Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Ապրուստի Յատկացումներու Քարտը Եւ Այլ Օրինագիծեր, Իսկ Գործադրութիւնը Յանձնարարեց Կառավարութեան

July 1, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ խորհրդարանը «շարժեցաւ» եւ որոշեց ընդառաջել ժողովուրդի պահանջներուն: Արդարեւ, առաւօտեան եւ երեկոյեան զոյգ նիստերով, խորհրդարանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ քննարկեց օրակարգի վրայ ներկայացուած հրատապ հարցերը, որոնց շարքին առաջին դիրքի վրայ էր ծայրայեղ աղքատութեան մէջ տառապող լիբանանցիներու աւելի քան յիսուն առ հարիւրի ապրուստի կենցաղային յատկացումի  քարտին հարցը: Յետ խորհրդակցութեանց, վաւերացուեցաւ յատկացումի քարտը, ըստ որուն 500 հազար կարիքաւոր լիբանանցի իւրաքանչիւր ընտանիքի պիտի յատկացուի 93-էն 126 ամերիկեան տոլարի միջեւ ամսական յատկացում մէկ տարուան տեւողութեամբ: Այս քարտի ֆինանսաւորման համար վաւերացուեցաւ նաեւ 556 միլիոն ամերիկեան տոլարի  բացառիկ վարկ բանալու որոշումը: Ըստ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներուն,  նշեալ վարկը պիտի հայթայթուի Միջազգային դրամական սնտուկին մօտ Լիբանանին պատկանող 900 միլիոն տոլարի գումարէն: Այս գծով բանակցութիւնները «շուտով ընթացք կ՛առնեն» եւ ըստ իրազեկ աղբիւրներու, նշեալ շուրջ կէս միլիոն տոլարի գումարը Լիբանանին կը փոխանցուի 23 սեպտեմբեր 2021-ին: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, խորհրդարանը որոշեց, իսկ գործադրութիւնը կը մնայ ընթացաւարտ  կառավարութեան ուսերուն:

Ժողովականները նաեւ որոշեցին մինչեւ այս տարեվերջ` 31 դեկտեմբեր 2021 երկարաձգել պարտքերու հատուցման ժամկէտի պայմանաժամերը: Այլ խօսքով, այսօր` 1 յուլիսէն սկսեալ ոչ մէկ դրամատուն կամ պարտապահանջ իրաւասու է դատական հայցի կամ պատժական տնօրինումի դիմելու պարտքերը հատուցելու անկարող քաղաքացիներու դէմ:

Որոշուեցաւ նաեւ արտասահմանեան փոխադրութեան յատկացուած հանրային փոխադրակառքերը մէկ տարիով զերծ կացուցել մեքանիքի տուրքերէն:

Նշենք, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի անդամները, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի, ժողովասրահը լքեցին առ ի բողոք ժողովի ընթացքին դէմ:

Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ Ժըպրան Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց, որ խորհրդարանը վճռէ իր կեցուածքը: «Կարելի չէ շարունակել այս ընթացքով», յայտարարեց Պասիլ`  կոչ ուղղելով նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին Լիբանան վերադարձին փութալու կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան, այլապէս թելադրելով, որ խորհրդարանը որոշէ եւ յետս կոչէ նշանակեալ վարչապետին կառավարութեան կազմութեան որոշումի յանձնարարականը:

Յունիս Ամսուան Մէկ Քիլոուաթը` 1326 Լիբ. Ոսկի

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը ելեկտրածին շարժակներու յատուկ մէկ քիլոուաթին գինը որոշեց 1326 լիբ. ոսկի:

Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար երէկ բազմակողմանի խորհրդակցութիւններու ձեռնարկեց` դասաւորելու համար վառելանիւթի բաշխումի ծրագիրը: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ 20 լիթր պարունակող մէկ թիթեղ վառելանիւթի սակագինը պիտի բարձրանայ 70 հազար լիբ. ոսկիի:

Մինչ Այդ` Փողոցը Կ՛եռեւեփի Եւ Պոռթկումի Սեմին Է

Մինչ այդ, ապրուստի տարրական կարիքներու ապահովման համար պայքարող քաղաքացիներ, մաս մը պենզինի կայաններու մուտքին շարքի կեցած, ուրիշներ` յուսալքուած, իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն զօրաշարժի մատնուեցան ու փակեցին լիբանանեան զանազան շրջաններու մայրուղիներն ու ճամբաները, յատկապէս Թրիփոլիի, Պեքաայի, Աքքարի, Նապաթիէի եւ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ:

Կարգ մը շրջաններու մէջ անխուսափելի էր ծեծկռտուքն ու հրմշտուքը` պենզինի ապահովման առաջնահերթութեան համար:

«Արգիլուած է լիբանանցի երեսփոխաններուն եւ քաղաքական  դէմքերուն այցելել ու ճաշել հանրային վայրերու մէջ, այնքան ատեն որ ժողովուրդին մեծ մասը կը տառապի ապրուստի, կենցաղային եւ տնտեսական անցուկ պայմաններէն», յայտարարեց Ժողովրդային շարժումի մէկ ներկայացուցիչը` սպառնալով շարունակել իրենց քայլերը բոլոր ղեկավարներուն դէմ անխտիր: Նշենք, որ նշեալ շարժումի անդամ ցուցարարներ վերջերս աղմկարար ելոյթով «պաշարեցին» Պէյրութի կեդրոնը գտնուող «Սերայ» ճաշարանը, ուր համախմբուած էին կարգ մը երեսփոխաններ եւ հանրային դէմքեր: Աւելի ուշ մէկէ աւելի երեսփոխաններ եւ անձնաւորութիւններ հերքեցին իրենց ներկայութիւնը նշեալ ճաշարանին մէջ, ինչպէս որ յայտարարած էր ցուցարարներու ներկայացուցիչը:

 

Նախորդը

Ցուցարարներու Սաստկացող Կոչերու Մթնոլորտին Մէջ «Երեսին Ջուրը Պահելու» Անդուլ Ճիգեր

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի Նահանգը Ճանչցած Է Արցախը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ապահովական Գործիքակազմի Բացը Հարաւային Լիբանանի Մէջ

October 22, 2026
Օսլոյի Ժողովէն Ետք.  Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ  Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Օսլոյի Ժողովէն Ետք. Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

October 22, 2026
ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.