Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց երէկ այցելեց Լիբանան-Իսրայէլ սահմանամերձ շրջան, ուր յայտարարեց, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպառնալիքները գործերու վերածուին, ապա անոր հետեւանքները ցաւալի պիտի ըլլան Հըզպալլայի, անոր ղեկավարութեան եւ լիբանանցիներուն համար:
Կանց կը պատասխանէր սէյիտ Նասրալլայի կատարած այն յայտարարութեան, որ եթէ իսրայէլացիները պատերազմ պարտադրեն, իրենք պատրաստ են պատերազմելու, եթէ անոնք լիբանանեան քաղաքները ռմբակոծեն, իրենք իսրայէլեան քաղաքներ ու բնակեցման վայրեր պիտի ռմբակոծեն` նոյնիսկ թիրախ դարձնելով իսրայէլեան ներքին ճակատը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Մայս էլ Ժապալի, Եարունի եւ Իքլիմ Թուֆահի վերեւ` գործադրելով կեղծ յարձակումներ:
Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան ծովուժին կողմէ Ռաս Նաքուրայի ուղղութեամբ ծովային երկու խախտում արձանագրուած է:



