Newsletter

Նախագահ Աուն Հասանի Հետ Քննարկեց Առողջապահական Մարզի Իրավիճակը

Նախագահ Աուն Հասանի Հետ Քննարկեց Առողջապահական Մարզի Իրավիճակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց առողջապահական մարզի իրավիճակն ու դեղորայքի, բժշկական սարքերու եւ դարմանումի վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն յայտնեց, որ այս շաբթուան ընթացքին դրական արդիւնքներ պիտի յայտարարուին` դեղորայքի, բժշկական սարքերու եւ դարմանումի վերաբերող նպաստին մասին: Հասան հաստատեց, որ նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարած է Կեդրոնական...

«Հայաստանի Մէջ Մշակել Ռազմավարութիւն, Որուն Հիմամբ Հասարակական Առողջապահութիւնը Նոյնքան Կարեւոր Ըլլայ, Որքան Ֆիզիքական Պաշտպանութիւնը»   Հաստատեց Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

«Հայաստանի Մէջ Մշակել Ռազմավարութիւն, Որուն Հիմամբ Հասարակական Առողջապահութիւնը Նոյնքան Կարեւոր Ըլլայ, Որքան Ֆիզիքական Պաշտպանութիւնը» Հաստատեց Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան

«Ազդակ»-ի 32-րդ Առցանց  Լսարան «Ազդակ»-ի 32-րդ առցանց լսարանին դասախօսեց համաճարակաբան փրոֆ.  Յարութիւն Արմէնեան. նիւթ` «Համավարակն ու ապագայի մեր պարտաւորութիւնները»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Փրոֆ. Արմէնեանի դասախօսութիւնը ներառած էր հիմնական 5 բաժին. - հիւանդութեան աստիճանաւորումը եւ սառցալեռը, - կարելի միջոցառումներ համավարակին դէմ, - պարտաւորութեանց/գործունէութեան դաշտը, - ռազմավարութիւն եւ գիտութիւն, - եզրակացութիւն: Փրոֆ. Յարութիւն Արմէնեան մասնագիտական ներկայացում...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի 61-րդ Պատգամաւորական ժողովը  գումարուեցաւ հինգշաբթի, 24 եւ ուրբաթ, 25 յունիս 2021-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանի: Երկու օրերու ընթացքին ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան եռամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերէ եկած առաջարկները եւ պատրաստեց համապատասխան բանաձեւ: Երկօրեայ աշխատանքի աւարտին ժողովը ընտրեց 2021-2023 տարեշրջանի համար նոր Շրջանային վարչութիւն մը` հետեւեալ...

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

Երէկ «Հայաստան» դաշինքը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Չսպասելով 2021 թուականի յունիսի 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքների պաշտօնական հաստատմանը, յատկապէս, երբ դրանք վիճարկւում են, Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաւոր դրութեամբ աշխատող գործադիր իշխանութիւնն ու նրան հնազանդ կամակատարներն աւելի սանձարձակ են դարձել: Բազմաթիւ առերեւոյթ յանցագործութիւններ կատարած վարչախումբը, պետական մակարդակով անցել է քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած բացայայտ ահաբեկման եւ բռնաճնշումների: «Իրաւունքի եւ օրէնքի բռնատիրութեան» մասին խօսող վարչախումբը,...

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Ամփոփեց Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Ամփոփեց Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը կազմեց եւ ստորագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն արձանագրութիւնը, ըստ որուն` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ընտրողներու 53,91 առ հարիւր ձայները, «Հայաստան» դաշինքը` 21,09 առ հարիւրը, իսկ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը` 5,22 առ հարիւրը: Այս մասին ըսաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած յանձնախումբի արտահերթ նիստին: Տիգրան Մուկուչեանը ներկայացուց Ազգային ժողովի ընտրութիւններու...

Ժողովրդային Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակեն Մեղմ Թափով Յառաջանալ, Իսկ Վառելանիւթի Սակը Կը Գտնուի Ճշդուելու Սեմին

Ժողովրդային Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակեն Մեղմ Թափով Յառաջանալ, Իսկ Վառելանիւթի Սակը Կը Գտնուի Ճշդուելու Սեմին

Մինչ երկրին մէջ տիրող ապրուստի ծանր պայմաններուն ճնշումին տակ ժողովրդային բողոքի ցոյցերը կը շարունակեն մեղմ թափով յառաջանալ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, «Մարքազիէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ 24 ժամերուն ընթացքին պիտի վերադառնայ Պէյրութ, ուր մինչեւ չորեքշաբթի օր պիտի առաջադրէ կառավարութեան նոր կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն 24 նախարարներ: Ըստ նոյն տեղեկութիւններուն, 24 նախարարները բաժնուած...

Հարիրի – Էրտողան Հանդիպում

Հարիրի – Էրտողան Հանդիպում

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Թուրքիա, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:  

Խալտէի Հանդիպում.   Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմել Եւ Լեռնալիբանանի Անդորրը Խախտող Յանցագործները Յանձնել Դատական Իշխանութիւններուն

Խալտէի Հանդիպում. Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմել Եւ Լեռնալիբանանի Անդորրը Խախտող Յանցագործները Յանձնել Դատական Իշխանութիւններուն

Շաբաթ, 26 յունիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի Խալտէի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջտիւրզիական հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ: Ներկայ էին նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի եւ Արսլանի խորհրդատու Ֆարհան Ապու Հասան: Հանդիպումէն ետք Ուահապ կարդաց տիւրզի համայնքի ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումին ընթացքին...

Պէյրութի Մէջ.   Հանիէ. «Լիբանան Այցելութիւնս Յատուկ Կարեւորութիւն Կը Ներկայացնէ»

Պէյրութի Մէջ. Հանիէ. «Լիբանան Այցելութիւնս Յատուկ Կարեւորութիւն Կը Ներկայացնէ»

Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայէլ Հանիէ` ընկերակցութեամբ Համասի մէկ պատուիրակութեան, երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ պետական ու քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու եւ պաղեստինեան խմբաւորումներու ղեկավարներու հետ: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն ընթացքին Հանիէ հաստատեց, որ Լիբանան իր այցելութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Հանիէ շեշտեց, որ հանդիպումները պիտի ընդգրկեն երկկողմանի հարցերու...

Ֆահմի. «Կը Կարծեմ, Որ Ներկայ Կառավարութիւնը  Պիտի Կազմակերպէ Յաջորդ  Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

Ֆահմի. «Լիբանանեան-Սէուտական Համագործակցութիւնը Կրցաւ Բացայայտել Դէպի Ժետտա «Քեփթակոն» Մաքսանենգելու Գործողութիւնը»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի դրուատեց Լիբանանի Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ սէուտական ապահովութեան ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ բացայայտել դէպի Ժետտա «Քեփթակոն» թմրանիւթ մաքսանենգելու գործողութիւնը: Ֆահմիի համաձայն, Ժետտայի նաւահանգիստին մէջ կարելի եղած է բացայայտել 14.000.400 «Քեփթակոն»-ի դեղահատ, որ Պէյրութի նաւահանգիստէն հասած է Լաթաքիա եւ ապա Ժետտա` յունական կեղծ փաստաթուղթի անուան տակ: Ֆահմի բարձր գնահատեց...

Նաժըմ. «Դատական Իշխանութիւնը Պատասխանատու Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Ճշմարտութեան Բացայայտումին»

Նաժըմ. «Դատական Իշխանութիւնը Պատասխանատու Է Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Ճշմարտութեան Բացայայտումին»

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ ընդունեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ ներկայացուց իր մտավախութիւնները` դատական հոլովոյթին հանդէպ: Պէյրութի պայթումի զոհերուն հարազատները Նաժըմէն պահանջեցին, որ դատական իշխանութիւնները անյապաղ բացայայտեն պայթումին ճշմարտութիւնը: Մարի Քլոտ Նաժըմ հաստատեց, որ դատական իշխանութիւնը պատասխանատու է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութեան բացայայտումին եւ այդ իմաստով արդարութեան հաստատումին: Ան շեշտեց, որ արդարութեան նախարարութիւնը բնաւ...

Էքօ Պուրակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Էքօ Պուրակի Բացում` Այնճարի Մէջ

25 յունիսին Այնճար հայաւանին մէջ Միացեալ Նահանգներու Բարգաւաճման գործակալութեան Լիբանանի գրասենեակին (Եու. Էս. Էյտ. Լեպանոն) ֆինանսաւորումով բացումը կատարուած է հսկայական էքօ պուրակի` ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիայի: Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Էքօ պուրակը կ՛ընդգրկէ կանաչ տարածքներ, ծառերու տնկիներու նախնական աճեցման տնակներ, ծառատնկուած...

alecco_annie-bezikian_62821

Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը: Պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը. ա) Յիշեալ աշխատանքը պիտի կատարուի յատուկ յանձնախումբի...

Ակնարկ.  Լիբանանեան Հասարակական Փորձադաշտը

Ակնարկ. Լիբանանեան Հասարակական Փորձադաշտը

Լիբանանեան թնճուկներու արագընթաց հիւսուածքի կամ խնդիրներու կուտակումի ծաւալային երեւոյթը չի պարտաւորեցներ ահազանգային իրավիճակէ մղուած արմատական փոփոխութիւններու համար փոխզիջումներ կատարելու եւ սկսելու համար` կառավարութիւն կազմել: Համակողմանի համոզում է, որ խնդիրը նախարարական աթոռներուն կամ անոնց չափաբաժիններու տիրացման առեւտուրին հետ կապուած չէ: Այդ հանգոյցը էական արգելակումներուն տեսանելի բաժինն է: Անոր ետին գտնուող պատճառները լիբանանեան սահմաններէն շատ հեռու կ՛երթան եւ կը թաքնուին տարածաշրջանային օրակարգերու...

Ըստ Եւրոպացի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն.  Եւրոպական Միութեան Համար Կարեւոր Է  Հարաւային Կովկասի Կայունութիւնը

Ըստ Եւրոպացի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն. Եւրոպական Միութեան Համար Կարեւոր Է Հարաւային Կովկասի Կայունութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ` 25 յունիսին ընդունած է շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստան գտնուող Աւստրիոյ եւրոպական եւ միջազգային հարցերով դաշնակցային նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիելիւս Լանտսպերկիսը, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուն եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները նշած են, որ շրջանային այցելութեան նպատակն է ընդգծել Եւրոպական Միութեան համար հարաւկովկասեան շրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու...

Արցախի Ազգային Ժողովի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի  Յայտարարութիւնը` Պաքուի Հայ Բնակչութեան  Զանգուածային Ջարդերու 29-րդ Տարելիցին Առիթով

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով. «Անընդունելի Եւ Դատապարտելի Է Ազգը Համախմբող Բարոյական Եւ Պետական Հիմքերուն Խարխլումը»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները` «Ազատ հայրենիք–ՔՄԴ», «Միասնական հայրենիք», «Արդարութիւն», «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւն», հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձան 44-օրեայ պատերազմին եւ յետպատերազմեան շրջանին հայրենիքին սպառնացող խնդիրներուն: Ստորեւ յայտարարութեան ամբողջութիւնը. «Սեպտեմբերի 27-ին Ազրպէյճանի կողմից սանձազերծուած պատերազմը բոլորիս կանգնեցրել է աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու, անվտանգութեան սպառնալիքները դիմագրաւելու եւ պատերազմի հետեւանքով ի յայտ եկած կենսական խնդիրների...

Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղելով Անհետեւանք  Չձգելու Ազրպէյճանի Քայլերը`  «Պատերազմական Գերիները Հետապնդելը  Միջազգային Ուխտերու Կոպիտ Խախտում Է»  Կ՛ըսէ Շիֆ

Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղելով Անհետեւանք Չձգելու Ազրպէյճանի Քայլերը` «Պատերազմական Գերիները Հետապնդելը Միջազգային Ուխտերու Կոպիտ Խախտում Է» Կ՛ըսէ Շիֆ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ իր դիմատետրեան էջին վրայ անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիներուն եւ անոնց դէմ սկսած դատական գործերուն: Դեմոկրատական քոնկրեսականը ահազանգած է մարդու իրաւունքներու խախտման մասին: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տագնապէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումը անընդունելի է: Պատերազմական գերիները հետապնդելը միջազգային ուխտերու կոպիտ խախտում է եւ Ազրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու...

Վառելանիւթի Տագնապը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում Մը,  Որ Լիբանանցի Քաղաքացիին Օրուան  Ապրուստի Պայմանները Կը Վատթարացնէ

Վառելանիւթի Տագնապը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում Մը, Որ Լիբանանցի Քաղաքացիին Օրուան Ապրուստի Պայմանները Կը Վատթարացնէ

Մինչ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարներ կը շարունակեն մերթ ընդ մերթ փակել ճամբաները, անիւներ հրկիզել եւ երթեւեկի խճողում պատճառել` բողոքելով երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ ապրուստի պայմաններուն դէմ, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վաւերացուց վառելանիւթը ամերիկեան տոլարի դիմաց 3900 սակի հիման վրայ վաճառելու առաջարկը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ վառելանիւթի տագնապը լուծել: Այս կարգադրութեամբ պենզինի թիթեղին սակը 15.000 լ....

Նախագահ Աուն Պապին Յղեց Նամակ Մը

Նախագահ Աուն Պապին Յղեց Նամակ Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի տեղակալ գերապայծառ Ճիուզեփէ Ֆրանքոնին, որուն յանձնեց գրաւոր նամակ մը` յղուած Ֆրանչիսկոս պապին: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները յոյսով կը սպասեն լիբանանցի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հանդիպումին, որուն հրաւիրած է պապը, Վատիկանի մէջ, հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛ապրի դժուար պայմաններու մէջ եւ այդ փուլին...

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան  Առումով Պիտի Զօրակցինք Իրաւունքին,  Իսկ Իրանէն Վառելանիւթ Ներածելու Նախաքայլը Առնուած Է»

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Պիտի Զօրակցինք Իրաւունքին, Իսկ Իրանէն Վառելանիւթ Ներածելու Նախաքայլը Առնուած Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան տեղական քաղաքական իրադարձութիւններուն: Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին սկիզբը խստիւ դատապարտեց Դիմադրութեան մշակոյթը տարածող կայքերը փակելու ամերիկեան բռնարարքները` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի կողմէ այդ կայքերը փակելու քայլը յաւելեալ փաստ մըն է մեր ժողովուրդին եւ աշխարհի ժողովուրդներուն համար, թէ Միացեալ Նահանգներ կը կեղծեն ժողովրդավարութիւնն ու...

Page 9 of 256 1 … 8 9 10 … 256