Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանչիսկոս Պապի Լիբանան Այցելութիւնը Հաւանական Է» Շեշտեց Կարտինալ Սանտրի

February 24, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւելքի մէջ կաթողիկէ եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Լիոնարտէ Սանտրի «Վատիկան նիուզ» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը 5-8 մարտ 2021 պիտի այցելէ Իրաք, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու հոգեւոր պետերուն հետ:

Սանտրի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապի Լիբանան այցելութիւնը հաւանական է` աւելցնելով, որ Լիբանանը պատգամի երկիր է, ուր համերաշխութիւնն ու ազգային համակեցութիւնը կը մնան տիրական:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ եւ նախկին նախարար Մանսուր Պըթէյշ, երէկ այցելեցին Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի, որուն յանձնեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլէն նամակ մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի դիւանագիտական անձնակազմին հետ հանդիպումի մը ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապին արտասանած խօսքին մանրամասնութիւնները:

Ազգային ազատ հոսանքի պատուիրակութիւնը Սփիթերիին յայտնեց իր  գոհունակութիւնը պապին կողմէ Լիբանանի գոյութեան եւ միասնականութեան հանդէպ ցուցաբերուած յանձնառութեան մասին:

Միւս կողմէ, Հզօր հանրապետութիւն պլոքէն պատուիրակութիւն մը այսօր, ժամը 11:00-ին պիտի այցելէ Պքերքէ` զօրակցելու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն, Լիբանանը միջազգային եւ շրջանային տագնապներէն չէզոք պահելու անոր տեսակէտին, ինչպէս նաեւ զօրակցելու ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Լիբանանի տագնապին լուծման համար միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու անոր պահանջին:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ֆահմիի Հետ Քննարկեց Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Հասարակութեան Մէջ Կիներուն Դերակատարութիւնը Աշխուժացնել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.