Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Անհնազանդութեան Անդադրում Շարժումները Հազարաւորներու Մասնակցութեամբ Սկիզբ Առին` Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջով

February 23, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 22 փետրուարին, Երեւանի Պրահայի այգիէն սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի անհնազանդութեան երթը, որուն բազմահազար մասնակիցները կը վանկարկէին «Նիկոլ դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»` պահանջելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անհնազանդութեան երթէն առաջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ` շեշտելով, որ միասնաբար կարելի է հասնիլ այդ նպատակին: Ան վստահեցուց, որ պիտի ընթանան սահմանադրական ճամբով:

Սաղաթէլեան յայտնեց, որ ոչինչ պիտի վախցնէ կամ կասեցնէ զիրենք: «Եթէ իրենց կը թուի, որ կրնան մեր ժողովուրդին վախցնել իրենց յայտարարութիւններով եւ ետ կանգնեցնել այս պահանջէն, չարաչար կը սխալին, մեր պայքարը կանգ պիտի չառնէ, պիտի շարունակենք մինչեւ վերջ», նշեց ան: Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ պիտի չտարուին սադրանքներու, բայց նաեւ թոյլ պիտի չտան, որ երբեւէ ոեւէ մէկը տարբեր սպառնալիքներով ահաբեկէ մեր ժողովուրդը:

Երթին մասնակիցները Քոչար փողոցով ուղղուեցան դէպի Բաղրամեան պողոտայ:

«2300 հայ մայր կը փնտռէ իր զաւակը, իսկ Ազրպէյճանը յայտարարեց, որ այլեւս թոյլ պիտի չտայ, որ գրաւեալ տարածքներուն մէջ որոնողական աշխատանքներ կատարուին: Նիկոլ Փաշինեանը պայմանաւորուած ձեւով յանձնած է Արցախը: Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր վարչախումբը պիտի կանգնին դատարանին առջեւ: Պիտի ըլլայ Արցախը յանձնողներու Նիւրենպերկը, եւ ոեւէ մէկը ատկէ չկասկածի», երթին ընթացքին յայտնեց Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան:

«Այս իշխանութեան ամէնէն լպիրշ եւ ամէնէն շնական ներկայացուցիչներէն  մէկը երէկ մեզի փոխանցած է գերագոյն-գլխաւոր վախկոտի, հոգին խեղուածի, դաւաճանի ուղերձը, որ եթէ ինչ որ բան իրենց սրտով չըլլայ, ապա անոնք կրակ պիտի բանան ժողովուրդին վրայ (խօսքը կը վերաբերի «Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, որ եթէ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պետական հաստատութիւններ գրաւեն, ապա իրենք իրաւունք ունին կրակելու, «Ա.»)», նշեց Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան:

Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Իվեթա Տօնոյեան նշեց, որ 9 նոյեմբերէն անցած է արդէն երեք ամիս, բայց եւ այնպէս այդ յանձնուողական փաստաթուղթը ստորագրած, վարչապետի աթոռին սոսնձուած պաշտօնեան տակաւին չէ պատասխանած քանի մը կարեւոր հարցումի` քանի՞ զոհ ունեցանք արցախեան երկրորդ պատերազմին, քանի՞ն հաշմանդամ դարձան, Հայաստանի տարածքէն քանի՞ հազար քառակուսի մեթր կորսնցուցինք:

Երթի մասնակիցները պարբերաբար կոչ կ՛ուղղէին` միանալու երթին, միանալու եւ ո՛չ ըսելու, իսկ քաղաքացիները պատշգամներէն կ՛ողջունէին զանոնք:

Մասնակիցները կանգ առին նախագահական նստավայրին մօտ, ուր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ արցախեան կորուստէն ետք շատեր հասկցան, թէ 2018 թուականին որո՛ւ յանձնած էին իշխանութիւնը, մէկը, որ կը սիրէ նիւթապաշտութիւնը, յարմարաւէտութիւնը: «Հիմա, կանգնած այստեղ կը դիմենք Հայաստանի նախագահին, որ պաշտօնապէս միացաւ ժողովուրդի շարժումին եւ վարչապետի հրաժարականի պահանջին, որ Արմէն Սարգսեանը պաշտօնական պահանջի տէրը ըլլայ: Այդ պատճառով ունի 2 գործողութիւն` չվաւերացնել որեւէ փաստաթուղթ, որ կ՛ուղարկուի  նախագահական պալատ վաւերացման, իսկ երկրորդը` պէտք է դիմէ գործողութիւններու` քաղաքացիներուն, օրէնքը պաշտպանելու եւ կառավարութեան ու Նիկոլի հրաժարականը ժամ առաջ իրականութիւն դարձնելու համար», ըսաւ ան:

Երթին մասնակիցները կանգ առին Ազգային ժողովին դիմաց: «Երեք տարի առաջ Ազգային ժողովի դարպասները բացած էին, կ՛ըսէին` Ազգային ժողովը ժողովուրդինն է, Հայաստանի մէջ փակ դարպասներ պիտի չըլլան: Հիմա նայեցէ՛ք այս դարպասներուն, վերջին 2-3 ամսուան մէջ կրկնակի ամրացուցած են, ասիկա է այս իշխանութեան դիմագիծը», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան եւ կոչ ուղղեց պատգամաւորներուն` միանալու պայքարին:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան» կարգախօսով երթին մասնակիցները հասան Ֆրանսայի հրապարակ, ուր եզրափակեցին երթը:

«Ինչ որ կատարուեցաւ սարսափելի էր, ինչ որ մեզի կը սպասէ ասոնց օրով` աւելի սարսափելի պիտի ըլլայ», յայտարարեց Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան: Ան շեշտեց, որ ասիկա քաղաքական պայքար չէ, այլ նպատակ ունի փրկելու հայ ազգը եւ այս պետութիւնը:

Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ 23 փետրուարին` ժամը 11:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), պիտի հաւաքուին կառավարութեան շէնքին մօտ` թոյլ չտալու Փաշինեանին տեղաշարժիլ, իսկ 18:30` Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ ու երթով պիտի ուղղուին դատախազութեան, ապա ոստիկանութեան շէնքի մօտ:

 

Նախորդը

Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւններուն Առիթով Յարուցուած Է Քրէական Գործ

Յաջորդը

Խմբագրական. Հայոց Հանրապետութեան Վերակայացման Համար

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.