Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոստիկանութիւնը Չափազանցուած Բռնի Ուժ Կիրարկեց Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Ցուցարարներուն Դէմ

February 24, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 23 փետրուարին, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի կոչին ընդառաջելով, քաղաքացիներ հաւաքուեցան Հայաստանի կառավարական 3-րդ մասնաշէնքին դիմաց` խոչընդոտելու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մուտքը շէնք: Իշխանութիւնները կանուխ առաւօտուն փակած էին ամբողջ տարածքը քանի մը հազար ոստիկաններով` այսպիսով փորձելով ապահովել Փաշինեանի անխափան մուտքը կառավարական 3-րդ շէնք:

Յայտարարուած շարժումը պիտի սկսէր ժամը 11:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), սակայն անկէ 30 վայրկեան առաջ արդէն իսկ ոստիկանական զօրքերը պատ կազմած էին:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ ոստիկաններու նման քանակ աննախադէպ է: «Շատ ողբերգական վիճակ է. կը յիշէ՞ք հեծանիւով աշխատանքի գացող Նիկոլ Փաշինեանը: Իսկ այսօր` 2,5 տարի ետք, հազարաւոր ոստիկաններ կը հսկեն նոյն մարդուն: Եւ հիմա հարց կը յառաջանայ` իշխանականներ, այդ դո՞ւք կը խօսիք հանրային վստահութեան մասին, ձեր միակ յենարանը ոստիկանութիւնն է, որ կեդրոնացուցած էք Երեւանի մէջ 200 մեթր քալելու համար: Այսպէս պիտի շարունակուի ամէն օր: Ամէն օր իրենք պիտի առերեսուին իրականութեան հետ, որպէսզի հասկնան, թէ ի՛նչ աւեր գործած են մեր երկրին մէջ: Ամէն անկիւնի վրայ հազարաւոր քաղաքացիներ հաւաքուած են եւ չեն կրնար աշխատանքի երթալ», նշեց Մանուկեան:

«Թուրք», «Դաւաճան» վանկարկումներուն ներքեւ Նիկոլ Փաշինեան մտաւ կառավարական 3-րդ մասնաշէնք: Ոստիկանները չափազանցուած ուժ կիրարկելով եւ հրմշտկելով քաղաքացիները, զանոնք լեցուցին ոստիկանական ինքնաշարժներ ու բերման ենթարկեցին: Անոնց կարգին էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աշոտ Սիմոնեան, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Գերասիմ Վարդանեան, Հայրենիք կուսակցութենէն Բաբգէն Յարութիւնեան:

Ոստիկանները փորձեցին բռնի ուժով բերման ենթարկել ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, որ կրցաւ ազատիլ եւ հեռանալ ցոյցի տարածքէն, սակայն ոստիկանները հետապնդեցին եւ կրկին փորձեցին բերման ենթարկել, սակայն չյաջողեցան:

Կառավարութեան մասնաշէնքերուն մօտէն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող 57 քաղաքացիներ բերման ենթարկուեցան:

Ժամեր անց Փաշինեան դուրս եկաւ կառավարութեան երրորդ մասնաշէնքէն` անվտանգութեան մեծաթիւ աշխատակիցներու ընկերակցութեամբ, իսկ քաղաքացիները կը վանկարկէին «Դաւաճա՛ն, հեռացի՛ր», «Հողատու»:

Նոյն օրը, 23 փետրուարի երեկոյեան Հայրենիքի փրկութեան շարժումի նախաձեռնութեամբ Փաշինեանի հրաժարականին պահանջով Արամ Մանուկեանի արձանին մօտէն սկսաւ անհնազանդութեան երթ` դէպի դատախազութեան, ապա ոստիկանութեան շէնք: Երթին մասնակից բազմահազար քաղաքացիներ կը գոչէին` «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:

Քաղաքացիները պատշգամներէն կ՛ողջունէին Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողները: Երթին մասնակիցները պարբերաբար կոչ կ՛ուղղէին անոնց` իջնելու եւ միանալու երթին, ոչ ըսելու Նիկոլ Փաշինեանին: Երեւանի փողոցներուն մէջ վարորդները ազդանշաններով ողջունեցին երթի մասնակիցները, որոնց կարգին էին նաեւ զոհուած զինուորներու ծնողներ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ ակնյայտ է, որ Փաշինեան այլեւս Հայաստանի մէջ իշխանութիւն չունի, իսկ անոր իշխանութիւնը պահողը միայն ոստիկանական համակարգն է: «Ոստիկանապետութեան ձգտող դաւաճանը օր առաջ պէտք է հեռանայ, եւ մեր հանրութիւնը որքան շուտ համախմբուի այս կարեւոր հարցին շուրջ, այնքան շուտ մենք կ՛ազատուինք այս յանցագործէն, եւ անոր նկատմամբ օրէնքով նախատեսուած քրէական պատասխանատուութիւնը վրայ կը հասնի», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան քայլերթի ընթացքին յայտարարեց, որ դէպի դատախազութիւն երթը չեղեալ նկատուեցաւ, եւ երթի մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) շէնք, ապա` ոստիկանութիւն: Ան հաստատեց, որ պիտի չարտօնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան` յենելով ոստիկանութեան վրայ, Հայաստանի մէջ բռնապետութիւն հաստատէ, ուստի ան նաեւ դիմեց ոստիկանութեան վրայ ուշքի գալու, ժողովուրդին կողքին կանգնելու, չկատարելու ապօրինի հրահանգները եւ փրկելու երկիրը:

Մէկ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Ղազինեան յայտնեց, որ այս իշխանութիւններու գործողութիւններէն իւրաքանչիւրը բաւարար է քրէական գործ յարուցելու համար` պետական ծառայութեան եւ պետութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարելնուն համար:

Պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնեաներ եւ անհատներ:

Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով` քաղաքացիները քայլերթով հասան ոստիկանութեան շէնք, ուր մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր կային, երթի մասնակիցները վանկարկեցին` «Նիկոլ դաւաճան»:

Ոստիկանութեան շէնքին դիմաց ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները ծաղիկներ զետեղեցին Արամ Մանուկեանի կիսանդրիին առջեւ:

Ընդդիմութեան վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան` դիմելով ոստիկաններուն` ըսաւ, որ ոստիկաններուն կողմէ նոյն օրը առաւօտեան բանեցուած դաժան ճնշումները աննախընթաց էին:

Քաղաքացիները ապա երթով հասան ԱԱԾ շէնքին մօտ, ուր կոչ ուղղուեցաւ ոստիկաններուն` խնայելու իրենք զիրենք ու իրենց սպայի պատիւը, տէր կանգնելու իրենց առաքելութեան:

Անկէ ետք երթին մասնակիցները հասան Ֆրանսայի հրապարակ, ուր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ հինգշաբթի օր տեղի պիտի ունենայ ինքնաշարժներով երթեր, իսկ 24 փետրուարի շարժումներուն բնոյթն ու վայրերը անակնկալ են:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ոստիկանները Պէտք Է Կանգնին Ժողովուրդի Կողքին»

Յաջորդը

Ղարիպաշվիլի Կը Նախատեսէ Դաւիթ Գարեջիի Նիւթը Քննարկել Ալիեւի Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.