Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին զոհողութիւններն ու իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ գոյատեւելու անոր պայքարը, յատկապէս Կազայի եւ պաղեստինեան կարգ մը շրջաններու մէջ սանձազերծուած վերջին պատերազմին ընթացքին ցուցաբերուած գոյամարտը պիտի արդիւնաւորուին, եւ իրաւունքը պիտի վերադառնայ իրաւատիրոջ:
«Պաղեստինցի ժողովուրդը փաստեց իր մղած պայքարին մէջ միասնական ըլլալու կամքը, ինչ որ կարեւոր ազդակ է` ուժի եւ դիմադրութեան տարազին պարագային», հաստատեց ան:
Նախագահ Աուն շնորհաւորեց պաղեստինցիներն ու պաղեստինեան ղեկավարութիւնները իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրելու առումով: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց ինկած նահատակներուն համար եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ընդդիմանալու ուժ բանեցնողներուն, բռնագաղթի ենթարկողներուն եւ իրաւունքները իւրացնողներուն` վերահաստատելով, որ առանց արդարութեան խաղաղութիւն չկայ, իսկ առանց իրաւունքները յարգելու արդարութիւն չ՛ըլլար:
Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Կազայի վերաշինութիւնը արագ կ՛ընթանայ եւ այդ աշխատանքին կ՛օժանդակեն միջազգային եւ արաբական ընտանիքը:
Հանիէ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ դիմադրութիւնը ռազմավարական հիմնական ընտրանքն է` Պաղեստինի ազատագրումին:
Ան աւելցուց, որ քաղաքական իրենց սկզբունքները հաստատ են, յատկապէս պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին առումով:
Հանիէ նշեց, որ նախագահ Աունին շնորհակալութիւն յայտնած են` պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն զօրակցելու առումով, եւ մաղթեց, որ պաղեստինցի գաղթականներուն ընկերային եւ մարդկային յաւելեալ իրաւունքներ յատկացուին:
«Իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ կը պայքարինք պաղեստինեան հողին վրայ, իսկ Լիբանան ինք կ՛որոշէ ինչպէս զօրակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդին», ըսաւ Հանիէ` ընդգծելով, որ պաղեստինեան գաղթակայանները միշտ պիտի ծառայեն իբրեւ Լիբանանի կայունութեան ազդակ:
Հանիէ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ պաղեստինեան իրադարձութիւնները:
Պըրրի Հանիէն շնորհաւորեց Պաղեստինեան դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց ամբողջ Պաղեստինը եւ անոր դիմադրութիւնը:
Իր կարգին, Հանիէ յաղթանակը նուիրեց Նեպիհ Պըրրիին` հաստատելով, որ իրենք լաւ գիտեն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար այդ յաղթանակին նշանակութիւնը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ իր կարգին ընդունեց Հանիէն, որուն հետ քննարկեց Կազայի դէմ վերջին պատերազմին արդիւնքներն ու Իսրայէլի դէմ արձանագրուած յաղթանակը:



