Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան հանդէս եկաւ տեսաուղերձով:
«Նիկոլ, դուն մէկ տարի առաջ Հայաստանի մէջ կը պտտէիր հեծանիւով, ո՛վ ամբոխավար, քարոզչութիւն կը կատարէիր, կ՛ըսէիր` ժողովուրդին վարչապետն ես, իսկ այսօր մայրաքաղաքին մէջ կը շրջիս զօրքով, 3-4 հազար ոստիկաններով, ես կը խոստանամ` մենք քեզի թոյլ պիտի չտանք Հայաստանի մէջ հաստատես բռնատիրութիւն, դուն օր ու արեւ պիտի չտեսնես, դուն պէտք է հեռանաս իշխանութենէն, քանի որ հեռացումէդ ետք մենք կրնանք փրկել մեր երկիրը», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ ոստիկանութեան համար կոչով հանդէս եկաւ` ըսելով, որ ոստիկանները պէտք է կանգնին ժողովուրդի կողքին եւ չկատարեն վարչապետին հրամանները:
«Խօսքս կ՛ուղղեմ ոստիկանութեան: Դուք ձեզի պահեցէ՛ք սպայի պէս, մի՛ կատարէք այդ խելագարին ապօրինի որոշումները, դուք վաղուց անցած էք կարմիր գիծերը, բոլորիդ կը ճանչնանք, եւ բոլորդ պատասխան պիտի տաք, կանգնեցէ՛ք ժողովուրդի կողքին: Մենք բոլորս այսօր ունինք մէկ գլխաւոր խնդիր` երկրի վարչապետի աթոռը զաւթած այս խելագարը միասին հեռացնելու այս իշխանութենէն», ըսաւ ան:
Իսկ Հայաստանի կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքին առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Քանի ես կը շնչեմ` կա՛մ բանտ, կա՛մ ազատութիւն»:
Տասնեակ ոստիկաններ շրջապատեցին Իշխան Սաղաթէլեանը եւ, բռնի ուժ կիրարկելով, փորձեցին բերման ենթարկել: ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի ղեկավարը, սակայն, դուրս եկաւ ոստիկաններու շրջափակումէն:
Իշխան Սաղաթէլեանի դէմքէն արիւն կը հոսէր ոստիկաններու հարուածներէն:
«Ոչ մէկ վնասուածք ստացած եմ, գլուխները պատին տուած են, ասիկա խուժանութիւն է, ասոնք թուրք են, ասոնք հայ չեն: Թող երթային թուրքերուն դէմ կռուէին, ոչ թէ սեփական ժողովուրդին: Ես կը խոստանամ` Նիկոլին օր ու արեւ պիտի չտամ», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
«Բոլոր յանցագործները պատասխան պիտի տան, Նիկոլը տուն պիտի երթայ, որ այս երկիրը պիտի փրկենք այս բռնապետութենէն», ըսաւ Սաղաթէլեան:



