Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Եւ Հանիէ Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Ամրապնդումին Կարեւորութիւնը

June 30, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իսմայէլ Հանիէն եւ անոր ընկերակցող պաղեստինեան պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Կազայի դէմ իսրայէլեան վերջին պատերազմին պատճառները, ընթացքն ու արդիւնքները` պաղեստինեան, արաբական, իսլամական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Կազայի դէմ պատերազմին արդիւնքները կ՛արտօնեն, որ Պաղեստինի մէջ դիմադրութիւնը, իրեն հետ ունենալով Դիմադրութեան ամբողջ առանցքը, հիմնուի այդ յաղթանակին վրայ եւ իր ամբողջ ներուժը ի գործ դնէ յանգելու վճռորոշ ու վերջնական յաղթանակի:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ սէյիտ Նասրալլա եւ Հանիէ ընդգծեցին Հըզպալլայի եւ Համաս շարժումին միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի անդրադարձաւ սէյիտ Նասրալլա-Հանիէ հանդիպումին` անոր տալով հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. «Լիբանանի մէջ Իրանի վեհաժողովը` շրջանին մէջ ուժեղացնելու համար ահաբեկչութիւնը»:

Ատրահի յայտնեց, որ այդ հանդիպումին լուսանկարը կը փաստէ, որ շրջանի բնակիչներուն, յատկապէս լիբանանցի ժողովուրդին մնացորդացին նկատմամբ ահաբեկչական ծրագիր մը կը նիւթուի:

Նշենք նաեւ, որ երկուշաբթի, 5 յուլիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած խօսք մը պիտի արտասանէ «Պաղեստինը` յաղթական» խորհրդաժողովին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ:

 

Նախորդը

Ուահապ. «Հարիրի Կը Պատրաստուի Քաղաքական Իր Ասպարէզին Հրաժեշտ Տալու, Իսկ Պըրրի Վերընտրուելու Լուրջ Խնդիր Ունի»

Յաջորդը

Շարպել. «Իսրայէլ Արթուն Կը Սպասէ, Եւ Քաղաքական Սպանութիւններու Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.