Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշարրաֆիէ. «Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովելու Նպատակով Սուրիական Կողմը Բազմաթիւ Դիւրութիւններ Կ՛ընծայէ»

March 10, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերային հարցերու ու զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ նախանցեալ օր վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Դամասկոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումները, որոնց առանցքը կը կազմէր սուրիացի տեղահանուածները ապահով կերպով Սուրիա վերադարձնելու թղթածրարը:

Մշարրաֆիէ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Խալետ Ռահմունի հետ:

Քննարկումներուն ընթացքին Ռահմուն ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով սուրիական կողմը պատրաստ է բազմաթիւ դիւրութիւններ ընծայելու, սկսեալ քաղաքացիները սահմաններուն վրայ դիմաւորելէն, հասնելով մինչեւ անոնց բնակարաններ տրամադրելը, փաստաթուղթերու օժանդակութիւն հայթայթելը, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ արձակուած պատիժներու վճիռները ջնջելը:

Մշարրաֆիէ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ` ներկայութեամբ փոխնախարար Պաշշար Ժաաֆարիի եւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի:

Հանդիպումին ընթացքին Մըքտատ յայտնեց, որ Սուրիա կ՛ողջունէ տունդարձ կատարել փափաքող իր բոլոր քաղաքացիները եւ պատրաստակամ է անոնց ընծայելու հսկայական դիւրութիւններ:

Ան աւելցուց, որ ինք բարեկամ եւ դաշնակից երկիրներու հետ պիտի գործակցի` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով զօրակցութիւն ապահովելու:

Մշարրաֆիէ այցելեց Սուրիոյ կենսոլորտի նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի:

Ան նշեց, որ հանդիպումին նպատակն է լիբանանեան կողմին հետ շարունակել աշխատանքները, որպէսզի տեղահանուած քաղաքացիները ապահով կերպով վերադառնան Սուրիա:

Մախլուֆ նկատել տուաւ նաեւ, որ քննարկուած են տեղահանուածներուն փոխադրամիջոցներ, կորսուած փաստաթուղթերու բնօրինակներ, ինչպէս նաեւ յարմար բնակարաններ ապահովելու կարելիութիւնները:

Մշարրաֆիէ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Սալուա Ապտալլայի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Ռամի Մարթինիի հետ:

Մշարրաֆիէ ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի արեւմտեան հասարակութիւնը համոզելու, որպէսզի անոնք օժանդակեն եւ զօրակցին սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ամբողջական գործակցութիւն եւ համադրում կայ տեղահանուած սուրիացիները ապահով կերպով Սուրիա փոխադրելու եւ անոնց ապահով վայրերու մէջ բնակութիւն երաշխաւորելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց Բարեկարգումներու Գործադրութեան Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.