Բժիշկները սպիտակ հագուստներով բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Յատուկ քննչական ծառայութեան դիմաց` ի պաշտպանութիւն «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն, «Հայաստան» դաշինքի ցուցակին մէջ ընդգրկուած բժիշկ փրոֆ. Արմէն Չարչեանի, որուն նկատմամբ դատարանը կալանքի որոշում տուած է:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` բժիշկներէն մէկը յայտնեց, որ հաւաքուածներէն գրեթէ բոլորը մասնակցած են արցախեան 44-օրեայ պատերազմին եւ ինքն ու իր գործընկերներէն մէկն առաջին իսկ օրէն եղած են խրամատի մէջ:
Բժիշկները կրկին բաց նամակով հանդէս եկան, այս անգամ հասցէատէրը Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանն էր:
Այժմ փրոֆ. Արմէն Չարչեան կը գտնուի հիւանդանոցը, 27 յունիսին անոր իրավիճակի կտրուկ վատթարացում արձանագրուած է:
Աւելի կանուխ, 539 բժիշկներ բաց նամակ յղած էին իշխանութիւններուն եւ հանրութեան, որպէսզի վերացուի փրոֆ. Արմէն Չարչեանի նկատմամբ կալանքը:



