«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Նիքօ Սխերմերս ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները պէտք է անյապաղ վերադարձուին` առանց որեւէ պայմաններու: Սխերմերս այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին:
«Ռազմագերիները պէտք է անյապաղ վերադարձուին. ասիկա է Նետերլանտներու կառավարութեան դիրքորոշումը: Ես կրնամ միայն մեծ յոյս յայտնել, որ ռազմագերիները պիտի վերադառնան հայրենիք առանց որեւէ պայմանի», ըսած է Սխերմերս:
Դեսպանը յիշեցուցած է, որ նախորդ շաբաթ Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելած են Եւրոպական Միութեան երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք քննարկած են նաեւ գերիներու վերադարձի հարցը:
Նետերլանտներու դեսպանը նաեւ անդրադարձած է Պաքուի մէջ բացուած այսպէս կոչուած «ռազմավարի պուրակին»` ընդգծելով, որ նման բան պէտք չէ տեղի ունենար, ատիկա անընդունելի է, ինչ որ նաեւ Նետերլանտներուն կառավարութեան դիրքորոշումն է: Դեսպանը շեշտած է, որ ատիկա («ռազմավարի պուրակ»-ի գոյութիւնը) չի նպաստեր խաղաղութեան:
«Կ՛ակնկալենք վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորում: Կողմերը պէտք է հարցերու լուծման ուղիները քննարկեն դիւանագիտական մակարդակի վրայ, որպէսզի այս տարածքին մէջ համակեցութեան ճամբաներ գտնեն», ըսած է Նետերլանտներու դեսպանը:



