Newsletter

Երեսփոխան Թերզեան Մասնակցեցաւ  Տնտեսական Եւ Ընկերային  Խորհուրդի Առցանց Նիստին

Երեսփոխան Թերզեան Մասնակցեցաւ Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդի Առցանց Նիստին

Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ներկայացնելով Հայկական երեսփոխան պլոքը մասնակցած է Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի առցանց նիստին: Երեսփոխան Թերզեան Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է, թէ երկրին մէջ տնտեսական թղթածրարի ահաւորութիւնը եւ «Քորոնա» ժահրի համավարակի ստեղծած տագնապին ժխտական ազդեցութիւնը երկրի տնտեսութեան վրայ, կը մղեն, որ լրջօրէն քննարկուի, ուղղութիւններ տրուին եւ յաջողութեան մղուի տնտեսական զարգացումը: «Այս նիստին քննարկեցինք նշեալ ձեւերը եւ միջոցները», ըսած է...

Ոստիկանութիւնը Չափազանցուած Բռնի Ուժ Կիրարկեց  Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ցուցարարներուն Դէմ

Ոստիկանութիւնը Չափազանցուած Բռնի Ուժ Կիրարկեց Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ցուցարարներուն Դէմ

Երէկ` երեքշաբթի, 23 փետրուարին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի կոչին ընդառաջելով, քաղաքացիներ հաւաքուեցան Հայաստանի կառավարական 3-րդ մասնաշէնքին դիմաց` խոչընդոտելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մուտքը շէնք: Իշխանութիւնները կանուխ առաւօտուն փակած էին ամբողջ տարածքը քանի մը հազար ոստիկաններով` այսպիսով փորձելով ապահովել Փաշինեանի անխափան մուտքը կառավարական 3-րդ շէնք: Յայտարարուած շարժումը պիտի սկսէր ժամը 11:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), սակայն անկէ 30 վայրկեան առաջ արդէն իսկ ոստիկանական զօրքերը պատ...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ոստիկանները Պէտք Է  Կանգնին Ժողովուրդի Կողքին»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ոստիկանները Պէտք Է Կանգնին Ժողովուրդի Կողքին»

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան հանդէս եկաւ տեսաուղերձով: «Նիկոլ, դուն մէկ տարի առաջ Հայաստանի մէջ կը պտտէիր հեծանիւով, ո՛վ ամբոխավար, քարոզչութիւն կը կատարէիր, կ՛ըսէիր` ժողովուրդին  վարչապետն ես, իսկ այսօր մայրաքաղաքին մէջ կը շրջիս զօրքով, 3-4 հազար ոստիկաններով, ես կը խոստանամ` մենք քեզի թոյլ պիտի չտանք  Հայաստանի մէջ հաստատես բռնատիրութիւն, դուն օր ու արեւ...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի  Խորհուրդի Յայտարարութիւն.  «Կանխեցէ՛ք Պետական Ահաբեկչութիւնը»

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւն. «Կանխեցէ՛ք Պետական Ահաբեկչութիւնը»

Երէկ` երեքշաբթի, 23 փետրուար 2021-ին Հայաստանի կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին դիմաց տեղի ունեցած ցոյցին եւ ցուցարար քաղաքացիներուն հանդէպ ոստիկանութեան կողմէ բիրտ ուժի գործադրութեան առիթով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Այսօր հայրենադաւ իշխանութեան գլխաւոր խորհրդանիշի այցը կառավարական 3-րդ մասնաշէնք ուղեկցուեց բազմաթիւ արժանապատիւ քաղաքացիների հանդէպ ակնյայտ անհամաչափ ուժի գործադրմամբ: Յատուկ դիտաւորութեամբ բռնութեան ենթարկուեց նաեւ Հայրենիքի փրկութեան...

