Ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպել հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են, երբ ան Սէուտական Արաբիայէն վերադարձաւ Լիբանան եւ յետս կոչեց իր հրաժարականը:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները անհրաժեշտ են, որովհետեւ անոնք Լիբանանի միակ ելքն են:
Շարպել շեշտեց, որ Իսրայէլ արթուն կը սպասէ` աւելցնելով, որ քաղաքական սպանութիւններու հաւանականութիւնը մեծ է: «Վեց կուսակցութիւններու ղեկավարներ ենթակայ են սպանութեան», ըսաւ ան:
Շարպել հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ պէտք է հրաժարի` աւելցնելով, որ եթէ զայն ձերբակալեն եւ ան խօսի, ապա պիտի սպաննուի:



