Newsletter

Խորհրդարանը Վաւերացուց Ապրուստի Յատկացումներու Քարտը Եւ Այլ Օրինագիծեր, Իսկ Գործադրութիւնը Յանձնարարեց Կառավարութեան

Խորհրդարանը Վաւերացուց Ապրուստի Յատկացումներու Քարտը Եւ Այլ Օրինագիծեր, Իսկ Գործադրութիւնը Յանձնարարեց Կառավարութեան

Երէկ խորհրդարանը «շարժեցաւ» եւ որոշեց ընդառաջել ժողովուրդի պահանջներուն: Արդարեւ, առաւօտեան եւ երեկոյեան զոյգ նիստերով, խորհրդարանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ քննարկեց օրակարգի վրայ ներկայացուած հրատապ հարցերը, որոնց շարքին առաջին դիրքի վրայ էր ծայրայեղ աղքատութեան մէջ տառապող լիբանանցիներու աւելի քան յիսուն առ հարիւրի ապրուստի կենցաղային յատկացումի  քարտին հարցը: Յետ խորհրդակցութեանց, վաւերացուեցաւ յատկացումի քարտը, ըստ որուն 500 հազար կարիքաւոր լիբանանցի իւրաքանչիւր ընտանիքի պիտի յատկացուի...

Ցուցարարներու Սաստկացող Կոչերու Մթնոլորտին Մէջ «Երեսին Ջուրը Պահելու» Անդուլ Ճիգեր

Ցուցարարներու Սաստկացող Կոչերու Մթնոլորտին Մէջ «Երեսին Ջուրը Պահելու» Անդուլ Ճիգեր

Այն միջոցին, երբ Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ընկերային, տնտեսական եւ առհասարակ ապրուստի կենցաղային կարիքներու ապահովման կոչերը օր ըստ օրէ կը սաստկանան, անդին զանազան կողմերու ղեկավարներ կը փութան իրենց կարելին ընել, գէթ «երեսին ջուրը պահելու» եւ իրենց ուսերէն վանելու կացութեան վատթարացման մեղսակցութեան «բեռը»: Փոխադարձ որակումներով, պատկան կողմերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ լուծման ճիգերու ձգձգման պատասխանատուութիւնը վերագրել հակադիր կողմի կեցուածքին: Իրազեկ աղբիւրներու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Վատիկան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Վատիկան

Չորեքշաբթի, 30 յունիս 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Վատիկան, մասնակցելու Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին` Ֆրանչիսկոս պապին ներկայութեան: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 1 յուլիսին, եւ պիտի բաղկանայ երկու մասէ` Լիբանանի ներկայ կացութեան քննարկում եւ Լիբանանի զօրակցութեան նուիրուած հրապարակային արարողութիւն: Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին առաջին բաժինին խօսք պիտի առնեն Ֆրանչիսկոս  պապը, վեհափառ հայրապետը եւ Ռայի պատրիարքը: Ընդառաջելով...

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Դաշինքի Ա. Ընդհանուր Ժողովը

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Դաշինքի Ա. Ընդհանուր Ժողովը

Երէկ` 29 յունիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի Ա. ընդհանուր ժողովը: Արտահերթ ընտրութիւններէն ակնկալիքները եղած են քիչ մը այլ, իսկ ստացուած արդիւնքները ունին ենթակայական եւ առարկայական պատճառներ. իր ելոյթին մէջ ըսաւ «Հայաստան» դաշինքի անդամ Վահէ Յակոբեան: «Իշխող ուժին կողմէ օգտագործուեցաւ ընտրակեղծիքներու ամբողջ գործիքակազմը, վարչական միջոցներու աննախադէպ կիրարկումէն մինչեւ զինուորներու ուղղորդուած քուէարկութիւն, շրջիկ խումբերէն մինչեւ ուրիշի փոխարէն ընտրութիւններու երթալ», նշեց...

Արցախի Մէջ.  Մտահոգութիւն` Սեփականութեան Իրաւունքը Պահելու Վերաբերեալ

Արցախի Մէջ. Մտահոգութիւն` Սեփականութեան Իրաւունքը Պահելու Վերաբերեալ

29 յունիսին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ` «Ռազմական դրութեան իրաւական վիճակի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին» եւ «Քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու ծրարի քննարկման օրակարգով: Նախագիծերը ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան: «Ռազմական դրութեան իրաւական վիճակի մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութեամբ ռազմական դրութեամբ պայմանաւորուած խնդիրները...

Պայտըն Շնորհաւորած Է Հայաստանի Ժողովուրդը Եւ Փաշինեանը

Պայտըն Շնորհաւորած Է Հայաստանի Ժողովուրդը Եւ Փաշինեանը

Միացեալ Նահանգներ նուիրուած են Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններու ամրապնդման: Այս մասին  «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: Անոր համաձայն, Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը կը կայանայ ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ տագնապներու լուծման ոլորտներուն մէջ փոխադարձ գործակցութեամբ: «Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններու բարեյաջող կայացման առիթով: Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը կը կայանայ ընդհանուր...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ապահովական Կառոյցներէն Կը Պահանջէ Մնալ Պատրաստ` Արգիլելու Երկրին Ապահովական Կայունութեան Խախտումը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ապահովական Կառոյցներէն Կը Պահանջէ Մնալ Պատրաստ` Արգիլելու Երկրին Ապահովական Կայունութեան Խախտումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին` ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, մեծ թիւով նախարարի պաշտօնակատարներու, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պետերուն: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները: Նախագահ Աուն նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին հիմնական նպատակն է քննարկել երկրին ապահովական կացութիւնը` յատկապէս ամրան եղանակին ընթացքին, նկատի...

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Մասնագէտներու Կառավարութիւն Մը` Պահպանելով Հաւասարակշռութիւնը Եւ Օրինական Հաւասարութիւնը

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Մասնագէտներու Կառավարութիւն Մը` Պահպանելով Հաւասարակշռութիւնը Եւ Օրինական Հաւասարութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պլոքը կոչ ուղղեց կազմելու նոր կառավարութիւն մը եւ նախ եւ առաջ ականջ տալու լիբանանցիներու ցաւերուն, նախքան` անձնական շահերով տարուիլը կամ համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն շահերուն մասին մտածելը: Պլոքին նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ կառավարութեան կազմութեան համար անհրաժեշտ է մէկ չափանիշ, որն է ներքին...

Աքըր Մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային Համադաշնակցութեան Նախարարական Նիստին

Աքըր Մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային Համադաշնակցութեան Նախարարական Նիստին

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր Հռոմի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային համադաշնակցութեան նախարարական նիստին` ներկայութեամբ եւրոպական եւ արաբական 83 երկիրներու պատուիրակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներուն: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Աքըր շեշտեց, որ արտակարգ պայմաններու ընթացքին լիբանանցին իր ներուժը կը ստանայ լիբանանեան բանակէն` մտաբերելով ահաբեկչութեան դէմ անոր...

Շարպել. «Իսրայէլ Արթուն Կը Սպասէ, Եւ Քաղաքական Սպանութիւններու Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

Շարպել. «Իսրայէլ Արթուն Կը Սպասէ, Եւ Քաղաքական Սպանութիւններու Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

Ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպել հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են, երբ ան Սէուտական Արաբիայէն վերադարձաւ Լիբանան եւ յետս կոչեց իր հրաժարականը: Ան նշեց, որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները անհրաժեշտ են, որովհետեւ անոնք Լիբանանի միակ ելքն են: Շարպել շեշտեց, որ Իսրայէլ արթուն կը սպասէ` աւելցնելով, որ քաղաքական սպանութիւններու հաւանականութիւնը...

Սէյիտ Նասրալլա Եւ Հանիէ Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Ամրապնդումին Կարեւորութիւնը

Սէյիտ Նասրալլա Եւ Հանիէ Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Ամրապնդումին Կարեւորութիւնը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն եւ անոր ընկերակցող պաղեստինեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Կազայի դէմ իսրայէլեան վերջին պատերազմին պատճառները, ընթացքն ու արդիւնքները` պաղեստինեան, արաբական, իսլամական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Կազայի դէմ պատերազմին արդիւնքները կ՛արտօնեն, որ Պաղեստինի մէջ դիմադրութիւնը, իրեն հետ ունենալով Դիմադրութեան ամբողջ առանցքը, հիմնուի այդ յաղթանակին...

Ուահապ. «Դաւադիր Է Կամ Միամիտ Այն Անձը, Որ Կառավարութիւն Մը Կը Պատկերացնէ Առանց Շիիական Քաղաքական Զոյգ Ուժերուն»

Ուահապ. «Հարիրի Կը Պատրաստուի Քաղաքական Իր Ասպարէզին Հրաժեշտ Տալու, Իսկ Պըրրի Վերընտրուելու Լուրջ Խնդիր Ունի»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ի վերջոյ ժողովուրդը փողոց պիտի իջնէ, թէկուզ ուշացած, որովհետեւ երկրին մէջ տիրող պայմանները անհանդուրժելի են: Ան նշեց, որ Խալտէի հանդիպումը եղած է, որպէսզի Լեռնալիբանանը պաշտպանուած մնայ, եւ ոչ ոք հացի եւ դեղորայքի կարիք ունենայ: «Մեր ընտրանքը պետութիւնն է, պետական հաստատութիւններն են ու բանակն է, սակայն մեր ընկերութիւնը անպաշտպան...

Կրթական 2021-2022 Տարեշրջանի Մարտահրաւէրներու Պատրաստութեան Ժողով` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Կրթական 2021-2022 Տարեշրջանի Մարտահրաւէրներու Պատրաստութեան Ժողով` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Շաբաթ, 26 յունիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կրթական 2021-2022 տարեշրջանի մարտահրաւէրներու պատրաստութեան ընդլայնուած ժողով մը, որուն մասնակցեցան Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներ, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ, Առաջնորդարանի դիւանապետն ու Ուսումնական խորհուրդի գրասենեակին պատասխանատուն: Ժողովին սկիզբը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ կրթական գործին լծուած բոլոր...

Բժիշկները Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կազմակերպեցին

Բժիշկները Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կազմակերպեցին

Բժիշկները սպիտակ հագուստներով բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Յատուկ քննչական ծառայութեան դիմաց` ի պաշտպանութիւն «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն, «Հայաստան» դաշինքի ցուցակին մէջ ընդգրկուած բժիշկ փրոֆ. Արմէն Չարչեանի, որուն նկատմամբ դատարանը կալանքի որոշում տուած է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` բժիշկներէն մէկը յայտնեց, որ հաւաքուածներէն գրեթէ բոլորը մասնակցած են արցախեան 44-օրեայ պատերազմին եւ ինքն ու իր գործընկերներէն մէկն առաջին իսկ օրէն եղած են խրամատի մէջ: Բժիշկները...

Հայաստանի Մէջ Նետերլանտներու Դեսպան. «Ռազմագերիները Պէտք Է Անյապաղ Վերադարձուին Հայրենիք»

Հայաստանի Մէջ Նետերլանտներու Դեսպան. «Ռազմագերիները Պէտք Է Անյապաղ Վերադարձուին Հայրենիք»

«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Նիքօ Սխերմերս ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները պէտք է անյապաղ վերադարձուին` առանց որեւէ պայմաններու: Սխերմերս այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին: «Ռազմագերիները պէտք է անյապաղ վերադարձուին. ասիկա է Նետերլանտներու կառավարութեան դիրքորոշումը: Ես կրնամ միայն մեծ յոյս յայտնել, որ ռազմագերիները պիտի վերադառնան հայրենիք առանց որեւէ պայմանի», ըսած...

Արման Թաթոյեան. «Հատրութցիներուն Հետ Քննարկած Ենք Անոնց Իրաւունքներուն Վերաբերող Հարցեր»

Արման Թաթոյեան. «Հատրութցիներուն Հետ Քննարկած Ենք Անոնց Իրաւունքներուն Վերաբերող Հարցեր»

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի մասնագէտները հատրութցիներուն հետ քննարկեցին իրենց իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր: Այս մասին գրեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան: «Քանի մը օր առաջ հիւր էինք «Դիզակ արտ» մշակութային կեդրոնին: Անիկա հիմնած են կիներ, որոնք պատերազմէն առաջ աշխատած են Հատրութի մշակութային հաստատութիւններու մէջ: «Մեր աշխատակազմի մասնագէտներուն հետ հատրութցիներուն հետ քննարկած ենք անոնց իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր: Բարձրացուած բոլոր հարցերուն լուծման...

Այսօր Կ՛որոշուի Վառելանիւթի Նոր Սակացոյցը, Որուն Հետեւանքով Պիտի Արձանագրուի Յաւելեալ Սղաճ. Ի Դէպ` Դրամատուները Կը Մնան Փակ

Այսօր Կ՛որոշուի Վառելանիւթի Նոր Սակացոյցը, Որուն Հետեւանքով Պիտի Արձանագրուի Յաւելեալ Սղաճ. Ի Դէպ` Դրամատուները Կը Մնան Փակ

Ճիշդ է, որ վերջին շրջանին ցուցարարներ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ուղղուին փողոց, եւ բողոքի ցոյցերով, ժամանակաւոր կերպով ճամբաներ փակելով, անիւ հրկիզելով, նոյնիսկ ապահովութեան ուժեր քարկոծելով` կը մերժեն երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապն ու ապրուստի ահռելի պայմանները, սակայն Համրայի մէջ արձանագրուած երէկուան զարգացումը իր տեսակին մէջ բաւական վայրագ էր: Համրայի մէջ գործող Լիբանանեան- զուիցերիական դրամատունը երէկ թիրախ դարձաւ յարձակումի մը, որուն ընթացքին դրամատան...

Պաապտայի Մէջ.  «Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դէմ Կը Պայքարինք Պաղեստինեան Հողին Վրայ»   Շեշտեց Հանիէ

Պաապտայի Մէջ. «Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դէմ Կը Պայքարինք Պաղեստինեան Հողին Վրայ» Շեշտեց Հանիէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին զոհողութիւններն ու իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ գոյատեւելու անոր պայքարը, յատկապէս Կազայի եւ պաղեստինեան կարգ մը շրջաններու մէջ սանձազերծուած վերջին պատերազմին ընթացքին ցուցաբերուած գոյամարտը պիտի արդիւնաւորուին, եւ իրաւունքը պիտի վերադառնայ իրաւատիրոջ: «Պաղեստինցի...

«Մարզական Աւանի Նորոգութեան Ծախսերը Պէտք Է Ապահովել»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

«Մարզական Աւանի Նորոգութեան Ծախսերը Պէտք Է Ապահովել» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզական աւան` ստուգելու համար անոր նորոգութեան կարելիութիւնները: Վ. Օհանեան-Գէորգեանի ընկերակցեցան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զայտ Խիամէ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Լիբանանի տարածքին գործող մարզահամալիրներու տնօրէն խորհուրդի նախագահ Ռիատ Շէյխա եւ լրագրողներ: Այցելութենէն ետք Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է ցոյց տալ Մարզական աւանին ողբերգական վիճակը, որ...

Պայթում` Իրաւաբան Սախըր Հաշեմի Գրասենեակին Մէջ

Պայթում` Իրաւաբան Սախըր Հաշեմի Գրասենեակին Մէջ

Երէկ երեկոյեան պայթում մը ցնցեց իրաւաբան Սախըր Հաշեմի գրասենեակը, Ֆըրն Շըպպեքի մէջ: Պայթումին դրդապատճառները մնացին անյայտ, իսկ վնասները միայն նիւթական էին: Հաշեմ յայտնեց, որ պայթումը բաւական մեծ է` մաղթելով, որ անիկա պատգամ մը ուղղելու նպատակով չէ կատարուած, «այլ խօսքով` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան վերաբերող պատգամ մը», ըսաւ ան: Հաշեմ շեշտեց, որ իրենք օրէնքի յարկին տակ կը գործեն` աւելցնելով, որ ապահովութեան...

Page 8 of 256 1 … 7 8 9 … 256