Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . Ապահովական, Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Բնոյթի Նիստ. Ապահովական Կառոյցներէն Եւ Բանակէն Կը Պահանջուի Արգիլել Ճամբաներու Փակումը

March 9, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական, դատական, տնտեսական եւ ելեւմտական բնոյթի նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, մեծ թիւով նախարարներ եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Տիապի հետ:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին մէջ արձանագրուած շարժումները իրենց վտանգաւոր հետեւանքները պիտի ունենան քաղաքացիական եւ ազգային անվտանգութեան վրայ: «Այս իրականութիւնը կարիքը ունի անմիջական եւ արագ քայլերու` ելեւմտական, դատական եւ ապահովական, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել, թէ ո՛վ է լիբանանցիներուն օրուան ապրուստին հետ խաղացողները», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն պատասխանատու մարմիններէն ու վարչութիւններէն պահանջեց խստօրէն հետապնդել արձանագրուած խախտումները, յատկապէս` ամերիկեան տոլարի սակին բարձրացումին եւ սննդեղէնի սակերուն սղաճին վերաբերող:

Նախագահ Աուն ապահովական կառոյցներէն պահանջեց բացայայտել այն թաքուն ծրագիրները, որոնք կը միտին երկրին դէմ չարիքներ գործել` նկատել տալով, որ այս իմաստով կան տեղեկութիւններ, թէ արտաքին ուժեր կը ջանան լիբանանեան դրամանիշին արժէքը հարուածել:

«Եթէ քաղաքացիին իրաւունքն է իր կարծիքը արտայայտել` բողոքի ցոյցեր կատարելով, միւս կողմէ ճամբաներու փակումը այլ քաղաքացիի փոխադրութեան իրաւունքին դէմ ոտնձգութիւն է, յատկապէս երբ քաղաքացիները երկրի ամբողջական փակումէն երկար ժամանակ ետք պիտի ուղղուին իրենց աշխատանքներուն: Փողոցները արձանագրուածը շատ աւելին է, քան բողոքի արտայայտութիւն, անիկա ծրագրուած քանդումի արարք է, որուն նպատակն է երկրին ապահովական կայունութեան հարուած հասցնել: Այդ պատճառով ալ ապահովական ուժերն ու բանակը իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն եւ առանց վարանելու կը գործադրեն օրէնքները», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան զգուշացուց քաղաքացիները` հայրենիքին միասնականութիւնը խախտող, սադրանքներու նախապատրաստող եւ պետութեան խորհրդանիշը աղաւաղող կարգախօսեր բարձրացնելէ: «Ես իշխանութեան հասայ, որպէսզի իրականացնեմ լիբանանցիներուն պահանջած փոփոխութիւնը, որմէ պիտի չհրաժարիմ: Բարեկարգչական իմ ծրագիրս պիտի շարունակեմ` ինչ ալ ըլլայ բանեցուող ճնշումին տարողութիւնը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Հասսան Տիապ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը չափազանց վտանգաւոր է: Ան յայտնեց, որ կան կողմեր, որոնք, իրենց քմահաճոյքին համաձայն, ամերիկեան տոլարի սակով կը խաղան` հարց տալով, որ արդեօք կարելի՞ է արտօնել, որ անծանօթ հարթակներ տոլարին սակը անդադար փոփոխութեան ենթարկեն, իսկ պետութիւնը իր բոլոր կառոյցներով չկարենայ դիմադրել այդ հարթակներուն:

«Կան ուժեր, որոնք Լիբանանը կը մղեն պայթումի, այդ հարցին հանդէպ պէտք է վճռական վերաբերիլ եւ չարտօնել, որ երկրին ճակատագիրը այս կամ այն կողմին պատճառով ազդէ լիբանանցիին ապրուստին եւ վտանգի ենթարկէ ընկերային կայունութիւնն ու ազգային անվտանգութիւնը», ընդգծեց Տիապ:

Նիստին ընթացքին պահանջուեցաւ ճնշում բանեցնել ելեւմտական օրէնքները խախտողներուն ու լումայափոխներուն վրայ` ըլլան անոնք արտօնագիրով կամ ապօրինաբար գործող լումայափոխներ:

Ներկաները դատական իշխանութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներուն պարտականութիւն տուին փակելու այն հարթակները, որոնք կ’օգտագործուին ամերիկեան տոլարին սակը բարձրացնելու եւ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը խոցելու նպատակով:

Անոնք հաստատեցին, որ նախարարութիւններն ու ապահովական կառոյցները պէտք է սանձեն առեւտրական, առողջապահական եւ ճարտարարուեստի մարզերը` պատճառաբանելով օտար դրամանիշ օգտագործելը` քաղաքացիին տարրական կարիքները ապահովելու նպատակով:

Նիստին ներկաները արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարեցին դիւանագիտական աշխատանքները աշխուժացնել, որպէսզի օժանդակող երկիրները սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին համաձայն գտնուին:

Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին, որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի յատուկ ծրագիր մը մշակուի, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներէն եւ բանակէն պահանջեցին արգիլել ճամբաներու փակումը:

 

Նախորդը

Պէյրութի Նահանգապետն Ու Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամները Կը Գուժեն Բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի Մահը

Յաջորդը

Բողոքի Ցոյցերը Շարունակուելով Վերածուեցան «Բարկութեան Երկուշաբթի»-ի` Անդամալուծելով Երկիրը

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.