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի  Անկանոն Հոլովոյթը Վերածուեցաւ Գայթակղութեան

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի Անկանոն Հոլովոյթը Վերածուեցաւ Գայթակղութեան

14 փետրուարին Լիբանանի մէջ սկսած «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստումի հոլովոյթը, որուն ընթացքին անկանոն, դանդաղ եւ քաոսային ըլլալուն մասին բաւական բողոքներ արդէն իսկ արձանագրուած էին, տասը օր ետք հասաւ գայթակղութեան, երբ բացայայտուեցաւ, որ 16 երեսփոխաններ եւ խորհրդարանի 5 ընդհանուր տնօրէններ արդէն իսկ պատուաստ ստացած են: Հակառակ անոր որ անոնցմէ ոմանք 75 տարիքը բոլորած քաղաքացիներ են եւ հաստատեցին, որ ե-հարթակին վրայ իրենց...

«Անհրաժեշտ Է Հասարակութեան Մէջ Կիներուն  Դերակատարութիւնը Աշխուժացնել»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Անհրաժեշտ Է Հասարակութեան Մէջ Կիներուն Դերակատարութիւնը Աշխուժացնել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առցանց խօսքով մը բացումը կատարեց Կիներու արաբական կազմակերպութեան Ը. խորհրդաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի մէջ եւ որուն ընթացքին պիտի քննարկուին արաբ կիներու դերակատարութիւնը, անոնց դիմագրաւած մշակութային մարտահրաւէրներն ու զանոնք գործակցութեան ու յաջողութեան առիթներու վերածելու կարեւորութիւնը: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ բոլոր քաղաքակրթութիւնները մշակոյթներէ կը ծնին` աւելցնելով, որ մշակոյթը երեք տրամաչափութեամբ աշխատանքի ռազմավարութիւն է, որ հիմնուած...

«Ֆրանչիսկոս Պապի Լիբանան  Այցելութիւնը Հաւանական Է»  Շեշտեց Կարտինալ Սանտրի

«Ֆրանչիսկոս Պապի Լիբանան Այցելութիւնը Հաւանական Է» Շեշտեց Կարտինալ Սանտրի

Արեւելքի մէջ կաթողիկէ եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Լիոնարտէ Սանտրի «Վատիկան նիուզ» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը 5-8 մարտ 2021 պիտի այցելէ Իրաք, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու հոգեւոր պետերուն հետ: Սանտրի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապի Լիբանան այցելութիւնը հաւանական է` աւելցնելով, որ Լիբանանը պատգամի երկիր է, ուր համերաշխութիւնն ու ազգային...

Պըրրի Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Մասնակի  Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Մանրամասնութիւնները

Պըրրի Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մանրամասնութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնն ու մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆահմի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Պըրրի 17 փետրուար 2021-ին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժարի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ եթէ...

Կանց. «Եթէ Նասրալլայի Սպառնալիքները Գործերու  Վերածուին, Ապա Անոր Հետեւանքները Ցաւալի  Պիտի Ըլլան Հըզպալլայի, Անոր Ղեկավարութեան  Եւ Լիբանանցիներուն Համար»

Կանց. «Եթէ Նասրալլայի Սպառնալիքները Գործերու Վերածուին, Ապա Անոր Հետեւանքները Ցաւալի Պիտի Ըլլան Հըզպալլայի, Անոր Ղեկավարութեան Եւ Լիբանանցիներուն Համար»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց երէկ այցելեց Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջան, ուր յայտարարեց, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպառնալիքները գործերու վերածուին, ապա անոր հետեւանքները ցաւալի պիտի ըլլան Հըզպալլայի, անոր ղեկավարութեան եւ լիբանանցիներուն համար: Կանց կը պատասխանէր սէյիտ Նասրալլայի կատարած այն յայտարարութեան, որ եթէ իսրայէլացիները պատերազմ պարտադրեն, իրենք պատրաստ են պատերազմելու, եթէ անոնք լիբանանեան քաղաքները ռմբակոծեն, իրենք իսրայէլեան քաղաքներ...

Խմբագրական.  Հայոց Հանրապետութեան Վերակայացման Համար

Խմբագրական. Հայոց Հանրապետութեան Վերակայացման Համար

20 փետրուարի հանրահաւաքը, անկախ վայրի եւ թուականի հետ կապուած խորհուրդներէն, հայրենիքի եւ պետականութեան փրկութեան ուղղութեամբ առնուող քայլերու նոր ելակէտ կ՛ենթադրէ: Կը համոզէ, նախ եւ առաջ, որ արձանագրուածը սոսկ իշխանափոխութեան առաջադրանք չէ, այլ պետականութեան երթը վերադարձնել ազգային հուն: Փրկութեան գործողութիւն: Դրսեւորուած վճռակամութիւնը` հակառակ եղանակային խստագոյն պայմաններուն, սկսուած երթի անտեղիտալիութեան մասին կը վկայէ: Երթ, որ կ՛առաջադրէ գերխանդավառ մթնոլորտի մէջ ընտրուած խորհրդարանի վերաձեւաւորումը,...

Երեւանի Մէջ Անհնազանդութեան Անդադրում  Շարժումները Հազարաւորներու Մասնակցութեամբ  Սկիզբ Առին` Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

Երեւանի Մէջ Անհնազանդութեան Անդադրում Շարժումները Հազարաւորներու Մասնակցութեամբ Սկիզբ Առին` Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

Երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուարին, Երեւանի Պրահայի այգիէն սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի անհնազանդութեան երթը, որուն բազմահազար մասնակիցները կը վանկարկէին «Նիկոլ դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»` պահանջելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անհնազանդութեան երթէն առաջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ` շեշտելով, որ միասնաբար կարելի...

Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւններուն  Առիթով Յարուցուած Է Քրէական Գործ

Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւններուն Առիթով Յարուցուած Է Քրէական Գործ

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի` 20 փետրուարին հանրահաւաքի ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին ըսին Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն: Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն նշեցին, որ քրէական գործը յատուցուած է Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով (Իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած...

Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ

Մինչ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ծրագրէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Քուէյթ մեկնիլ, Լիբանանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, թէ 18 նախարար հաշուող կառավարութիւն պիտի չկազմուի, այլ ճիգեր ի գործ կը դրուին 22 կամ 24 նախարարներէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմել: Այս լուրերուն զուգահեռ, Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ գիշեր հերքեցին նման ճիգերու գոյութիւնը` վերահաստատելով, որ Հարիրի կառչած կը մնայ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց  Ուեհպէի Եւ Մեծարեց «Արքանսիել»-ը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ուեհպէի Եւ Մեծարեց «Արքանսիել»-ը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի, որուն հետ քննարկեց Ֆրանսախօս երկիրներու միութեան անդամ երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներուն գումարելիք ժողովին իր մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: Նշենք, որ այդ ժողովին տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու միութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հաստատութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւն: Միւս կողմէ, Վ. Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան  Գրատարած Վիճակահանութեան Առցանց Երկու Ձեռնարկներ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարած Վիճակահանութեան Առցանց Երկու Ձեռնարկներ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, փետրուար ամսուան ընթացքին, կազմակերպեց վիճակահանութեան առցանց երկու ձեռնարկներ: Այս ձեռնարկներուն մասնակցեցան Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ տարբեր երկիրներէ աւելի քան 700 ընթերցասէրներ, մանուկներ եւ պատանիներ: Առաջին մրցումին պարգեւներն էին Համազգայինի հրատարակութիւններէն` «Ովքեր են սպաննել Ջեմալ Փաշան», «Աշոտ Երկաթ» եւ «Սեմեր»: 20 բախտաւորներ ստացան այս գիրքերէն ծրարներ: Երկրորդ մրցումը ուղղուած էր պատանիներուն եւ մանուկներուն: Բախտաւորները, Համազգայինի մանկական հրատարակութիւններէն,...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հսկայածաւալ  Հանրահաւաքին Ընթացքին Ազդարարուեցաւ Ամէնօրեայ  Անդադրում Անհնազանդութեան Շարժումներու Մեկնարկը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հսկայածաւալ Հանրահաւաքին Ընթացքին Ազդարարուեցաւ Ամէնօրեայ Անդադրում Անհնազանդութեան Շարժումներու Մեկնարկը

Յառաջիկային Համահայկական Ներկայացուցչական Մեծ Ֆորում` Հայաստանի Վերելքի Ծրագիրը Մշակելու Համար Շաբաթ, 20 փետրուարին, Ազատութեան հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հսկայածաւալ հանրահաւաքը: Օրը պատահական չէր ընտրուած` 1988-ին, նոյն օրը սկիզբ առաւ արցախեան շարժումը: Հանրահաւաքին եկած քաղաքացիները կը պահանջէին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքին սկիզբը ընդգծեց, որ յուզիչ օր է, քանի որ 33 տարի...

Քոնկրեսի 100 Անդամներ Պայտընի Վարչակազմին  Կոչ Կ՛ուղղեն` Արցախի Եւ Հայաստանի  Կողքին Կանգնելու

Քոնկրեսի 100 Անդամներ Պայտընի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղեն` Արցախի Եւ Հայաստանի Կողքին Կանգնելու

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հարիւր անդամներ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղեն` շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու Արցախի գոյատեւման եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հասցէագրուած նամակին մէջ կ՛ընդգծուի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած ճգնաժամին լրջութիւնը, որ յառաջացած է անցեալ տարուան աշնան ազրպէյճանաթրքական յարձակումին պատճառով: Քոնկրեսականները Միացեալ Նահանգներու կողմէ շտապ գործողութիւններ կ՛առաջարկեն:...

Քանատայի Խորհրդարանի Նիստի Ընթացքին  Կը Յիշատակուի Սումկայիթի Հայոց Ջարդը

Քանատայի Խորհրդարանի Նիստի Ընթացքին Կը Յիշատակուի Սումկայիթի Հայոց Ջարդը

19 փետրուարին Սումկայիթի հայոց ջարդերու 33-րդ տարելիցին նախօրեակին, Քանատայի խորհրդարանի անդամ Պապ Սորայա խորհրդարանի պատգամաւորական հերթական նիստի ընթացքին յատուկ ելոյթով ոգեկոչեց սումկայիթեան ջարդերուն զոհ գացած անմեղ հայերու յիշատակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակը: Մեծն Թորոնթոյի Մարքամ ընտրատարածքի երեսփոխան, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Պապ Սորայա խստօրէն դատապարտելէ ետք 27 փետրուար 1988-ին հայերու դէմ գործադրուած ազրպէյճանական զանգուածային ջարդերը`...

Կառավարութեան Շուտափոյթ Կազմութեան  Կոչերուն Զուգահեռ.  Պասիլ. «Տուէ՛ք Բարեկարգումները,  Առէ՛ք Կառավարութիւնը»

Կառավարութեան Շուտափոյթ Կազմութեան Կոչերուն Զուգահեռ. Պասիլ. «Տուէ՛ք Բարեկարգումները, Առէ՛ք Կառավարութիւնը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին «տուէ՛ք բարեկարգումները, առէ՛ք կառավարութիւնը» կարգախօսով յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ` անդրադառնալով Լիբանանը յուզող հրատապ հարցերուն եւ առնչակից կողմերու կեցուածքներուն: «Առանց հանրապետութեան նախագահի հաւանութեան եւ անոր հետ համախոհութեան կարելի չէ կառավարութիւն կազմել, եւ մենք արգելակող մէկ երրորդ ձայնը չենք ուզեր», յայտարարեց Ժըպրան Պասիլ` նշելով, որ ոմանք...

«Ինչպէս Իշխանութիւնը Պատասխանատուութիւն Է, Նոյնպէս Ալ` Հրաժարականը»  Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Գուժեց ՀՄԸՄ-ական Ժաք Պոյաճեանի Մահը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ գուժեց ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի վաստակաւոր պատասխանատուներէն Ժաք Պոյաճեանի մահը եւ այս գծով հետեւեալ գրառումը կատարեց Դիմատետրի իր էջին վրայ. «Լիբանան այսօր կորսնցուց մեր մարզական վեհ դէմքերէն` վաստակաւոր Ժաք Պոյաճեանը, համեստ ու յարգալիր այն հմուտ մարզիկը, որ իր ներկայութիւնն ու դրոշմը ձգեց լիբանանեան, արաբական եւ ասիական պասքեթպոլի խաղերուն վրայ, միաժամանակ մեծ ու ազդեցիկ ժառանգութիւն...

Page 46 of 256 1 … 45 46 47 … 256