Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վերահսկումի Տարբեր Առաջադրանքներ

Նոյեմբեր 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական Փարիզը Թել Աւիւի նկատմամբ մեղմ ըսելաձեւով խիստ յայտարարութիւններ կը հնչեցնէ: Աւելի շատ լիբանանեան կողմը պաշտպանելու դիրքերէ կը մեկնի եւ Իսրայէլի համար անընդունելի բովանդակութեամբ դիրքորոշում կ՛որդեգրէ:

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ այս կեցուածքը ոչ այնքան Լիբանանի հանդէպ հոգատարութեամբ կը թարգմանուի, որքան հովանաւոր պետութիւններու կարգավիճակի պահպանումով հակամարտութեան կարգաւորման դերակատար, երաշխաւոր կամ միջնորդ մնալու շարժառիթներով: Աւելի պարզացուած` եթէ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի հովանաւոր ռազմավարական գործընկերն է, ապա Ֆրանսան հանդէս կու գայ նոյն դերով` Լիբանանի ուղղութեամբ:

Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա քաղաքականօրէն կ՛ընկալենք նաեւ ընդհանրապէս Փարիզի մօտեցումը, առած քայլերը եւ այս շրջածիրին մէջ արտաքին գործոց նախարարին կատարած վերջին յայտարարութիւնը: Առանձնացնենք առանցքային բաժինը. «Իսրայէլացի պաշտօնատարներ Հըզպալլայի հետ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու պայմաններուն մէջ որեւէ պահու Լիբանանը հարուածելու կարողութեան պահպանման վրայ կը պնդեն: Այսօր Իսրայէլի մէջ կը լսենք ձայներ, որոնք որեւէ պահու ոչ միայն հարուածներ հասցնելու, այլ նաեւ Լիբանան ներխուժելու կարողութեան պահպանումը կը պահանջեն, եւ նոյնն է պարագան դրացի Սուրիոյ համար: Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի վերաբերեալ նախաձեռնութեան մը առանձին ղեկավարումը անիմաստ է, որովհետեւ Իսրայէլը համոզելու համար Միացեալ Նահանգներուն կարիքը կայ, նոյնպէս ալ Ուաշինկթընի ինքնագլուխ գործելը անօգուտ է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ներքին քաղաքական տինամիզմին ճշգրիտ գնահատումէն զուրկ պիտի ըլլայ»:

Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը նախ կը պարզէ Իսրայէլի նպատակը: Որեւէ պահու հարուածելու,  ներխուժելու իրաւունք վաստկիլ եւ այդ իրաւունքը ամրագրել համաձայնութեան մէջ: Այն ինչ որ այստեղ չէ նշուած այս պահանջի նախորդող բաժիններն են` Հըզպալլայի ուժերու նահանջ, բանակի տեղակայում, Հըզպալլայի սպառազինումի արգելակում, օդի, ցամաքի եւ ծովու ամբողջական վերահսկում, երաշխիքներ եւ այլն:

Էականը այս պարագային յայտարարութեան երկրորդ բաժինն է, ուր համեմատութիւն կայ Միացեալ Նահանգներու հետ: Երբ կ՛ըսուի, որ Ուաշինկթընը պէտք է ճնշում բանեցնէ իսրայէլեան կողմին վրայ, այդ կը նշանակէ, որ լիբանանեան կողմին հետ բանակցելու եւ դէպի համաձայնութիւն առաջնորդելու պարտականութիւնը Ֆրանսան կը ստանձնէ:

Դիւրին չէ սակայն հովանաւորի կարգաւորման երաշխաւորի դերի վաստակումը: Ամերիկեան մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերուն համաձայն, Իսրայէլ յունուարին նորընտիր նախագահին պիտի ներկայացնէ համաձայնութեան նախագիծ մը, որ ի շարս այլոց կ՛ընդգրկէ կէտ մը, ուր կ՛ըսուի, թէ 60 օրուան տեւողութեամբ սկզբնական շրջանի համար համաձայնութեան գործադրութեան վերահսկողութիւնը կը ստանձնեն Միացեալ Նահանգներն ու Մեծն Բրիտանիան:

Այստեղ է վերը նշուած քաղաքական տրամաբանութեան Փարիզի առաջադրանքին արգելակումը Թել Աւիւի կողմէ: Իսրայէլ Ուաշինկթընին ներկայացնելով Լիբանանի հարցով փոխըմբռնման համաձայնագիրի նախագիծ, վերահսկող ուժերու իր պատկերացումը կը փոխանցէ, ուր դուրս մղուած է Ֆրանսան:

Մինչ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամը, որ կը նկատուի խորհրդարանի նախագահին խօսափողը, կը յայտնէր, որ իրենք համաձայնութեան բանաձեւ պարունակող նոր նախագիծի մը կը սպասեն` շեշտելով, որ Լիբանանի դիրքորոշումը յստակ է`  յանձնառութիւնն է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին նկատմամբ, անոր ամբողջ կէտերով: Հիմնականը այս պարագային  ա՛յս բաժինն է: Ըստ իրեն, զինադադարի հսկողութեան ամերիկեան եւ ֆրանսական մասնակցութեան արգելք չունին:

Իսրայէլի կողմէ Մեծն Բրիտանիան առաջադրելը միայն ֆրանսական գործօնի դուրս մղումով կրնայ չբացատրուիլ: Ծովային սահմանազատում, ընդծովեայ քարիւղի եւ կազի արտահանման համար միջազգային ընկերութիւններու ներգրաւում, շահերու բաժնեկցում եւ այս բոլորէն բխած տարածաշրջանային քաղաքականութիւն:

Այս բոլորը բաւական բարդ գործընթացներ են եւ թէական կը դարձնեն Իսրայէլի կողմէ Թրամփին մատուցուելիք նուէրը, յունուարին: Կը սպասուի մինչ այդ տարբեր երկիրներու դիւանագիտական եռուզեռ եւ աշխուժ վիճակ, հովանաւորի, երաշխաւորի, վերահսկողի դերերը պահելու կամ ստանձնելու շարժառիթներով:

«Ա.»

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 11-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Եռաբլուրի Նահատակաց Պանթէոնէն

Յաջորդը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?