Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Շնորհաւորութիւններ Եւ, Մարտահրաւէրները Ընդունելով, Փոփոխութեան Առաջնորդելու Արշաւ

March 9, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը 8 մարտի առիթով միացաւ #ChooseToChallenge համաշխարհային արշաւին եւ այդ առիթով ձեռնարկեց արշաւի մը կոչուած. «Մարտահրաւէրները կ’առաջնորդեն փոփոխութեան – կ’ընտրենք մարտահրաւէրը»:

Այս առիթով Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց օդաչու Ռուլա Հըթէյթի, որ քաղաքացիական օդանաւորդութեան մարզին մէջ գործող առաջին եւ միակ կին օդաչուն է:

Ազգային խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Հըթէյթի` անոր գործակցութեան առիթով:

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը այս արշաւին ընդմէջէն կը նպատակադրէ լուսարձակի տակ առնել լիբանանցիներու կիներուն նուաճումները եւ տարբեր մարզերու մէջ անոնց իւրայատկութիւնն ու հիմնական դերակատարութիւնը` հասարակութիւններու կազմաւորման, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իրաւունքի հաւասարութեան հաստատման առումով:

Միւս կողմէ, Կիներու միջազգային տօնին առիթով երէկ լիբանանցի քաղաքական եւ ապահովական պատասխանատուներ շնորհաւորեցին լիբանանցի կիները` հաստատելով անոնց դերակատարութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի կեանքին տարբեր մարզերու մէջ:

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն գործել` լիբանանցի կնոջ կողքին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ կնոջ իրաւունքները ամբողջութեամբ վաւերացնել, զանոնք հասցնելով իսկական հաւասարութեան:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի ի սրտէ ողջունեց լրագրող կիները, որոնք իրենց ասպարէզին ընդմէջէն կը պայքարին ի խնդիր իրենց ընտանիքներուն եւ հայրենիքին բարօրութեան:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ շնորհաւորեց լիբանանցի կին բժիշկներն ու հիւանդապահները, որոնք երկրին բժշկական անձնակազմին աւելի քան 40 առ հարիւրը կը կազմեն:

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ողջունեց Ընդհանուր ապահովութեան մէջ գործող իգական սեռի ներկայացուցիչները` բարձր գնահատելով անոնց ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին թէ՛ իրենց ասպարէզին եւ թէ՛ իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան ու ընտանիքներուն գուրգուրանքին ընդմէջէն:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը իր կարգին շնորհաւորեց կիները` հաստատելով, որ կինը գործակից է նաեւ հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ:

Ընտանեկան Բռնութենէն Տուժողներուն
Յատուկ Թէժ Գիծ` 1745

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կարգին շնորհաւորեց լիբանանցի կիները` հաստատելով, որ ան հասարակութեան հիմնասիւնն է եւ բոլոր ժամանակներուն ալ առաջատար դիրքերու վրայ կը գտնուի:

Նշենք, որ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը` Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան հետ գործակցաբար, կոչ ուղղեց ընտանեկան բռնութեան պատճառով տուժողներուն` մերժելու այդ երեւոյթը եւ պաշտպանութիւն խնդրելու` հեռաձայնելով Ներքին ապահովութեան ուժերուն հաստատած 1745 թէժ գիծին: Այս գիծին կրնան դիմել նաեւ ընտանեկան բռնութեան պարագայի մը վկայող դրացիները կամ տուեալ ընտանիքին հարազատներն ու ազգականները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պէյրութի Նահանգապետն Ու Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամները Կը Գուժեն Բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի Մահը

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.