Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հսկայածաւալ Հանրահաւաքին Ընթացքին Ազդարարուեցաւ Ամէնօրեայ Անդադրում Անհնազանդութեան Շարժումներու Մեկնարկը

Փետրուար 22, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յառաջիկային Համահայկական Ներկայացուցչական
Մեծ Ֆորում` Հայաստանի Վերելքի Ծրագիրը Մշակելու Համար

Շաբաթ, 20 փետրուարին, Ազատութեան հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հսկայածաւալ հանրահաւաքը: Օրը պատահական չէր ընտրուած` 1988-ին, նոյն օրը սկիզբ առաւ արցախեան շարժումը:

Հանրահաւաքին եկած քաղաքացիները կը պահանջէին Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան հանրահաւաքին սկիզբը ընդգծեց, որ յուզիչ օր է, քանի որ 33 տարի առաջ նոյնպիսի եղանակի պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ  առաջին հանրահաւաքը, որով սկսած է արցախեան շարժումը:

Վազգէն Մանուկեան ընդգծեց, որ այս վիճակէն կրնանք դուրս գալ, բայց կայ նախապայման` այս վարչակազմը պէտք է «դուրս շպրտուի», որմէ ետք միայն կը սկսին իրական քայլերը:

«Մենք ո՛չ միայն պէտք է վերականգնենք այն, ինչ որ կորսնցուցած ենք, այլեւ մենք պէտք է անոր վրայ կառուցենք այն պետութիւնը, որուն մասին կ՛երազէինք: Եթէ Նիկոլ Փաշինեանը երթայ եւ գան մարդիկ, որոնց համար իշխանական տենչը, անհաւասարութիւնը, ընտրութիւնները կեղծելը, ժողովուրդին դրամ բաժնելը մնայ, ուրեմն մենք ոչ մէկ նպատակի չհասանք, նորէն Նիկոլ մը կը յառաջանայ, ուրեմն մեր պայքարին մէջ պէտք է ըլլայ եւ մերժումը ներկայի: Պէտք է կառուցենք այն պետութիւնը, որուն մասին երազած էինք: Պէտք է, նախ եւ առաջ, վերակառուցել մեր բանակը, ապահովել մեր անվտանգութիւնը, մեր անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն ոչ թէ ռուսական, այլ հայկական զօրքերը: Պէտք է նաեւ մեր յարաբերութիւնները լաւացնել դաշնակից երկիրներու` Չինաստանի եւ որեւէ երկրի հետ, որ կը պայքարի Թուրքիոյ դէմ», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:

«Արցախեան շարժումէն 33 տարի անց այս պատմական հրապարակին վրայ, այս պատմական օրը մենք պէտք է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բանանք նոր լուսաւոր էջ», հանրահաւաքի իր ելոյթին մէջ նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան:

«Դուք նաեւ այսօր ուժեղ ապտակ տուիք այս իշխանական խմբակին եւ անոնց, որոնք կ՛ըսէին` այս շարժումը մարած է, որ ժողովուրդը համակերպուած է այս վիճակին: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ այսպիսի ապիկար, տկար, սրիկայ, անսուրբ, ստախօս իշխանութիւն երբեք չէ ունեցած», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ բոլորը պէտք է հասկնան, թէ ինչ ճամբով պէտք է հեռացնենք այս իշխանութիւնները: «Մենք ծանօթ ենք ձեր տրամադրութիւններուն, տեսած ենք ձեր վճռականութիւնը, գիտենք նաեւ ձեր դժգոհութիւնը, սակայն ունինք պատասխանատուութիւն ձեր  նկատմամբ եւ երբեք չենք տանիր արկածախնդրութեան, միասին, յամառ, հետեւողական պայքարի արդիւնքով պիտի հեռացնենք այս չարիքի կառավարութիւնը եւ կառուցենք երազանքներու հայրենիքը», ըսաւ ան եւ  կոչ ուղղեց տունը գտնուող քաղաքացիներուն միանալու իրենց:

Ան կարեւոր նկատեց, որ այս համաժողովրդական պահանջը դառնայ համաժողովրդական պայքար: «Յառաջիկային պիտի գումարենք համահայկական ներկայացուցչական մեծ ֆորում, այս պահէն սկսեալ այդ ֆորումի նախապատրաստական աշխատանքներու մեկնարկը տրուած է եւ սկիզբ պիտի դրուի Հայաստանի վերելքի ծրագիրին», ըսաւ ան:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան», կը վանկարկէին հանրահաւաքի մասնակիցները:

Հանրահաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի նախկին վարչապետ, «Ազատութիւն» կուսակցութեան նախագահ Հրանդ Բագրատեան, ՀՅԴ-ի անդամ, «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական-վերլուծական բաժինի տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, քաղաքագէտ Գեղամ Նազարեան:

«Ազատութեան հրապարակին վրայ 20 փետրուարին տեղի ունեցած Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքով յայտարարուեցաւ  շարժումի նոր սկիզբ», հանրահաւաքի աւարտին նշեց Իշխան Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ այսպիսով նոր էջ կը բացուի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

«Համաժողովրդական պահանջը պէտք է դառնայ համաժողովրդական պայքար: Այսօրուընէ սկսած «անդադար» բողոքի զանգուածային ցոյցեր պէտք է կազմակերպուին: Մենք պիտի շարունակենք մեր անհնազանդութեան գործողութիւնները: Իշխանութիւններուն պէտք է ցոյց տանք հեռացման պահանջը»:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքին յաջորդեց երթը Երեւանի Կեդրոնի տարբեր փողոցներով: Երթի մասնակիցները փակեցին կեդրոնական փողոցները:

«Այսօր դուք այս կառավարութեան մէջ գտնուող դաւաճաններուն ցոյց տուիք, որ այս շարժումը չէ մարած, անիկա կանգ պիտի չառնէ, այլ պիտի դառնայ համաժողովրդական պայքար: 22 փետրուարէն բողոքի շարժումները պիտի ըլլան ամէնօրեայ», երթի աւարտին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Ան ներկայացուց մանրամասնութիւններ յառաջիկայ օրերու գործողութիւններուն մասին: Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ երկուշաբթի օրը (22 փետրուարին), Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին,  Կոմիտասի Պրահայի այգիին դիմաց պիտի սկսի երթ, որ միւս երթերէն տարբեր պիտի ըլլայ, քանի որ անհնազանդութեան երթ պիտի ըլլայ:

Նախորդը

Քոնկրեսի 100 Անդամներ Պայտընի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղեն` Արցախի Եւ Հայաստանի Կողքին Կանգնելու

Յաջորդը

Էրտողան Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Ղազախստանի Եւ Խըրխըզիստանի Հետ 12 Միջկառավարական Համաձայնագիր Վաւերացուցած Է

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?