Այն միջոցին, երբ Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ընկերային, տնտեսական եւ առհասարակ ապրուստի կենցաղային կարիքներու ապահովման կոչերը օր ըստ օրէ կը սաստկանան, անդին զանազան կողմերու ղեկավարներ կը փութան իրենց կարելին ընել, գէթ «երեսին ջուրը պահելու» եւ իրենց ուսերէն վանելու կացութեան վատթարացման մեղսակցութեան «բեռը»: Փոխադարձ որակումներով, պատկան կողմերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ լուծման ճիգերու ձգձգման պատասխանատուութիւնը վերագրել հակադիր կողմի կեցուածքին: Իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով, քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին եւ համախոհութիւնը գրեթէ ամբողջացած է, բացի քանի մը «մանր» արգելքներու հարթումէն:
Այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել խորհրդարանի վերջին «շարժումը» երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, ուր երեսփոխաններ քաղաքացիներուն նման զրկուելով ելեկտրածին շարժակի զովացնող բարիքէն` քրտինքներու մէջ առաւօտեան եւ երեկոյեան զոյգ նիստերով ջանացին որոշել ու վաւերացնել կարգ մը տարրական կարիքներու առնչուող օրինագիծեր:
Սակայն լիբանանցիք յուսալքուած են ու կը սպասեն գործնական շօշափելի արդիւնքներու եւ խոստմնալից իրագործումներու:
Այս մթնոլորտին մէջ հայեացքները ուղղուած են Վատիկան, ուր Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը Հռոմի պապին հետ խորհրդակցելով պիտի փորձեն կացութեան ելք մը գտնել: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ պապը իր խօսքին մէջ յատուկ պատգամ պիտի ուղղէ միաժամանակ լիբանանցիներուն եւ արտաքին առնչակից կողմերու ղեկավարներուն: Նմանապէս, այս առիթով խօսք պիտի առնեն Լիբանանի քրիստոնեայ գլխաւոր հոգեւոր պետերը: Այս գծով Պքերքէի աղբիւրներ յայտնեցին, որ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը պիտի պահանջէ կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնն ու Լիբանանի յատուկ միջազգային համագումարի կայացումը:
Այս առիթով պապը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն` աղօթելու Լիբանանին համար:
Առ այդ, այսօր Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ եկեղեցիներուն զանգերը պիտի ղօղանջեն եւ հաւատացեալներ պիտի աղօթեն Լիբանանի փրկութեան համար:
Նաեւ` Արտաքին Քաղաքական Օրակարգի Վրայ
Լիբանան նաեւ օրակարգի վրայ էր Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին: Այս առիթով քննելով Լիբանանի կացութիւնը նախարարները կոչ ուղղեցին խոստացուած բարեկարգումները գործադրելու` իբրեւ նախապայման օժանդակութեան որեւէ նախաձեռնութեան համար:



