Newsletter

Ակնարկ.   Գլխաւոր Շտաբի Սահմանադրական Իրաւասութեան Առաջին Կէտը

Ակնարկ. Գլխաւոր Շտաբի Սահմանադրական Իրաւասութեան Առաջին Կէտը

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը իբրեւ ռազմական յեղաշրջման փորձ մեկնաբանելը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Զինուորական յեղաշրջումը ընդհանրապէս կը կատարուի յանկարծակի, պետական շէնքերու համապատասխան գերատեսչութիւններու կեդրոններու գրաւումով եւ ապա այդ բոլորին բացատրութիւնը փոխանցող յայտարարութիւններով։ Երբ որեւէ գործողութիւն չէ արձանագրուած, որեւէ զինուորական տեղաշարժ չէ կատարուած, ապա ռազմական յեղաշրջումի փորձի ամբաստանութիւն կատարելը առնուազն հեռու է իրականութենէ եւ բնականաբար այլ նպատակ կը հետապնդէ։...

Մինչ Նախագահ Սարգսեան Տագնապը  Հանգուցալուծելու Նախաձեռնութեան Կը Դիմէ.  Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կը Շարունակէ  Իր Բողոքի Շարժումները Ազգային Ժողովին  Եւ Պետական Կառոյցներուն Առջեւ

Մինչ Նախագահ Սարգսեան Տագնապը Հանգուցալուծելու Նախաձեռնութեան Կը Դիմէ. Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կը Շարունակէ Իր Բողոքի Շարժումները Ազգային Ժողովին Եւ Պետական Կառոյցներուն Առջեւ

Երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուարին Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը զարգացումներ ապրեցաւ: Վարչապետ Փաշինեանի տուած որոշումէն ետք` Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը զերծ կացուցել իր պաշտօնէն, նախագահ Արմէն Սարգսեան չէ ստորագրած տրուած որոշումը եւ փոխարէնը սկսած է երկխօսութեան եւ հարցը հանգուցալուծելու նախաձեռնութեան մը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Օննիկ Գասպարեանի հետ: Նախագահը հանդիպումներ ունեցած է...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Ազատամարտիկներու Յանձնախումբը  Կը Զօրակցի Հայոց Բանակին

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ազատամարտիկներու Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Հայոց Բանակին

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Յաջակցութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի փետրուարի 25-ի յայտարարութեան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ազատամարտիկների յանձնախումբը ազատամարտիկների, այսօրուայ նուիրեալ կամաւորականների անունից յայտարարում է` լինելով Հայոց բանակի կազմաւորման հիմքերում, միշտ սատարել եւ այսօր էլ սատարում ենք Հայոց բանակին, կանգնած ենք հայրենիքի եւ պետականութեան, նրա նուիրեալ զօրավարների, սպաների ու զինուորների կողքին եւ...

Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Յայտարարութիւնը

Այսօր Ժողովրդային Բողոքի Շարժումներ` Երեւանի Եւ Կապանի Մէջ

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը յայտարարէ, որ այսօր` շաբաթ, 27 փետրուարին, ժամը 15:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Բաղրամեան պողոտային մէջ` Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց, տեղի պիտի ունենայ այլ հանրահաւաք: Նոյն օրը, նոյն ժամուն հաւաք տեղի պիտի ունենայ նաեւ Կապանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակին մէջ` մարզպետարանին դիմաց: Այս մասին նշուեցաւ «Լեռնահայաստան» ազգային շարժման յայտարարութեան մէջ: «Կապանցինե՛ր, թշնամին մեր սահմաններում է: Տէր կանգնենք մեր սահմաններին եւ...

«Փաշինեան Հայաստանը Անդունդը Նետեց,  Եւ Պատերազմի Ընթացքին «Իսքանտեր»  Չօգտագործուեցաւ»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Փաշինեան Հայաստանը Անդունդը Նետեց, Եւ Պատերազմի Ընթացքին «Իսքանտեր» Չօգտագործուեցաւ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի իրադարձութիւնները կ՛ականահարեն անոր պետութիւնը` շեշտելով, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «երկիրը անդունդը նետեց եւ քանդումի մատնեց»: Ան համոզում յայտնեց, որ Հայաստանի բանակին կողմէ կառավարութեան հրաժարականի պահանջը երկրի իշխանութիւններուն գործունէութեան ուղղակի հետեւանքն է: Ալիեւ նշեց, որ Պաքուն Հայաստանի զարգացումները կը նկատէ ներքին հարց` յոյս յայտնելով, որ անոնք չազդեն Հայաստանի, Ռուսիոյ...

Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Հրատապ Հարցերու  Լուծման Պահանջի Մթնոլորտին Մէջ Հայեացքները Կեդրոնացած Են Պքերքէի Մէջ  Նախատեսուող Հաւաքին Վրայ

Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Հրատապ Հարցերու Լուծման Պահանջի Մթնոլորտին Մէջ Հայեացքները Կեդրոնացած Են Պքերքէի Մէջ Նախատեսուող Հաւաքին Վրայ

Քաղաքական վերնախաւի, ինչպէս նաեւ ժողովրդային եւ կուսակցական շրջանակներու հայեացքները սեւեռած են այսօր Պքերքէի մէջ նախատեսուող ժողովրդային հաւաքին վրայ: Արդարեւ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի կեցուածքներուն համընկնող եւ երկիրը յուզող քաղաքական ու տնտեսական տագնապներուն հակազդող կարգ մը կողմերու կեցուածքները ցոլացնելու կոչուած այս հաւաքին գծով աշխուժ եռուզեռ տիրեց Պքերքէի ուղղութեամբ: Փաստօրէն, քաղաքական, կուսակցական թէ հասարակական դէմքեր վերջին օրերուն այցելեցին Պքերքէ, որոնց կարգին` Չէզոք...

Հանրային Փոխադրութեան Սակը  5.000 Լ. Ոսկիի Պիտի Չվերածուի

Հանրային Փոխադրութեան Սակը 5.000 Լ. Ոսկիի Պիտի Չվերածուի

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժարի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ցամաքային փոխադրութեան համար քաղաքացիներուն վճարած 2.000 լ. ոսկիի սակը 5.000-ի չէ վերածուած: Հաղորդագրութիւնը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ երկուշաբթի, 1 մարտ 2021-էն սկսեալ ցամաքային փոխադրութեան համար քաղաքացին հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող ինքնաշարժներու վարորդներուն 5.000 լ. ոսկի պիտի վճարէ`...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Թրիփոլիի եւ շրջակայից համար հոգեւոր տեսուչ կը նշանակենք Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն գերապատիւ Տէր Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանը` իրեն վստահելով Ժիպէյլէն մինչեւ Թրիփոլի եւ շրջակայ աւաններուն մէջ ապրող մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր մատակարարման կարեւոր աշխատանքը: Հայր սուրբը իր նոր առաքելութեան կը լծուի կիրակի, 7 մարտ 2021-ին: Վստահ ենք,...

Բագրատունի Ընդունեց Ամերիկացի Դիւանագէտը

Բագրատունի Ընդունեց Ամերիկացի Դիւանագէտը

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու խորհրդական Ճէյն Քուլի այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին, քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը եւ անոր հետ առնչուող շրջանային եւ միջազգային փոփոխութիւնները: Ամերիկացի դիւանագէտին փոխանցուեցան նաեւ Լիբանանի հայութեան եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական կեցուածքները անկիւնադարձային տարբեր փուլերու` շեշտելով, որ Լիբանանի հայութեան քաղաքական ուղղուածութիւնը միշտ...

Հայոց Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարութեան`  Փաշինեանի Եւ Անոր Կառավարութեան Հրաժարականը  Պահանջող Յայտարարութիւնը Բուռն Արձագանգներու Կ՛արժանանայ

Հայոց Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարութեան` Փաշինեանի Եւ Անոր Կառավարութեան Հրաժարականը Պահանջող Յայտարարութիւնը Բուռն Արձագանգներու Կ՛արժանանայ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկով 24 փետրուարին Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանի պաշտօնազրկումը բուռն արձագանգներու արժանացաւ: 25 փետրուարին յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը` պահանջելով Հայաստանի վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականը: Փաշինեան ատիկա նկատեց զինուորական յեղաշրջման փորձ, ինչպէս նաեւ ուղիղ եթերով ըսաւ, թէ որոշում տուած է զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Օննիկ Գասպարեանը զերծ կացուցել իր...

Վեհափառ Հայրապետներուն Արձագանգը`  Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն

Վեհափառ Հայրապետներուն Արձագանգը` Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն

25 փետրուարին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետները արտայայտեցին իրենց կեցուածքները: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում մը կատարելով ըսաւ. «Յետպատերազմեան ճգնաժամային այս իրավիճակում, երբ հայրենիքը դիմագրաւում է քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական բազմաթիւ մարտահրաւէրների, մեղադրանքների եւ քաղաքական հաշուեյարդարների չընդհատուող կոչերը վտանգում են ազգային միաբանութիւնն...

ԿՈՉ  Արտասահմանի Լիբանանահայերուն.  Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Համար

Հաղորդագրութիւն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, մեկնելով Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներէն, կ'ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան հայոց բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի յայտարարութիւնը եւ իր անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոր: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը կոչ կ'ուղղէ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, անկախ իրենց քաղաքական նախասիրութիւններէն եւ հայեացքներէն, այս ճակատագրական պահուն զերծ մնալու ենթադրեալ բախումներէ եւ սադրանքներէ, ցուցաբերելու բարձրագոյն աստիճանի զսպուածութիւն, զգօնութիւն եւ...

Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կ՛ողջունէ Բանակի Հրամանատարութեան Յայտարարութիւնը

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը յայտարարութեամբ մը ողջունեց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջքը՝ կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն չտարուելու այս վարչախումբի սադրանքներուն, պահպանելու զսպուածութիւնը, սառնասրտութիւնը ու համախմբուելու բանակին շուրջ։ Ստորեւ՝ Շարժումի յայտարարութիւնը։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը ողջունում է ՀՀ ԶՈՒ բարձրագոյն հրամանատարական կազմի յայտարարութիւնը, դրանում արձանագրուած բոլոր հաստատումները եւ իր զօրակցութիւնն է յայտնում մեր երկրի միակ ու անշահախնդիր երաշխաւոր...

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ինքնաշարժներով  Երթը` Դէպի Մասիս Եւ Արտաշատ Քաղաքներ

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ինքնաշարժներով Երթը` Դէպի Մասիս Եւ Արտաշատ Քաղաքներ

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, որ այսօր` հինգշաբթի, 25 փետրուարին, ժամը 13:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Արտաշատի մայրուղիի սկզբնամասին վրայ գտնուող «Քոնթինենթալ» ճաշարանային համալիրի մօտակայքէն տեղի պիտի ունենայ ինքնաշարժներով երթ դէպի Մասիս եւ Արտաշատ քաղաքներ: ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Արցախեան վերջին պատերազմից անցել է գրեթէ չորս ամիս: Պատերազմի եւ նրան յաջորդած շրջանի բազմաթիւ կենսական խնդիրները, այս ընթացքում, ոչ միայն չեն մարել, այլեւ աւելի են խորացել, եղածներին աւելացել են նորերը: Չորս ամիս անց դեռեւս լուծուած չեն գերիների, նահատակ զինուորների հետ կապուած խնդիրները, ազրպէյճանական կողմի կամայական սահմանագծումները տեղի են ունենում Հայաստանի իշխանութիւնների բացարձակ անտարբերութեան պայմաններում, սրան գումարւում են անհասկանալի նահանջները Արցախ-Հայաստան...

Վազգէն Մանուկեան. «Նիկոլին Մնալու  Իւրաքանչիւր Օրը Մեզ Կը Մօտեցնէ Պատերազմի»

Վազգէն Մանուկեան. «Նիկոլին Մնալու Իւրաքանչիւր Օրը Մեզ Կը Մօտեցնէ Պատերազմի»

Երէկ` 24 փետրուար 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան այցելած է Ազատութեան հրապարակ` հանդիպելու քաղաքացիներուն հետ: «Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նոր չէ, որ հարուածի տակ են: Ես կը կարծեմ, որ եթէ այս տղան քիչ մըն ալ երկար մնայ, ո՛չ միայն Ռուսիոյ, այլեւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ մենք վատ յարաբերութիւններ պիտի ունենանք», Ազատութեան հրապարակին վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ...

Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող  Երիտասարդներու Անհնազանդութեան Շարժում`  Համալսարաններուն Մէջ

Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Երիտասարդներու Անհնազանդութեան Շարժում` Համալսարաններուն Մէջ

Երէկ` չորեքշաբթի, 24 փետրուարին երիտասարդները Ալեք Մանուկեան փողոցին մէջ անհնազանդութեան շարժում կատարեցին` պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք «Ուսանո՛ղ, միացի՛ր» գոչելով մտան Երեւանի պետական համալսարան: Երիտասարդները ուսանողներուն եւ դասախօսներուն կոչ ուղղեցին` միանալու «Առանց Նիկոլ Հայաստան» պայքարին: Ցուցարարները շրջեցան նախ` Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ, ապա մտան միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունք: «Կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել Երեւանի պետական համալսարանին եւ այն բոլոր համալսարաններուն, որոնք...

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը  Արցախի Դրօշը Տեղադրեց Ասկերանի  Հրասայլ-Յուշարձանին Վրայ

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը Արցախի Դրօշը Տեղադրեց Ասկերանի Հրասայլ-Յուշարձանին Վրայ

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը 23 փետրուարին այցելեց Ասկերանի հրասայլ-յուշարձան, ուր տեղադրեց Արցախի Հանրապետութեան դրօշը: Երիտասարդները ծաղիկներ զետեղեցին հրասայլին վրայ` ի յիշատակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած կամաւորներուն եւ զինուորներուն: Երիտասարդները սահմանագիծին մէջ յայտնուած հրասայլ-յուշարձանի տարածքին մօտակայ հայկական եւ ազրպէյճանական յենակէտերը դիտարկելէ ետք կատարեցին տարածքի մաքրութեան եւ բարեկարգման աշխատանքներ: ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները կոչ ուղղեցին հանրութեան` մաքուր պահելու եւ խնամքով վերաբերելու...

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի  Երիտասարդական Գրասենեակի

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի

Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմի ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները իրենց ամբողջ ներուժով նետուեցան Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան սուրբ գործին: Մարտական գործողութիւններու մասնակցելով, արտաքին-յարաբերական, տեղեկատուական-քարոզչական, մարդասիրական աշխատանքներու ճամբով` դաշնակցական երիտասարդները բուռն պայքար մղեցին` պաշտպանելու Արցախը եւ արցախահայութիւնը, այդ նպատակին համար անոնցմէ շատեր զոհաբերեցին իրենց կեանքը: Փա՛ռք բոլոր անմահացածներուն: Այսօր, նոյն նուիրումով, աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները իրենց ներդրումը կը...

Բուռն Կերպով Հակազդելով «Իսքանտեր»-ի  Մասին Փաշինեանի Յայտարարութեան`  Ռուս Երեսփոխաններ Փաշինեանի Յայտարարութիւնը  Կը Կոչեն «Բացարձակ Սուտ» Եւ Կը Պահանջեն,  Որ Ան Հրապարակաւ Ներում Հայցէ

Բուռն Կերպով Հակազդելով «Իսքանտեր»-ի Մասին Փաշինեանի Յայտարարութեան` Ռուս Երեսփոխաններ Փաշինեանի Յայտարարութիւնը Կը Կոչեն «Բացարձակ Սուտ» Եւ Կը Պահանջեն, Որ Ան Հրապարակաւ Ներում Հայցէ

Ռուսիոյ Տումայի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Վիքթոր Զաւարզին Նիկոլ Փաշինեանը մեղադրած է ստախօսութեան համար` ռուսական «Իսքանտեր» հրթիռային մարտավարական համակարգերու անարդիւնաւէտութեան մասին անոր կատարած յայտարարութենէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը: «Իսքանտեր»-ը մեր մօտ շատ բարձր ճշգրտութեան զէնք է: Անիկա բազմիցս արդէն ինքզինք դրսեւորած է տարբեր ռազմափորձերու մէջ: Ատիկա (Փաշինեանի խօսքը) պարզապէս բացարձակ սուտ է եւ նոյնիսկ որեւէ կասկածի...

Page 45 of 256 1 … 44 45 46 … 256