Newsletter

«Հայաստան» Դաշինքը Դիմեց Սահմանադրական Դատարան

«Հայաստան» Դաշինքը Դիմեց Սահմանադրական Դատարան

2 յուլիս 2021-ին Սահմանադրական դատարանին մէջ արձանագրուած է Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած «Հայաստան» դաշինքի դիմումը`  ընտրութիւններուն արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու աթոռներու բաշխման կարգը սահմանելու կամ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ նշանակելու պահանջով: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Սահմանադրական դատարանի բանբեր Եւա Թովմասեան: Երէկ` ուրբաթ, 2 յուլիս 2021-ին, «Հայաստան» դաշինքի կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ դաշինքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեանի...

Ազրպէյճանական Դատարանը 2 Հայ Ռազմագերի Դատապարտած Է 4 Տարուան, Իսկ 12 Ռազմագերի` 6 Ամսուան Ազատազրկման

Ազրպէյճանական Դատարանը 2 Հայ Ռազմագերի Դատապարտած Է 4 Տարուան, Իսկ 12 Ռազմագերի` 6 Ամսուան Ազատազրկման

Ազրպէյճանական դատարանը աւարտած է շինծու մեղադրանքներով յարուցուած քրէական գործերով 14 հայ ռազմագերիներու դատավարութիւնը: Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ 14 հայ ռազմագերիներու դէմ քրէական գործի դատավարութեան ժամանակ դատախազը «Ազրպէյճանի սահմանը ապօրինի հատելու համար» պահանջած էր մեղադրեալներ Գեղամ Սերոբեանին եւ Հրաչ Աւագեանին դատապարտել 5 տարուան ազատազրկման, իսկ Արմէն Բաղասեանի, Գոռ Գասպարեանի, Կամօ Սեֆիլեանի, Վոլոդեա Յակոբեանի, Գէորգ  Հասերթեանի, Սիսակ Ենգոյեանի, Ալպերթ Պետրոսեանի, Ռոմիկ...

Փութինն ու Մաքրոնը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Փութինն ու Մաքրոնը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Վլատիմիր Փութին տեղեկացուցած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի` Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին մասին: Նշուած է, որ շրջանին մէջ իրավիճակը կը մնայ կայուն`...

«Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Արտաքին Ֆինանսաւորման Օրինագիծին Մէջ Ներառուած Է Հայաստանին Եւ Արցախին 52 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Տրամադրելու Հարցը»  Կ՛ըսէ Շիֆ

«Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Արտաքին Ֆինանսաւորման Օրինագիծին Մէջ Ներառուած Է Հայաստանին Եւ Արցախին 52 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Տրամադրելու Հարցը» Կ՛ըսէ Շիֆ

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որ Քոնկրեսի Հայկական յանձնախումբի համանախագահն է, յայտնած է, որ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու 2022-ի ելեւմտական տարուան ծախսերու մասին օրինագիծին մէջ ներառուած է Հայաստանի եւ Արցախի կայուն ֆինանսաւորման հարցը: «Աւերիչ տագնապին եւ անհաւանական տառապանքին յաջորդող տարուան մէջ յաջողած ենք Հայաստանի եւ Արցախի համար աւելի քան 52 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում ներառել Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յատկացումներու մասին օրինագիծին...

Վատիկանի Մէջ Տեղի Ունեցած Լիբանանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքը

Վատիկանի Մէջ Տեղի Ունեցած Լիբանանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքը

Հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին, շարունակելով առաւօտեան սկսած իրենց աշխատանքը, Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կէսօրէ ետք եւս ունեցան ժողովական աշխատանքները: Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու: Ներկաները շեշտեցին յիշեալ աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը` յայտնելով, որ եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին, քան` պետական կառոյցներուն կատարած աշխատանքը: Միաժամանակ, հոգեւոր պետերը յիշեցուցին,...

Նախագահ Աուն Լոնկտընի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Նախագահ Աուն Լոնկտընի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ բարգաւաճման խնդիրները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական շարք մը հարցեր: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Նախագահ Աուն գնահատեց Լոնկտընի աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր ստանձնած նոր պարտականութիւններուն մէջ: Նախագահ Աունի...

«Քորոնա» Ժահրի Հնդկական Տարբերակ «Տելթա»-ն Հասաւ Լիբանան

«Քորոնա» Ժահրի Հնդկական Տարբերակ «Տելթա»-ն Հասաւ Լիբանան

Վառելանիւթի, յատկապէս պենզինի տագնապի ժամանակաւոր լուծման փուլը թեւակոխելու սեմին գտնուող լիբանանցին երէկ յետմիջօրէին ստացաւ նոր լուր մը` «Քորոնա» ժահրի հնդկական տարբերակ «Տելթա»-ին Լիբանան հասնելուն մասին: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակով ախտաճանաչուած երեք պարագաներ արձանագրուած են` կոչ ուղղելով բոլորին պատուաստուելու, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է պաշտպանելու քաղաքացիները: Հասան կոչ ուղղեց բոլորին նաեւ խստացնելու...

Զօր. Աուն. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Թրիփոլիի Ապահովութեան Դպչիլ»

Զօր. Աուն. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Թրիփոլիի Ապահովութեան Դպչիլ»

Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղաթիռով մը ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր ստուգեց լիբանանեան բանակի Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին մէջ գտնուող զօրամասերը, ինչպէս նաեւ շրջանին անվտանգութիւնն ու Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած վերջին միջադէպերը: Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ բանակի զօրամասերուն հետ եւ դրուատեց անոնց կարգապահութիւնն ու քաջութիւնը` Թրիփոլին սադրանքներէ փրկելու իմաստով: «Ոմանք ուզեցին մեզի Թրիփոլիի բնակչութեան դէմ յանդիման դնել, սակայն...

«Sayrafa» Ելեկտրոնային Հարթակին Պարագային Կեդրոնական Դրամատունը Կը Միջամտէ 12.000-ի Սակին Հիման Վրայ

«Sayrafa» Ելեկտրոնային Հարթակին Պարագային Կեդրոնական Դրամատունը Կը Միջամտէ 12.000-ի Սակին Հիման Վրայ

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ «Sayrafa» ելեկտրոնային հարթակին սակը մէկ տոլարին փոխարէն 12.000 լ. ոսկի է` աւելցնելով, որ անիկա հիմնուած է 8 յունիս 2021-ին հրապարակուած թիւ 158 շրջաբերականին վրայ: Սալամէ յայտնեց, որ բոլոր դրամատուներն ու լումայափոխները պէտք է իրենց գործառնութիւնը «Sayrafa» ելեկտրոնային հարթակին վրայ արձանագրեն` հետեւելով շրջաբերականին: Ան նշեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Կեդրոնական դրամատան կողմէ «Sayrafa» ելեկտրոնային...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը` Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի Նահանգին Կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Ճանաչման Վերաբերեալ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների Նիւ Ճըրզի նահանգի Ծերակոյտը յունիսի 30-ին ընդունեց «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախում քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ յարձակումները դատապարտող» բանաձեւ, որով ճանաչեց նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այդպիսով` Նիւ Ճըրզին դարձաւ ամերիկեան 10-րդ նահանգը, որը ճանաչել է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Նիւ Ճըրզիի օրէնսդիր մարմինը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պատշաճ ոգեկոչման վերաբերեալ յանձնառութիւնների վերահաստատմանը, Արցախի Հանրապետութեան...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունէ Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէի Իրականացումը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ողջունած Է Նիւ Ճըրզիի Կողմէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքի եւ անկախութեան ճանաչումը: Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ գրուած է. «Նահանգի Ծերակոյտում ընդունուած համապատասխան բանաձեւում դատապարտւում են 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը, տասնամեակներ շարունակուող Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութիւնը, 2020 թուականին Թուրքիայի, Ազրպէյճանի եւ միջազգային ահաբեկիչների կողմից Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմը` դրանք փաստօրէն դիտարկելով որպէս մէկ...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքը Յառաջիկայ Օրերուն Պիտի Դիմէ Սահմանադրական Դատարան

Երէկ «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայաստան» դաշինքն յառաջիկայ օրերին կը դիմի Սահմանադրական դատարան` յունիսի 20-ին կայացած քուէարկութեան արդիւնքներն անվաւեր ճանաչելու պահանջով: Դաշինքն ստացել է մօտ 300 հազար ընտրողի քուէ եւ անպայման տէր է կանգնելու այդ քուէներին, չի դաւաճանելու իր ընտրողին: Մեր պայքարը շարունակուելու է: Այս իշխանութեան ամենաթողութիւնը պէտք է սահմանափակուի, պէտք է ապացուցենք, որ նրանք ներկայացնում են ամենափտած իշխանութիւնը...

«ԵԱՏՄ Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիրները Եւ Ներքին Շուկայի Պաշտպանութիւնը» Խորագիրով Քննարկում

«ԵԱՏՄ Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագիրները Եւ Ներքին Շուկայի Պաշտպանութիւնը» Խորագիրով Քննարկում

Երէկ` հինգշաբթի, 1 յուլիսին «Քոնկրես» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «ԵԱՏՄ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրները եւ ներքին շուկայի պաշտպանութիւնը» վերլուծութեան ներկայացումը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ` ազատ առեւտուրի նոր համաձայնագիրներ կնքելու ԵԱՏՄ բանակցութիւններուն, կատարուելիքներուն եւ այլ յարակից հարցերու մասին: «ԵԱՏՄ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրները եւ ներքին շուկայի պաշտպանութիւնը» վերլուծութեան քննարկումին նախաձեռնած էր «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը` «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնադրամին հետ միասին: «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի տնօրէն...

Ընկերային Ու Քաղաքական Անկայունութեան Լոյսին Տակ Յոյսի Նշոյլ Մը` Վատիկանէն

Ընկերային Ու Քաղաքական Անկայունութեան Լոյսին Տակ Յոյսի Նշոյլ Մը` Վատիկանէն

Լիբանան կը շարունակէ տարուբերիլ ընկերային, տնտեսական, ապրուստի ու քաղաքական անկայուն իրավիճակի մէջ, որուն գլխաւոր «գինը» կը հատուցէ ու կը վճարէ քաղաքացին` ի հեճուկս իր առողջութեան, օրապահիկին եւ ապագայի ծրագրաւորումին: Արդարեւ, այս կացութեան գլխաւոր թարգմանը կը նկատուի «փողոցը» ուր օր ըստ օրէ կացութիւնը առաւել եւս կը վատթարանայ: Փաստօրէն, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի վերջին նիստին ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեանց աղբիւրներ զգուշացուցած էին կացութեան...

Վատիկանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումը

Վատիկանի Մէջ Սկիզբ Առաւ Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումը

Հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին, Վատիկանի պապական ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը` ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս պապին: Ժողովէն առաջ հաւաքական աղօթք տեղի ունեցաւ Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ: Ժողովի առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` «Ընկերային-քաղաքական ներկայ տագնապը Լիբանանի մէջ եւ  զայն դիմագրաւելու ազդու միջոցները» նիւթին շուրջ: Վեհափառ հայրապետին դասախօսութենէն ետք շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցաւ լայն քննարկում:...

Նախագահ Աուն Նախագահեց Դեղորայքի Յատուկ Ժողովի

Նախագահ Աուն Նախագահեց Դեղորայքի Յատուկ Ժողովի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց յատուկ աշխատանիստի մը` մասնակցութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Լիբանանի մէջ դեղարաններէն դեղորայքի «անյայտացման» եւ գտնուող դեղերու սակագիներու «սեւ շուկայի» ստեղծման հետեւանքները: Այս առիթով ժողովականները շեշտեցին դեղորայքի մարզին պետական աջակցութեան պահպանումը եւ...

Ակնարկ.  Բանակը Կը Վերահսկէ Քաոսին

Ակնարկ. Բանակը Կը Վերահսկէ Քաոսին

Լիբանանի դէմ շարունակուող ֆինանսական շրջափակումի հետեւանքները թեւակոխած են նոր փուլ: Ճանապարհներ փակելու անհնազանդութեան շարժումները կը տարածուին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Կը նկատուի սակայն ոճային փոփոխութիւն: Սակաւաթիւ խումբեր յանկարծակի կը գրաւեն հիմնական պողոտաներու խաչմերուկներ, կ՛անդամալուծեն երթեւեկը: Շարժումը չի ստանար զանգուածային տեսք, այլ ճամբայ փակել-բանալու գործողութիւններով կը ստեղծէ պարագայական իրավիճակներ` քաղաքացիին միտքին մէջ տեղաւորելով յառաջիկայ ժամերուն ճամբայ փակելու գործողութեան հնարաւորութիւնը: Բողոքի այս...

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Եօթը Հայ Ռազմագերիներու Վերաբերող Դիմում Ներկայացուեցաւ Եւրոպական Դատարանին

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը 30 յունիսին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, թէ Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը, համագործակցաբար Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած «Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոն»-ին հետ, յաւելեալ եօթը դիմում ներկայացուց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին` խնդրելով «ժամանակաւոր միջոց կիրարկել» 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութենէն ետք միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով գերեվարուած հայ զինուորական ծառայողներու գործերով: «Արդարութեան...

Միջազգային Կարմիր Խաչը 5 Անգամով Աւելցուցած Է Արցախի Մէջ Իր Առաքելութեան Ֆինանսաւորումը

Միջազգային Կարմիր Խաչը 5 Անգամով Աւելցուցած Է Արցախի Մէջ Իր Առաքելութեան Ֆինանսաւորումը

Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Փիթըր Մաուրեր յայտնած է, որ այս տարի միջազգային կառոյցը 5 անգամ աւելցուցած է Արցախի մէջ իր առաքելութեան ֆինանսաւորումը` զայն հասցնելով 50 միլիոն եւրոյի: Այս մասին Մաուրեր յայտնած է «Իզվեսթիա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ան աւելցուցած է, որ Միջազգային կարմիր խաչը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ պատերազմական գերիներու փոխանակման հոլովոյթին, սակայն պահուող անձերու կարգավիճակին շուրջ...

Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի Նահանգը Ճանչցած Է Արցախը

Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի Նահանգը Ճանչցած Է Արցախը

Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը: Նիւ Ճըրզիի նահանգային ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունած է բանաձեւը, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Ծերակոյտը Արցախը ճանչնալէ բացի դատապարտած է Թուրքիան ու Ազրպէյճանը Արցախի ու Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակումներու համար եւ վերահաստատած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Նիւ Ճըրզին Արցախի անկախութիւնը ճանչցած Միացեալ Նահանգներու 10-րդ նահանգն է:

Page 7 of 256 1 … 6 7 8 … 256