14 փետրուարին Լիբանանի մէջ սկսած «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստումի հոլովոյթը, որուն ընթացքին անկանոն, դանդաղ եւ քաոսային ըլլալուն մասին բաւական բողոքներ արդէն իսկ արձանագրուած էին, տասը օր ետք հասաւ գայթակղութեան, երբ բացայայտուեցաւ, որ 16 երեսփոխաններ եւ խորհրդարանի 5 ընդհանուր տնօրէններ արդէն իսկ պատուաստ ստացած են:
Հակառակ անոր որ անոնցմէ ոմանք 75 տարիքը բոլորած քաղաքացիներ են եւ հաստատեցին, որ ե-հարթակին վրայ իրենց անունը արձանագրած, իսկ ոմանք շեշտեցին, որ իրենք պատուաստուած են, որովհետեւ նաեւ բժիշկ են, ոչինչ արդարացուց անոնց պատճառաբանութիւններն ու ներկայացուցած արդարացումները` պատահածը նկատելով պատուաստումի հոլովոյթի խախտում եւ գայթակղութիւն:
Այս խախտումին լոյսին տակ, «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի լիբանանեան պետական շտապի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ այս դէպքը անկիւնադարձային է: «Այն ծրագիրը, որով կը հպարտանայինք` մտածելով, որ անիկա Լիբանանի մէջ ստեղծուած ծրագիրներուն կարեւորագոյնն է, որովհետեւ անոր նպատակն էր քաղաքացին ու հասարակութիւնը պաշտպանել եւ փաստել, որ վատագոյն պայմաններուն իսկ Լիբանան կարեւոր բան մը կատարելու կարողութիւն ունի, խախտում արձանագրեց», նշեց Պըզրի:
Կէսօրէ ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պըզրի յայտնեց, որ իրենց նպատակն էր լիբանանցիներուն 80 առ հարիւրը պատուաստի ենթարկել` աւելցնելով, որ անցնող ժամանակաշրջանին առողջապահութեան նախարարութիւնը միշտ գործակցեցաւ իրենց հետ եւ գիտական կերպով կատարեց իր աշխատանքը` հեռու մնալով քաղաքական ճնշումներէ:
Պըզրի յայտնեց, որ ինք դրուած է կատարուած իրողութեան առջեւ, որուն բնական հակազդեցութիւնը հրաժարականն է, «սակայն կայ յանձնախումբ մը, որուն հետ պէտք էր խորհրդակցէի: Այդ յանձնախումբէն շատեր փափաք յայտնեցին միանալ հրաժարականիս: Այս խախտումին մասին պէտք չէ լուռ մնալ եւ պէտք է յստակ բացատրողական մը հրապարակել», ըսաւ ան:
Պըզրի ընդգծեց, որ Միջազգային դրամատունը կը հսկէ պատուաստումի աշխատանքին եւ արձանագրած է այս խախտումը, որուն ուղղութեամբ միջոցառումներու պիտի դիմէ:
Ան յայտնեց, որ ինք իր հրաժարականը յետս կը կոչէ` աւելցնելով, որ այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին յանձնախումբին հետ պիտի գումարուի նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննուի արձանագրուած խախտումը եւ ըստ այնմ որոշում տրուի:
«Իմ փափաքս է հրաժարիլ, սակայն կայ լիբանանցիներուն պատուաստումին հսկելու ազգային պատասխանատուութիւն: Առողջապահութեան նախարարութեան հետ ոչ մէկ հարց կայ, սակայն այս պատահարը մեծ սխալ մըն էր, եւ պէտք է այդ մասին բացատրութիւն տալ: Եթէ այդ բացատրութիւնը համոզիչ ըլլայ, ապա կարելի է աշխատանքը շարունակել», ըսաւ ան:
Պըզրի հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի նախապատուութիւնը հիմնականին մէջ երկու չափանիշ ունի այս փուլին` բժշկական անձնակազմերն ու տարեցները, եւ ոչ թէ քաղաքական անձնաւորութիւնները նախապատիւ նկատելը: «Հակառակ անոր որ ես պատասխանատու չեմ արձանագրուած այս գայթակղութեան, սակայն լիբանանցիներէն ներում կը հայցեմ», եզրափակեց ան:
ՆՇԵՆՔ, որ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով 2723 վարակուածներ եւ 59 մահացածներ: