Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզական աւան` ստուգելու համար անոր նորոգութեան կարելիութիւնները:
Վ. Օհանեան-Գէորգեանի ընկերակցեցան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զայտ Խիամէ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Լիբանանի տարածքին գործող մարզահամալիրներու տնօրէն խորհուրդի նախագահ Ռիատ Շէյխա եւ լրագրողներ:
Այցելութենէն ետք Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է ցոյց տալ Մարզական աւանին ողբերգական վիճակը, որ պարզուած է պետութեան կողմէ այդ մարզադաշտը լքելու եւ տարեկան դրութեամբ նորոգութեան անոր կարիքները չհոգալու պատճառով:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ մարզահամալիրներու տնօրէն խորհուրդը Մարզական աւանի նորոգութեան առումով իր նուազագոյն պարտականութիւնները չէր կրնար կատարել` նկատի ունենալով, որ ան 2019, 2020 եւ 2021-ի յատկացումները չէ ստացած:
Նախարարի պաշտօնակատարը հաստատեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած է երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին հետ եւ քննարկած Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին Ֆութպոլի Աշխարհի ախոյեանութեան զտման Գ. մրցաշարքը հիւրընկալելու Լիբանանի կարելիութիւնը: Ան աւելցուց, որ այս իրադարձութիւնը մարզական, ժողովրդային եւ զբօսաշրջական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ մեր արտաքին յանձնառութիւնները կը դրսեւորէ իբրեւ պետութիւն:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ պետութիւնը ունի պարտաւորութիւններ` ընդգծելով, որ բոլորը պէտք է նախաձեռնեն չտրամադրուած յատկացումները ապահովելու, «նուազագոյնը այս տարուան յատկացումները, որպէսզի կարելի ըլլայ պէտք եղած նորոգութիւնը կատարել եւ մրցումները հիւրընկալել լիբանանեան հողին վրայ եւ լիբանանցի համակիրներուն ներկայութեամբ», շեշտեց ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ բոլորը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն` ֆինանսաւորումի անհրաժեշտ միջոցները ապահովելու: «Բոլորս միասին պիտի գործենք, ինչպէս նաեւ պիտի գործակցինք ելեւմուտքի նախարարութեան հետ` ապահովելու համար անհրաժեշտ միջոցները», հաստատեց ան:
Իր կարգին, Հայտար նշեց, որ Լիբանան միջազգային չափանիշներով մրցումներ հիւրընկալելու երկու ընտրանք ունի` Մարզական աւանը կամ Սայտայի մարզադաշտը, սակայն անոնք նորոգութեան կարիք ունին, եւ ֆետերասիոնը անոնցմէ մէկը նորոգելու գումար չունի: «Հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ապահովէ այդ գումարը, այլապէս` Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի ստիպուի հինգ խաղերը հայրենիքէն դուրս խաղալ, հեռու` իր համակիրներէն եւ հողէն: Պետութիւնը պէտք է արագացնէ գումարներ ապահովելու աշխատանքը, սակայն անկեղծօրէն` անձամբ լաւատես չեմ», ըսաւ Հայտար:
Միւս կողմէ, Շէյխա յայտնեց, որ Մարզական աւանին տրուած տարեկան յատկացումները անբաւարար են անոր տարրական նորոգութիւնը հոգալու: Ան աւելցուց, որ երկու տարի առաջ կառավարութեան կողմէ պարտականութիւն տրուած էր Բարգաւաճման եւ վերանորոգումի խորհուրդին` ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելու մարզական աւանի նորոգութեան մասին, եւ օրին ի յայտ եկած էր, որ Պէյրութի Մարզական աւանին նորոգութեան ծախսերը շուրջ 50 միլիոն տոլար են:



