Newsletter

Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատը Միաձայնութեամբ Առաջարկած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Ներառել Օրակարգին Վրայ, Թուրքիան Զայրացած Է

Իտալիոյ Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Արցախի Մասին Փաստաթուղթով Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերադարձնելու Բոլոր Պատերազմական Գերիները

Իտալիոյ խորհրդարանի Երեսփոխաններու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը միաձայնութեամբ որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ փաստաթուղթը, որով կոչ կ՛ուղղուի` անյապաղ վերադարձնելու պատերազմի պատճառով պատերազմական գերի դարձած բոլոր անձերը: Բանաձեւը Երեսփոխաններու պալատին ներկայացուցած է յանձնախումբի նախագահ Փիեռօ Ֆասինօ: Բանաձեւի բնագիրին մէջ կը նշուի, որ անիկա կառավարութեան կը պարտաւորեցնէ կոչ ուղղել` ազատ արձակելու բոլոր պատերազմական գերիները, խրախուսելու կողմերը կառուցողական կերպով ձգտիլ նպաստելու տարածքներու ականազերծման`...

Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքը Կը Շարունակէ  Իր Գահավէժ Ընթացքը, Իսկ Բողոքի  Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքը Կը Շարունակէ Իր Գահավէժ Ընթացքը, Իսկ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Ամերիկեան տոլարի սակը կը գտնուի 11.000-ի սեմին, իսկ լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկումին, սղաճին, փտածութեան, տնտեսական տագնապին, անօթութեան ու աղքատութեան դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին: Տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով, հրկիզուող աղբամաններով եւ փայտեայ կազմածներով փորձեցին փակել ճամբաները: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակուած շրջաններն էին` Ապտէի հրապարակը, Ուատի Ժամուսը, Տահր էլ Այնը, Փալմայի մայրուղին, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Արամանը, Անֆէի մուտքին`...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Ամէնէն  Արագ Ժամանակամիջոցին  Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` զարմանք յայտնելով, որ տակաւին ոմանք հարց կու տան, թէ ժողովուրդը ինչո՞ւ ընդվզած է: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Ուեհպէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ...

Դամասկոսի Մէջ .  Մշարրաֆիէ Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Դամասկոսի Մէջ . Մշարրաֆիէ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Խալետ Ռահմունի, ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Սալուա Ապտալլայի, կենսոլորտի նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Ռամի Մարթինիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը: Մշարրաֆիէ Դամասկոսի մէջ յայտարարեց, որ քննարկած է լիբանանեան-սուրիական...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որեւէ Կառոյց, Եթէ Փորձէ  Կայացնել Հակապետական Որոշումներ,  Պիտի Ենթարկուի Քաղաքացիներու Ճնշումին»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Որեւէ Կառոյց, Եթէ Փորձէ Կայացնել Հակապետական Որոշումներ, Պիտի Ենթարկուի Քաղաքացիներու Ճնշումին»

Բաղրամեան պողոտան պէտք է թելադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական օրակարգը: Այս մասին երէկ` 5 մարտին, Բաղրամեան պողոտայէն, Դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: «Արդէն մէկ շաբաթէն աւելի է, որ մենք կը գտնուինք Բաղրամեան պողոտային վրայ: Այդ պողոտան հռչակած ենք պայքարի հարթակ: Ինչո՞ւ փակ կը պահենք այս պողոտան, որովհետեւ այս պողոտային վրայ կը գտնուին մեր երկրին...

Աննա Նաղդալեան. «Զանգեզուրը «Ազրպէյճանական  Պատմական Տարածք» Կոչելը Մարտահրաւէր Է  Միջազգային Իրաւունքին»

Աննա Նաղդալեան. «Զանգեզուրը «Ազրպէյճանական Պատմական Տարածք» Կոչելը Մարտահրաւէր Է Միջազգային Իրաւունքին»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան արձագանգեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ ան Զանգեզուրը կոչեց «ազրպէյճանական պատմական տարածք» ու յայտարարեց, թէ պիտի լուծէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, եւ թէ կեանքի կոչած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Ալիեւ ըսաւ, որ «երթեւեկի նոր միջանցքը պիտի անցնի Ազրպէյճանի պատմական տարածքով` Զանգեզուրով, եւ պիտի միացնէ Ազրպէյճանի հիմնական մասը երկրի անբաժան...

Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական  Կեդրոնը Կը Համագործակցի Միջազգային  Եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնին Հետ Ապահովելու Հայ Զինուորների Ազատ Արձակումը

Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Կեդրոնը Կը Համագործակցի Միջազգային Եւ Համեմատական Իրաւունքի Կեդրոնին Հետ Ապահովելու Հայ Զինուորների Ազատ Արձակումը

Ի հակազդումն Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ հայ քաղաքացիական անձերու անօրինական ձերբակալման, Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC) եւ Երեւանի մէջ գործող Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը (CICL) կը միաւորեն իրենց ուժերը` Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ գերութեան մէջ պահուող ռազմագերիներու ազատումը ապահովելու համար: Երկու կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերը, որ սկսան յունուար 2021-ին, նպատակ կը հետապնդեն պահանջներ ներկայացնել քաղաքացիական եւ...

«Ազգ, Բանակ, Յաղթանակ». Հանրահաւաք`  Բաղրամեան Պողոտային Վրայ

«Ազգ, Բանակ, Յաղթանակ». Հանրահաւաք` Բաղրամեան Պողոտային Վրայ

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը տեղեկացնէ, որ շաբաթ, 6 մարտին, ժամը 15:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը` «Ազգ, բանակ, յաղթանակ» կարգախօսով:  

Մինչ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումը     Կը Շարունակուի` Լիբանանցին Տիրող Կացութեան Դէմ  Իր Բողոքը Կ՛արտայայտէ Ճամբաները Փակելով

Մինչ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումը Կը Շարունակուի` Լիբանանցին Տիրող Կացութեան Դէմ Իր Բողոքը Կ՛արտայայտէ Ճամբաները Փակելով

Լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկում, սղաճ, աղքատութիւն, համաճարակ. երկիրը դէպի մութ փապուղի առաջնորդող բոլոր յատկանիշները, որոնք կրնան աւելի վտանգաւոր դառնալ, եթէ այդ փապուղին իսկապէս անելանելի ըլլայ, այլ խօսքով` կարելի չըլլայ երկրին տնտեսական տագնապին լուծումը բարեկարգումներով ապահովող կառավարութիւն մը կազմել: Ներկայ իրավիճակէն յոգնած ու զայրացած քաղաքացիները երէկ չորրորդ օրն ըլլալով շարունակեցին արտայայտել իրենց բողոքը` փակելով ճամբաներ եւ ստեղծելով երթեւեկի խճողումներ: Այս առումով,...

Լիբանանցի Ղեկավարներ Կ՛ողջունեն  Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք Այցելութիւնը

Լիբանանցի Ղեկավարներ Կ՛ողջունեն Ֆրանչիսկոս Պապի Իրաք Այցելութիւնը

Ֆրանչիսկոս պապի Իրաք կատարած այցելութեան առիթով, երէկ լիբանանցի ղեկավարներ արձանագրեցին ողջոյնի խօսքեր եւ կեցուածքներ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ողջունեց Ֆրանչիսկոս պապի Իրաք այցելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այդ այցելութիւնը կ՛ըլլայ իրաքցիներուն եւ շրջանի բնակիչներուն կարիքը ունեցած խաղաղութիւնը հաստատելու մղիչ ուժը: Նախագահ Աուն այս առիթով կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Բարի եկած էք Արեւելք, Ֆրանչիսկոս պապ: Այն հողը, որ միշտ ալ եղած...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Այնճար Եւ Զահլէ

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Այնճար Եւ Զահլէ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` ուրբաթ, 5 մարտ 2021-ին, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Այնճար, ուր ան դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, քաղաքապետութեան ու Այնճարի հեղինակութիւններուն կողմէ: «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդունուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան իրազեկ դարձաւ Այնճարի մէջ տիրող իրադարձութիւններէն եւ բարձր գնահատեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, քաղաքապետութեան,...

Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը  Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական  Ներկայութեան Համազօր Երեւոյթ Է»

Սեւան Տէիրմէնճեան. «Հայերէնախօսութիւնը Պոլսոյ Մէջ Քաղաքացիական Եւ Քաղաքական Ներկայութեան Համազօր Երեւոյթ Է»

«Ազդակ»-ի 25-րդ առցանց լսարանին դասախօսեց պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէիրմէնճեան` նիւթ ունենալով «պոլսահայ մշակութային կեանքը այսօր»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նախ անդրադարձաւ Պոլիս-Պէյրութ մշակութային կամուրջին, պոլսահայ գրողներու Պէյրութ կատարած այցելութիւններուն, Պէյրութի մէջ անոնց հայ մամուլի աշխատակցութիւններուն: Ապա ան ներկայացուց Պոլսոյ կրթական, եկեղեցական եւ ընդհանրապէս մշակութային կառոյցներն ու անոնց ծաւալած գործունէութիւնը` ընդհանուր գիծերու մէջ: Տէիրմէնճեան, կեդրոնանալէ...

Խմբագրական.  Որպէսզի Չէզոքութիւնն  Ու Միջազգայնացումը Չհակասեն Զիրար

Խմբագրական. Որպէսզի Չէզոքութիւնն Ու Միջազգայնացումը Չհակասեն Զիրար

Լիբանանեան դրամանիշի գահավէժ անկումը փողոց վերադարձուց բողոքող քաղաքացիները: Բողոքի գործողութիւնները սակայն, հիմնականին մէջ ճանապարհ փակելով եւ քաղաքացիներու տեղաշարժը արգելակելով, որեւէ հանգուցալուծման չեն առաջնորդեր: Միաժամանակ, կ՛ակնկալուի, որ բողոքի գործողութիւնները թափ հաւաքեն, սանձազերծ ընթացքին առընթեր: Լուծումը` տեսանելի չէ, որովհետեւ խնդիրը առ երեւոյթ ֆինանսական է` տնտեսական համընդհանուր տագնապի պարզապէս հետեւանք, որ համավարակին հետ կապուած չէ իր ընդհանուր տարողութեամբ: Հակառակ դեսպաններու մագոգային հանդիպումներուն, նախապայմանային...

Վազգէն Մանուկեան. «Եթէ Զիս Կալանաւորեն,  Շարժումը Պիտի Շարունակուի,  Ատիկա Ժողովուրդին Ցանկութիւնն Է»

Վազգէն Մանուկեան. «Եթէ Զիս Կալանաւորեն, Շարժումը Պիտի Շարունակուի, Ատիկա Ժողովուրդին Ցանկութիւնն Է»

Հայաստանի քննչական կոմիտէի յատկապէս Կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ 12 եւ 20 փետրուար 2021-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքներուն ընթացքին Վազգէն Մանուկեանի կողմէ` իշխանութիւնը զաւթելու, սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու, բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր կատարելու առերեւոյթ դէպքերուն առիթով քննուող քրէական գործով, օրէնքով սահմանուած կարգով, Վազգէն Մանուկեան 4 մարտին Քննչական կոմիտէին կողմէ հարցաքննուեցաւ: Որոշուեցաւ, որ իբրեւ խափանման միջոց ստորագրութիւն առնուի...

Տիրան Խաչատրեան Իր Պաշտօնանկութեան  Վաւերականութեան Գծով Դիմեց Դատարան

Տիրան Խաչատրեան Իր Պաշտօնանկութեան Վաւերականութեան Գծով Դիմեց Դատարան

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի նախկին առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեան դիմեց վարչական դատարան` Հայաստանի նախագահի 24 փետրուար 2021-ի հրամանագիրը անվաւեր ճանչնալու պահանջով: Այս մասին «Արմէնփրես» տեղեկացաւ «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգէն: Հայցը ներկայացուած է 3 մարտին եւ ուղղուած է դատաւոր Մերի Համբարձումեանին:  

Քոչարեան. «Ղարաբաղի Մէջ Անարդար  Խաղաղութիւնը Կրնայ Յանգեցնել  Նոր Պատերազմի»

Քոչարեան. «Ղարաբաղի Մէջ Անարդար Խաղաղութիւնը Կրնայ Յանգեցնել Նոր Պատերազմի»

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ` 4 մարտին ռուսական լրատուամիջոցներու համար մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի ձեւաչափի վերանայման հարցի կարելիութիւնը չի քննարկեր: Քոչարեան պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք չի՞ պատրաստուիր առաջնորդելու այդ շարժումը, նշած է, որ ինք իսկապէս աջակցած է շարժումին, եւ այդ շարժումը յաջողած է իր շուրջ համախմբել հասարակութեան զգալի մասը: Քոչարեանի համաձայն,...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Դատապարտէ  Ազրպէյճանի Կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ  Եկեղեցւոյ Ռմբակոծումը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Ռմբակոծումը

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լուքաս Ֆուրլասի (Կիպրոս, ԵԺԿ) կողմէ Եւրոպական յանձնաժողովին ուղղուած հրատապ հարցադրման ի պատասխան` Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել Եւրոպական յանձնաժողովի անունով դատապարտած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) մայր տաճարի ռմբակոծումը: Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆուրլասի կողմէ ուղղուած հրատապ հարցումին մէջ կը նշուէր, որ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը, խախտելով պատերազմի միջազգային օրէնքները, 8 հոկտեմբեր...

Պըրպանքի Քաղաքային Խորհուրդը  Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Պըրպանքի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Պըրպանք քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ ճանչցաւ Արցախը իբրեւ անկախ հանրապետութիւն եւ նոյն ատեն ջնջեց Պըրպանք-Հատրութ քաղաքներու բարեկամութեան կարգավիճակը` նկատի ունենալով, որ վերջինս բռնագրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ: Ամերիկեան քաղաքի հայ համայնքը սեպտեմբեր 2020-ին վերսկսած պատերազմէն ետք ամիսներ շարունակ աշխատանք տարած է Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ: «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պըրպանքի քաղաքային խորհուրդին եւ Պըրպանքի բնակիչներուն` ինքնորոշման եւ ազատութեան համար...

Երրորդ Օրն Ըլլալով Լիբանանցիները  Կը Շարունակեն Փակել Ճամբաները

Երրորդ Օրն Ըլլալով Լիբանանցիները Կը Շարունակեն Փակել Ճամբաները

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ արգելակուած եւ հանրապետութեան նախագահին ու նշանակուած վարչապետին միջեւ սառած վիճակը կը յամենայ, երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապները աւելի եւս կը վատթարանան: Այս բոլորին դիմաց իր տարրական կարիքները հոգալու համար պայքարող լիբանանցին կը շարունակէ բողոքել` պահանջելով իր իրաւունքները... Երրորդ օրն ըլլալով երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին երիտասարդ ցուցարարներ փակեցին մայրուղիներ, փողոցներ, հրապարակներ` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր...

Հարիրի. «Պահանջուածը Անկուսակցական  Նախարարներով Կազմուած Կառավարութիւն Է»

Հարիրիի Տեղեկատուական Գրասենեակ. «Նշանակուած Վարչապետը Սէուտական Արաբիոյ Կամ Այլ Երկրի Հաւանութեան Չի Սպասեր Կառավարութիւնը Կազմելու Համար, Այլ` Նախագահ Աունի»

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ կէսօրէ առաջ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Ախպար» օրաթերթը երէկուան իր թիւով հրապարակած է հետեւեալ լուրը. «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ զօր. Ապպաս Իպրահիմին յայտնած է, թէ 18 նախարար հաշուող կառավարութեան մէջ ինք պիտի բաւարարուի հինգ նախարարներ անուանելով, առաւել ՀՅ Դաշնակցութեան նախարարը, ինչպէս նաեւ շեշտած է,...

Page 42 of 256 1 … 41 42 43 … 256