Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ներկայացնելով Հայկական երեսփոխան պլոքը մասնակցած է Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի առցանց նիստին:
Երեսփոխան Թերզեան Դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է, թէ երկրին մէջ տնտեսական թղթածրարի ահաւորութիւնը եւ «Քորոնա» ժահրի համավարակի ստեղծած տագնապին ժխտական ազդեցութիւնը երկրի տնտեսութեան վրայ, կը մղեն, որ լրջօրէն քննարկուի, ուղղութիւններ տրուին եւ յաջողութեան մղուի տնտեսական զարգացումը: «Այս նիստին քննարկեցինք նշեալ ձեւերը եւ միջոցները», ըսած է Թերզեան: