Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարած Վիճակահանութեան Առցանց Երկու Ձեռնարկներ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը, փետրուար ամսուան ընթացքին, կազմակերպեց վիճակահանութեան առցանց երկու ձեռնարկներ: Այս ձեռնարկներուն մասնակցեցան Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ տարբեր երկիրներէ աւելի քան 700 ընթերցասէրներ, մանուկներ եւ պատանիներ:
Առաջին մրցումին պարգեւներն էին Համազգայինի հրատարակութիւններէն` «Ովքեր են սպաննել Ջեմալ Փաշան», «Աշոտ Երկաթ» եւ «Սեմեր»: 20 բախտաւորներ ստացան այս գիրքերէն ծրարներ:
Երկրորդ մրցումը ուղղուած էր պատանիներուն եւ մանուկներուն: Բախտաւորները, Համազգայինի մանկական հրատարակութիւններէն, ստացան հինգ հետաքրքրական գիրքեր` «Թումանեան հեքիաթներ», «Դասական հերոսներ», «Առակներ», «Ժամանակակից հեքիաթներ» եւ «Արտասահմանեան հեքիաթներ»:
Երկու վիճակահանութիւններուն ընթերցասէրները առիթը ունեցան մասնակցելու` Համազգայինի գրատարածի «Գանձարան» դիմատետրի էջին ճամբով եւ երկու վիճակաձգութիւններն ալ սփռուեցան նոյն էջէն: