Իսրայէլեան թէ՛ օդային հրթիռակոծումներու եւ թէ՛ ցամաքային յարձակումներու թէժացման գործողութիւնները կ՛ընթանան զուգահեռ զինադուլի համաձայնութեան «մօտալուտ» ըլլալու մասին յայտարարութիւններու: Այս առումով լրատուութիւնները հակասական են. ընդհանուր հայեացքը եւ յայտարարութիւններու շղթայականութիւնը կը յուշէ, որ նախ ազդարարուեցաւ «լաւատեսական» ազդակներ հաղորդող տեղեկութիւններու մեկնարկը, ապա ընդգծուեցան հանգուցաւոր եւ բարդ կէտերը: Առընթեր պարզ դարձաւ, որ լիբանանեան կողմը ամերիկեան նախագիծին շուրջ որոշ վերապահութիւններ ունի, որոնց շուրջ կայացան յաւելեալ բանակցութիւններ: Ամերիկացի պատուիրակին մէկ օրով Իսրայէլ մեկնումի յետաձգումը տեղի տուաւ նոր մեկնաբանութիւններու: Բեմադրուած ձեւով իսրայէլեան լրատուադաշտը սկսաւ խօսիլ համաձայնութեան հաւանականութեան մասին, մինչ վերստին շրջանառութեան մէջ դրուեցան յատկապէս այն կէտերը, որոնք Իսրայէլ կ՛ուզէ ներառել համաձայնութեան մէջ:
Հիմա պահն է, որ կողմերը իրար վերագրեն համաձայնութեան չկայացման պատասխանատուութիւնը, թէեւ պարզ է, որ հիմնական խոչընդոտումը Թել Աւիւէն է:
Կը վերադառնանք Թել Աւիւի կողմէ առաջ քշուող խոչընդոտներուն: Պարզապէս արձանագրենք, որ աշխուժ բանակցութիւններու այս ընթացքին է, որ Միջազգային քրէական դատարանը ձերբակալման հրամանագիրներ կը հրապարակէր Իսրայէլի վարչապետին, պաշտպանութեան նախկին նախարարին եւ Համասի ղեկավարին դէմ: Ամերիկացի պատուիրակին Թել Աւիւ գտնուած եւ բանակցած միջոցին հրամանագիրի հրապարակումը տեղի կու տայ մեկնաբանութիւններու: Անիրատեսական կը թուի այն, որ վճիռը գործադրուի, եւ մեղադրեալները յայտնուին միջազգային դատարաններու առջեւ: Խնդիրը սակայն ճնշամիջոց է եւ առաջին հայեացքով պահանջն է երթալու դէպի համաձայնութիւն:
Այստեղ շատ կարեւոր է Ուաշինկթընի կեցուածքը, որ շատ հեռու չէ Իսրայէլի պաշտօնական կեցուածքէն, վճիռը անարդար կամ անհեթեթ նկատելու առումով: Սակայն պարզ է նոյնքան, որ չկայ զուտ իրաւականութիւն. կայ իրաւաքաղաքականութիւն, իսկ միջազգային արդարադատութիւնը բնականաբար նկատի կ՛ունենայ կամ նոյնիսկ կը ներշնչուի աշխարհակարգի բեւեռներէն:
Գէթ այսպէս կրնանք ընկալել կայացած վճիռը: Նոյնիսկ եթէ ամերիկեան պատուէրով չէ, որ անիկա կայացած է, ապա ամերիկեան արգելակումը չէ աշխատած այս պարագային: Կը ստանանք այն, որ Միացեալ Նահանգները չեն արգելակած վճիռի կայացումը, միւս կողմէ անարդար որակած են զայն:
Ականատես ենք անշուշտ միջազգային արդարադատութեան հեղինակազրկումներուն: Այդ հեղինակազրկումը տեսանք միջազգային արդարադատութեան որոշումներու Ազրպէյճանի անտեսումով, հիմա ալ` Իսրայէլի: Թէական կը թուին նոյնիսկ Հռոմի համաձայնութիւնը ստորագրած պետութիւններու առնելիք քայլերը, իրենց տարածքներուն վրայ մեղադրուած անձնաւորութիւններու յայտնուելու պարագային:
ՄԱԿ-ի կոչերը կը մնան անարձագանգ, ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները յարձակման կ՛ենթարկուին եւ հիմա միջազգային արդարադատութեան վճիռները օդին մէջ կախուած կը մնան:
Դամոկլեան սուրի գործօնի կարգավիճակ ունին յայտնաբար այս որոշումները: Միջին Արեւելքի քարտէսի վերագծման հիմնական ճարտարապետները իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն ռազմական գործողութիւններու ելեւէջներն ու կանգառները ճշդող հեռակառավարման վահանակները: Թել Աւիւ իր նախապայմաններով հեռու գացած էր ամերիկեան նախագիծէն: Համաձայնութենէն ետք պահանջ 60 օր լիբանանեան տարածքներու վրայ մնալու, լիբանանեան բանակի լիազօրութիւնները ի՛նք ճշդելու, միջազգային վերահսկիչ յանձնախումբի բաղադրութեան մասին պահանջներ ներկայացնելու, լիբանանեան բանակի եւ միջազգային ընտանիքի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու գործառոյթներով չբաւարարուելու եւ իր կողմէ որեւէ պահուն Լիբանանի օդային, ծովային եւ ցամաքային գործողութիւններ իրականացնելու իրաւունքը օրինականացնելու եւ ցամաքային սահմանազատման օրակարգը համաձայնութեան մէջ ներառելու առումներով:
Ռազմական դիպաշարները յաճախ այնպէս կը դասաւորուին, որ հրադադարի համաձայնութենէ առաջ կողմերը կը սաստկացնեն բախումները` մինչեւ բանակցութիւններ առաւելագոյնը ձեռք ձգած ըլլալու համար: Այս տեսութիւնը կիրարկելի կ՛ըլլայ, եթէ զինադուլի համաձայնութեան սեմին կը գտնուին անոնք:
Հիմա կան խոչընդոտային նոր պայմաններ եւ անոնց վրայ ճօճուող դամոկլեան վճիռներ: Կը թուի, որ Իսրայէլը «յաղթանակ» յայտարարելէ ետք է միայն, որ պիտի համաձայնի զինադուլին: Իսկ պիւրոսեան յաղթանակի այդ պահը տակաւին չէ կայացած, որովհետեւ դիմադրութիւնը կը շարունակուի այս անգամ խոչընդոտելով ցամաքային ներխուժումն ու առաջադրուած անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորումը:
«Ա.»


