Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Բոլոր Մուտքերէն Շրջափակեց Ազգային Ժողովը
Երէկ` երեքշաբթի, 9 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը: Մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը: ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ յառաջիկայ մէկ ժամուան մէջ յայտնի պիտի ըլլայ վերջին շրջանի Ազգային անվտանգութեան, Զինուած ուժերու միասնականութեան եւ այդ Զինուած ուժերուն դէմ Հայաստանի կառավարութեան, վարչապետի աթոռը զբաղեցնողի անօրինական յարձակումներուն հետ կապուած...



















