են «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ ամէն անգամ, որ թղթակցութիւն մը լոյս տեսնէ «Ազդակ»-ին մէջ ապագայ լրագրողներու հերթական աշխատանքին մասին:
Պէտք է արձանագրել այստեղ այն, որ այս ծրագիրին մասնակցելու հայց ներկայացուցածներու առաջին փորձերը եւ ծրագիրին աւարտին անոնց ստորագրած գրութիւնները գրեթէ զարմացնելու աստիճան տարբեր են իբրեւ լեզուական որակ: Ինչ որ մեզի մտածել կու տայ, որ մամուլով հետաքրքրուած այս շրջանակին համար աւելի քան անհրաժեշտ է այս ծրագիրին շարունակութիւնը:
Մեր աշակերտներն ու ուսանողները ժամանակի խնդիր ունին: Վազքը հետզհետէ աւելի արագ է ու հեւքոտ: Անհրաժեշտ է ուսանելու առընթեր աշխատիլ, այսօրուան սղաճին հետ կարենալ եթէ ոչ քայլ պահելու, այլ քիչ մը պարտաւորութիւնները թեթեւցնելու: Այս վազքին մէջ նման վարժողական ծրագիրի հետեւիլը զոհողութիւն կը թուի: Բայց ի վերջոյ փորձառութիւն ձեռք ձգել է, ճիգով, աշխատանքով յօդուած գրելու մեթոտներուն տիրապետել է:
Այս ծրագիրին պատասխանատուներն ու «Ազդակ»-ի խմբագրութեան աշխատակիցները եւս իրենց ժամանակէն կարեւոր բաժին կը տրամադրեն այս հեռահար նպատակին համար: Փաստը այն է, որ ոչ միայն յաւելուածին, այլ նաեւ թերթին մէջ կը շարունակուին երեւալ անոնցմէ ոմանց ստորագութիւնները: ԼԵՄ-ի, Պատանեկանի, Զաւարեանի էջերով թէ առանձնապէս:
Դրութեան փոփոխութեան մասին կը մտածուի ծրագիրին պատասխանատուներուն կողմէ: 2025-ին փոխանակ նորեր հաւաքագրելու, մինչ այժմ վարժողականէն անցած չորս խումբերը հաւաքելու եւ այլ ծրագիր կիրարկելու: Այս խումբերէն անոնք, որոնք հասան յօդուածագրութեան ակնկալուած մակարդակին, աշխատանոցներով, քննարկումներով եւ անոնցմէ բխած մտածումներուն մասին գրութիւններ պատրաստելով զանոնք ապագայ լրագրողներու աւելի յառաջացած մակարդակի հասցնելու ծրագիրն է որ մշակման ընթացքի մէջ է:
Ծրագիրի կիրարկումէն ետք միայն կարելի է խօսիլ արդիւնքներու մասին: Մինչ այդ արձանագրենք, որ թէ՛ յաւելուածը, թէ մեր միութիւներու հրատարակութիւններն ու էջերը կը յատկանշուին «Ազդակ»-ի ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրներուն հետեւած մեր երիտասարդ մարդուժի ներկայացուցիչներու ստորագրութիւններով:


