Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կատարուածը
Հանրապետութեան Նախագահին Դէմ Յեղաշրջում Է»
Ութօրեայ բողոքի ցոյցերուն եւ յատկապէս հրկիզուող անիւներով ճամբաներու փակումին միջոցով կարելի պիտի չըլլար Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին լուծումներ ապահովել, փտածութեան վերջ տալ, բարեկարգումներու գործադրութիւնը ապահովել, ինչպէս նաեւ սղաճին չափ ու սահման դնել եւ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը վերականգնել:
Նախանցեալ օրուան «Բարկութեան երկուշաբթի»-ով աւելի եւս թափ առած բողոքի ցոյցերը կը փաստեն, թէ ցուցարարները կ՛ուղղուին ամբողջ շաբաթը վերածելու զայրոյթի շաբթուան` խոստանալով, որ ամէնէն ցասկոտը պիտի ըլլան ուրբաթ օրուան շարժումները:
Տնտեսական իմաստով ցուցարարներուն հնչեցուցած բողոքներուն ոչ ոք կրնայ հակառակիլ, որովհետեւ տիրող կացութիւնը իրականութիւն է, ժողովուրդը տնտեսական այդ սուր տագնապին պատճառով կը տնքայ եւ արդէն իսկ կքած է իր վրայ պարտադրուած ծանր բեռերուն տակ:
Սակայն կայ նաեւ այլ իրականութիւն, զոր կարելի չէ անտեսել: Աշխարհին դիմագրաւած «Քորոնա» համաճարակի այս օրերուն, երբ հիւանդանոցները խիստ կարիքը ունին թթուածինի` հասնելու համար իրենց հիւանդներուն, դարմանելու զանոնք եւ փրկելու անոնց կեանքը, անընդունելի է, որ ցուցարարներ արգիլեն այդ թթուածինին փոխադրութիւնը:
Խիստ մերժելի է նաեւ վկայել, որ ցուցարարներ փակած են ճամբան Լիբանանեան կարմիր խաչի հիւանդատարին դիմաց եւ այդ արարքին իբրեւ հետեւանք Կարմիր խաչի կամաւորներ հիւանդը քալելով կը փոխադրեն հիւանդանոց` բժշկական խնամք տրամադրելու անոր:
Առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ կէս գիշեր ցուցարարները Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ հրկիզեցին անիւներ եւ փակեցին մայրուղիներ, պողոտաներ ու հրապարակներ, որոնք մերթ փակ մնացին եւ մերթ վերաբացուեցան ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին ջանքերով:
Պեքաայի մէջ փակուեցան Շթորայի եւ Զահլէի հրապարակները, Թաալպայայի ճամբան, Պար Էլիաս-Տէյր Զնուն ճամբան, Քապ Էլիասի խաչմերուկն ու Ժտիթան, Պաալպեքը, Շըմըսթարը, ինչպէս նաեւ Տհուր Ապատիէ-Պհամտուն ճամբան:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակուեցան Փալմայի մայրուղին, Թրիփոլիի բոլոր ճամբաները, Նուր հրապարակը, Աքքարի Պիրէ եւ Մաշթա Համմուտ շրջանները, Հալպայի եւ Ապտէի հրապարակները, Քոսպայի մայր ճամբան, Տահր էլ Այն – Քուրա ճամբան եւ Պըտտաուիի մայրուղին:
Փակուեցան Տորայի մայրուղին` Նահր Մոթի ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Ժալ էլ Տիպի, Զուքի, Ղազիրի եւ Ժիպէյլի մայրուղիները` երկու ուղղութիւններով:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ Ժիէի եւ Նաամէի մայրուղիները, Սայտայի Էլիա եւ Մարժան հրապարակները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Պէյրութի փողոցները, Նահատակաց հրապարակը, Մոհամետ Ամին մզկիթի խաչմերուկը, Մարզական աւանը` երկու ուղղութիւններով, Քոռնիշ Մազրաան, Թարիք Ժտիտէն եւ Սելիմ Սլամը:
Շրջանէ շրջան քաղաքացիները փոխադրուեցան օգտագործելով ներքին փողոցները:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կը զօրակցի ժողովուրդին, անոր ցաւին ու պահանջներուն, եւ այդ ծիրին մէջ համախմբումը ամէն ջանք ի գործ դրած է կասեցնելու համար երկրին տնտեսական ու ելեւմտական անկումը, ինչպէս նաեւ մշակած է օրինագիծեր` վերադարձնելու համար իւրացուած եւ դուրս փոխանցուած գումարներն ու դատավարութեան ենթարկելու յանցագործները:
«Վերջին օրուան արարքները քաղաքական նպատակներ իրականացնելու համար ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը շահագործելու փորձեր էին: Արձակուած կարգախօսներն ու արտայայտուած կեցուածքները նման էին հանրապետութեան նախագահին, հանրապետութեան նախագահութեան եւ անոր ներկայացուցածին, ու անոր կողքին պայքարող համախմբումին դէմ յեղաշրջումի: Այս արարքները սերտուած են եւ կը միտին նախագահ Աունի բարեկարգչական ծրագիրը հարուածել, հաշուեքննութիւնը` յատկապէս իրաւական հաշուեքննութիւնը արգելակել, որպէսզի ճշմարտութիւնները չբացայայտուին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը զգուշացուց լիբանանցիները նիւթուած այս թակարդներուն վտանգներէն:
«Համախմբումը յանձնառու է երկրին կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ իր կարծիքը արտայայտելու ժողովուրդին իրաւունքին, սակայն միաժամանակ կը մերժէ, որ խուլիկաններու խմբակ մը պատճառ դառնայ միլիոնաւոր քաղաքացիներու երթեւեկի խոչընդոտումին: Կը զգուշացնենք երկրին ապահովական կայունութեան սպառնացող որեւէ քայլէ: Կը հաստատենք, որ հանրապետութեան նախագահը պաշտօնազրկելու որեւէ մտայղացում ցնորք է, եւ կը յորդորենք հրաժարիլ այդ միտքերէն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:



