Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր Հռոմի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային համադաշնակցութեան նախարարական նիստին` ներկայութեամբ եւրոպական եւ արաբական 83 երկիրներու պատուիրակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներուն:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Աքըր շեշտեց, որ արտակարգ պայմաններու ընթացքին լիբանանցին իր ներուժը կը ստանայ լիբանանեան բանակէն` մտաբերելով ահաբեկչութեան դէմ անոր արձանագրած բազմաթիւ յաղթանակները, ինչպէս նաեւ կը խոնարհինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին զոհ գացած բոլոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ:
Աքըր նշեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ ընկերային արտակարգ տագնապներն ու բարդութիւնները յառաջացուցած են հսկայ փոթորիկ մը, եւ զգուշացուց, որ անոնք կրնան պարարտ հող պատրաստել ժողովուրդին մօտ` ծայրայեղական մտայնութեան տարածման իմաստով:
«Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով` կ՛ընդգծենք կայունութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը` արգիլելու համար, որ լիբանանցիները ահաբեկչական կազմակերպութիւններու մէջ զինուորագրուին», ըսաւ ան:
Աքըր հաստատեց նաեւ, որ պէտք է հաշտութեան ճիգերը բարելաւել, ինչպէս նաեւ յարմար պայմաններ ստեղծել, որպէսզի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովուի, եւ սուրիացի տեղահանուածները տունդարձ կատարեն` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւին հիման վրայ:
Միւս կողմէ, Աքըր նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին, որմէ խնդրեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութիւնը մէկ տարիով, այսինքն` մինչեւ 31 օգոստոս 2022 յետաձգել, առանց անոր գործունէութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու:
Աքըր հաստատեց, որ Լիբանան կը զօրակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծէ Լիբանանի կառչածութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Աքըր բարձր գնահատեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի ունեցած դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջեւ յաւելեալ գործակցութիւն արձանագրուի:



