29 յունիսին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ` «Ռազմական դրութեան իրաւական վիճակի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին» եւ «Քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու նախագիծերու ծրարի քննարկման օրակարգով:
Նախագիծերը ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան:
«Ռազմական դրութեան իրաւական վիճակի մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութեամբ ռազմական դրութեամբ պայմանաւորուած խնդիրները լուծելու նպատակով կրնայ օգտագործուիլ ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու գոյքը (բացառութեամբ դրամական միջոցներու, արժեթուղթերու եւ գոյքային իրաւունքներու), եթէ Արցախի Հանրապետութեան տիրապետութեան ներքեւ գտնուող համապատասխան գոյքը բաւարար չէ: Ընդ որում, գոյքի անբաւարարութիւնը կը գնահատուի` նաեւ հաշուի առնելով յստակ իրադրութիւնը, խնդիրի հրատապութիւնը, գոյքի գտնուելու վայրը եւ էական նշանակութիւն ունեցող այլ հանգամանքներ:
Օրինագիծին վերաբերեալ պատգամաւորները հարցումներ ուղղած են նախարար Հայկ Խանումեանին եւ Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Սեւակ Աղաջանեանին:
Միտքերու փոխանակումին ժամանակ «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն», «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւններու պատգամաւորները մտահոգութիւն յայտնած են, որ օրինագիծը անորոշութիւններ կը պարունակէ, եւ առաջարկած են յետաձգել քուէարկութիւնը:
Ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւններուն անունով ունեցած ելոյթին պատգամաւոր Գեղամ Ստեփանեան նշած է, որ օրինագիծի քննարկման էութիւնը ցոյց կու տայ, որ անիկա լրամշակման կարիք ունի:
Օրինագիծի հեղինակը չէ ընդունած անիկա լրամշակելու տարբերակը, նախագիծերը դրուած են քուէարկութեան եւ ընդունուած են 24 կողմ ձայնով:
Ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւնները քուէարկութեան չեն մասնակցած:



