Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններու բռնկման ժամանակի համընկնումը Լիբանանի ուղղղութեամբ հաստատուած հրադադարին հետ դիպաշարի շարժառիթներուն վրայ լոյս սփռող երեւոյթ է:
Դիմադրութեան ցանցի ջլատումը, որ խորքին մէջ Իսրայէլի կողմէ պահանջուած կէտ էր համաձայնութեան` անցքերու վերահսկման տեսքով խորքին մէջ իրանեան տարածաշրջանային յենակէտերու չէզոքացման հիմնական գործողութեան մաս կազմող հատուած է: Այլ խօսքով, սուրիական անցքերուն վրայ վերահսկողութիւն հաստատելով խորքին մէջ Իսրայէլ կ՛արգելակէ նախ լիբանանեան Դիմադրութեան Իրանի կողմէ սպառազինումը Սուրիոյ վրայով եւ ապա լիբանանեան Դիմադրութեան մասնակցութիւնը սուրիական գործող վարչակարգի յենարանացումը իրականացնելու գործողութիւններուն: Այստեղ խնդիրը կը վերաբերի Սուրիոյ հարցով Իրանի հետ Ասթանայի համաձայնութեամբ համագործակցող միւս ուժերուն` Թուրքիոյ եւ Իրանին:
Դամասկոսի մասնակցութեան առընթեր ըստ էութեան Ասթանան եռակողմ համաձայնութիւն էր, վերահսկողական տարածքներով գոյավիճակը պահպանելու: Թէ՛ Անգարան, թէ՛ Թեհրանը եւ թէ՛ Ռուսիան ռազմական ներկայութիւններով ունէին տիրոյթներ սուրիական տարածքներու վրայ, եւ փոխհակակշռման տեսութիւնը կ՛աշխատէր համաձայնութեան տարազին տակ:
Շատ ընդհանուր առումով Թուրքիոյ համար քրտական վտանգի սպառնալիքները դիմակայելը, Իրանի համար տարածաշրջանային ցանցային յենակէտերու եւ անցքերու պահպանումը, իսկ Ռուսիոյ համար գործող վարչակարգի պահպանումը, Միջերկրականի վրայ ծովային ռազմակայան ունենալը գլխաւոր առաջադրանքներ էին այս բոլորին մէջ: Անշուշտ կան ածանցեալ խնդիրներ, հասարակաց շահեր, շահերու բախման կէտեր եւ քաղաքական առեւտուրի հանգուցակէտեր այս գլխաւոր առաջադրանքներուն զուգահեռ:
Իտլիպ-Հալէպ գործողութեամբ այս համապատկերն է, որ կը փոխուի, եւ Թուրքիան կը նուաճէ նոր տարածք: Տակաւին պարզ չէ, որ նուաճուած նոր տարածքներով կը սահմանափակուի՞ Անգարայի կողմէ նոր տիրոյթներ ձեւաւորելու արշաւանքը, թէ՞ կը ստեղծուի նոր գոյավիճակ մը որոշ ժամանակի համար:
Ուշագրաւ է եւ անպայման մեկնաբանելի պաշտօնական Թեհրանի ներկայացուցիչին վերջին յայտարարութիւնը, «Մենք միշտ Թուրքիոյ հետ խորհրդակցեցանք շրջանային խնդիրներու շուրջ, եւ բնական է, որ տարակարծութիւններ ունենանք, սակայն նաեւ հասարակաց կէտեր ունինք, եւ համակարծիք ենք այն հարցին շուրջ, որ Սուրիան ահաբեկիչներու ապաստան պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ այդ խնդիրը շրջանին մէջ պատերազմ կը պատճառէ»:
Այստեղ կը շեշտուի Իրան-Թուրքիա որոշ հարցերու շուրջ տարակարծութիւնը, առանց մանրամասնելու անհամաձայնութեան կէտերը: Այս յայտարարութեան մէջ ընդգծուած համաձայնութեան կէտը նոյնիսկ շատ հիմնական անհամաձայնութեան մասին է: Երբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէ, որ Թուրքիոյ հետ համաձայնած են, որ Սուրիան ահաբեկիչներու ապաստան երկիր պէտք չէ ըլլայ, խորքին մէջ ակնարկութիւն կ՛ըլլայ բուն անհամաձայնութեան:
«Ահաբեկիչներ» հասկացողութիւնը շատ յարաբերական է այստեղ: Իրանի համար ահաբեկիչ նկատուածը Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացողն է, մինչ Թուրքիոյ կողմէ այդ որակումը կ՛օգտագործուի քրտական զինեալ խմբաւորումներուն համար: Քրտական գործօնը կը շարունակէ պահպանել իր խաղաթղթային կարգավիճակը թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ՛ Իսրայէլի կողմէ:
Աւելի ուշագրաւ է այն, որ իրանեան դիւանագիտութեան պետը կ՛արձանագրէ: Թեհրանը չէր ակնկալեր, որ Թուրքիան իյնայ Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի լարած ծուղակին մէջ: Հալէպի գրաւումը ուրեմն ըստ Իրանին այդ երկու պետութիւններուն լարած ծուղակն է, որուն արդիւնքը նոյն յայտարարութեան առաջին բաժինին վրայ յենուելով Սուրիան ահաբեկչական ապաստարանի վերածելն է:
Անգարային ծուղակ ներքաշուած ըլլալը համոզիչ չէ: Անգարան առաջադրանք իրականացուցած է: Իրանը այս կերպ Անգարային կոչ կ՛ընէ վերադառնալու Ասթանայի համաձայնութեան: Այդ պատճառով ալ կ՛առաջադրէ Ասթանան շարունակել Տոհայով 7 դեկտեմբերին:
Ասթանան Տոհայով շարունակելու որոշման մասին համակարծիք են նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները: Տոհայի հանդիպումը կը սկսի, սակայն Ասթանայի գոյավիճակի (սթաթիւս քօ) խախտած պատկերով: Եթէ Անգարան վերստին առաջադրէ Դամասկոսի հետ երկխօսութիւն եւ յարաբերութիւններու հաստատում, ապա ներկայ պայմաններուն մէջ տարակուսելի կը մնայ Դամասկոսի կողմէ մինչ այժմ յայտարարուող նախապայմանի վերընդգծումը:
«Ա.»